Քայլերթէն պատկեր մը
«Գանձասար»,- Ապրիլ 22-ին, հալէպահայութիւնը Ջահերու երթով յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը։
Կազմակերպութեան Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան (ՍԵՄ)՝ մասնակիցները ջահերթով քալեցին Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տունէն դէպի Ազգ. գերեզմանատուն։
Քայլեթին մասնակցեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, Աւետարանական համայնքի համայնքապետը, քահանայ հայրեր, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, միութենական, բարեսիրական, մարզական եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ ու հարիւրաւոր երիտասարդներ։
Երթը Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ դրօշներով առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի փողերախումբը։ Յաջորդաբար տողանցեցին սկաուտները, ՍԵՄ-ի, ՔՈՄ-ի երտասարդները, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ու Համազգայինի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամները, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օրուան կարգախօսը պարզող եւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներով ու ցուցատախտակներով:
Հալէպի փողոցները պահանջատիրութեան կանչերով թնդացին։ Շրջանի բնակիչները իրենց պատշգամներէն մոմեր բռնած կը զօրակցէին տողանցողներուն։
Գերզմանատան սեմին տեղադրուած էին 1915֊ին նահատակուած մտաւորականերու պատկերները։ Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը միացնելով իրենց ջահերը վառեցին յուշաքարին մօտ գտնուող ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը։
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր նահատակներուն:
Ապա ընթացք առաւ գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր մը․ մեներգ, ասմունք եւ խմբերգ։
ՍԵՄ-ի Կենդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց Թինա Գասպարեան՝ շեշտելով, որ «Մեր սուգը յաւերժ չի կրնար ըլլալ, որովհետև կայ անդուլ պայքար»։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Այս ջահերթը կը վկայէ, որ հալէպահայութիւնը հաստատակամ է իր պայքարին մէջ։ Ժողովուրդ մը, որ ապրեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ապրեցաւ պատերազմ նոյն թշնամիին կողմէ հրահրուած, սակայն կանգուն մնաց․․․ Մեր փափաքն է, որ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը միասնութեամբ այս ջահին նման մնան լուսաւոր ու վառ։ Այս օրերը ուխտի օրեր են մեզի համար։ Ուխտենք հաւաքական մեր աշխատանքով, պայքարով կեանքի կոչել մեր սրբադասուած նահատակներուն պատգամը»։
Յայտագիրը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ջահերթէն պատկերներ












