Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի Շէնքին Նուիրահաւաքէն՝ Ցարդ Գոյացաւ 683 Հազար Տոլար


«Հորիզոն»,- Մայիս 16-ին տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոն (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) բարեսիրական կազմակերպութեան առցանց նուիրահաւաքը, որուն ընթացքին կայացաւ Օթթաուայի մէջ ՄՀՀԱԿ-ի գնած նոր կալուածին եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներուն համար առցանց հանգանակութեան մեկնարկը։

ՄՀՀԱԿ այս առիթով յայտարարած էր, որ նոր կալուած-շէնքի մէկ բաժնին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCC) նոր գրասենեակը:

Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ ՄՀՀԱԿ-ի Օթթաուայի շէնքի գնման համար ցարդ հանգանակուած գումարը հասաւ 683 հազար գանատական տոլարի։

Առցանց միջոցառումին ընթացքին, յատուկ պատգամներ փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Րաֆֆի Տօնապետեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի փոխ ատենապետ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Հրակ Տարագճեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝  Շահէն Միրաքեան, ինչպէս նաեւ յատուկ զօրակցական ուղերձ փոխանցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Արամ Համբարեանը։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի տարածքին գործող ամենէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր։

2006-ի Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուած էր Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: 15 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական ազդեցիկ կեդրոն:

Իր նոր կեդրոնատեղիէն Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր հայրենատիրական առաքելութիւնը պաշտպանելով Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները՝ գանատական քաղաքական բեմին վրայ։

Նուիրահաւաքը կը շարունակուի։

Առցանց միջոցառման մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։