Կազդուրման Արձակուրդ


Պտոյտին մասնակցած ՀՕՄուհիներ Քուպայի մէջ:

Ար­շօ Զա­քա­րեան


Այս տա­րո­ւայ դա­ժան ու­ խիստ ձ­մե­ռէն ետք եւ մա­նա­ւանդ բազ­մա­թիւ ու բազ­մա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու ա­ւար­տին, բո­լորս կ­՛ե­րա­զէինք այ­ցե­լել տա­քուկ ա­րե­ւով հանգս­տեան վայր մը։ Մեր փա­փա­քը ի­րա­կա­նա­ցուց ՀՕ­Մի Ռու­բի­նա մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը, նշա­նա­կե­լով յանձ­նա­խումբ մը, որ  կազ­մա­կեր­պեց պտոյ­տը։ Ընտ­րո­ւած վայ­րը՝ Քիւ­պա­յի Քա­յօ Կիէր­մօ ծո­վափն էր, իսկ պ­տոյ­տի­ տե­ւո­ղու­թիւ­նը՝ Ապ­րիլ 1-էն 8։ Նախ­քան մեր­ մեկ­նու­մը կը տե­ղե­կա­նանք բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, ծա­նօ­թա­նա­լով նաեւ մեր սե­նե­կա­կից­նե­րուն։ Կը ստա­նանք յա­տուկ պա­յու­սակ մը ՀՕՄ-ի նշա­նով, ո­րուն­ մէջ կան ճամ­բոր­դա­կան կա­րե­ւոր գի­տե­լիք­ներ եւ պի­տոյք­ներ։

35 ՀՕ­Մու­հի­նե­րով եւ հա­մա­կիր­նե­րով կ­՛ուղ­ղո­ւինք օ­դա­կա­յան՝ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ։ Մէկ շաբ­թո­ւայ ըն­թաց­քին հա­յե­րէն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, եր­գեր­նու պա­րե­րը չեն դադ­րիր։ Ան­շուշտ ազ­գա­յին բո­լոր հար­ցե­րուն ալ լու­ծում­ներ կը գտնենք­…եւ­ մեր­ մօ­տա­լուտ­ ձեռ­նարկ­նե­րու ծ­րա­գիր­նե­րը կ՛ամ­բող­ջաց­նենք, գո­նէ­ բե­րա­նա­ցի…

Վե­րա­դար­ձին, Քիւ­պա­յի օ­դա­կա­յա­նը, մեր ճար­պիկ ե­րի­տա­սարդ ըն­կե­րու­հի­նե­րը բարձ­րա­խօ­սէն կը յա­ջո­ղին Թա­թա­յի խան­դա­վառ  ՙԱ­նա­պա­տի Ա­րեւ՚ եր­գը սփ­ռել, ո­րուն կը միա­նայ մեր աշ­խոյժ շուրջ­պա­րը։ Օ­դա­կա­յա­նի պա­հակ­նե­րը, մոռ­ցած ստու­գե­լու եւ հսկե­լ ո­ւի­րենց կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, զար­մա­ցած եւ տպա­ւո­րո­ւած կը դի­տեն մեզ…։

Ամ­բող­ջո­վին կազ­դու­րո­ւած կը վե­րա­դառ­նանք Թո­րոն­թօ, շա­րու­նա­կե­լու մեր սո­վո­րա­կան ա­ռօ­րեան։ Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­ք ու­նինք կազ­մա­կեր­պող յանձ­նա­խում­բին, մա­նա­ւանդ՝ ըն­կե­րու­հի Լե­նա Յով­հան­նէ­սեա­նին։