11 Տարի Ետք Առաջին Անգամ Ս․ Պատարագ Մատուցուեցաւ Տէր Զօրի Քանդուած Յուշահամալիրին Մէջ


Պատարագ՝ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակած Յուշահամալիրի սրահէն ներս

«Գանձասար»,- Ապրիլ 21-ին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Մասիս Եպս․ Զօպուեանի՝ Հալէպի, Ճեզրիէի, Քեսապի հոգեւոր առաջներոդներն եւ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէն ժամանած ազգային պատուիրակութիւն մը այցելեցին Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիր, որ հիմնովին քանդուած էր 21 Սեպտեմբեր 2014-ին, թրքական հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքով։

Այցելութեան նպատակն էր վերահաստատել հայութեան ուխտը եւ պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբ ժողովուրդին վերականգնումի աշխատանքներուն սատարել։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն ու ազգային պատուիրակութիւնը Տէր Զօրի մէջ դիմաւորուեցան պետական եւ սուրիական ապահովական ուժերուն կողմէ։ Անոնք նախ այցելեցին Տէր Զօրի նահանգապետարան եւ հանդիպեցան նահանգապետին եւ Պաաս կուսակցութեան Տէր Զօրի քարտուղարին հետ։

Նահանգապետ Ֆատէլ Նաճար նշեց, որ «այնպէս ինչպէս հայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք վերականգնեցաւ, նոյնպէս ալ պիտի վերականգնին Սուրիան ու իր ժողովուրդը ու պիտի վերածաղկեցնեն մեր երկիրն ու հայ-սուրիական եղբայրութեան խորհրդանիշ Տէր Զօրը»։

Նահանգապետը մատնանշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ իրագործած Թուրքիան նոյն ոճրային տրամաբանութեամբ փորձեց Սուրիան քարուքանդ ընել ու անոր ձեռամբ քանդուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը Տէր Զօրի մէջ․․․։ «Մեր միասնական աշխատանքով պիտի վերականգնենք Տէր Զօրը եւ շարունակենք մեր գոյութիւնը՝ ի հեճուկս մեր թշնամիներուն»։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Մասիս Եպս․ Զօպուեան շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ շեշտեց, որ հայութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի պիտի վերակառուցէ Սուրիան ու պիտի շարունակէ պայքարիլ իր իրաւունքներուն համար։ Երկու կողմերը յուշանուէրներ փոխանակեցին իրարու։

Ապա ուխտաւորները ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Ս․ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Լեւոն Եղիայեանի։ Պատարագին ներկայ եղան նաեւ պետական ներկայացուցիչներ։

Պատարագէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․ առցանց պատգամ մը յղեց ուխտաւորներուն ըսելով, որ Տէր Զօրը հայութեան հաւաքական յիշողութենէն չեն կրնար սրբել, ինչպէս ասկէ աւելի քան հարիւր տարի առաջ,  վերջերս այս վայրը դարձեալ ենթարկուեցաւ նոյն ցեղասպանին ոճրագործ արարքին։

«Եկէ՛ք Տէր Զօր, սիրելի՛ հայորդիներ, տեսնելու համար, որ դարձեալ թուրքն է անցած մէկուկէս միլիոն մեր սրբացեալ նահատակներու արիւնով շաղախուած այս սրբավայրէն եւ հոն ձգած սարսափ ու մահ, աւեր ու չարիք։ Բայց մենք դարձեալ, Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին ու պետութեան զօրակցութեամբ եւ համազգային ճիգով պիտի վերաշինենք Տէր Զօրը, Հայոց համազգային ուխտատեղին, ազգային պահանջատիրական պայքարին հիմքը, նոր սերունդներու ներշնչման աղբիւրը, մեր ազգի յաղթանակի ճանապարհը»։

Այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առցանց իր ուղերձով հաստատեց, որ այսօր դարձեալ թրքական ու ատրպէյճանական աքցանի մէջ առնուած է մեր հայրենիքը, վտանգուած են Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները. մարտահրաւէրները բազմաթիւ են եւ ճնշող. սակայն վհատողը չենք. ընդհակառակն՝ թող համայն աշխարհն իմանայ, որ Տէր Զօրէն վերապրողներու մնացորդացի պողպատեայ վճռակամութեամբ վերազինած ենք մեր պայքարի հաւաքական կամքը․․․»:

Այս առիթով խօսք առաւ Տէր Զօրի նահանգապետը, որ ողջունեց հայ ժողովուրդը եւ յորդորեց բոլոր տէրզօրաբնակ հայերուն վերադառնալ եւ մասնակցիլ իրենց հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ տան վերակառուցման աշխատանքներուն։

Այս առիթով իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Տէր Զօրի աշիրապետ Ապտ ալ-Քերիմ Տանտալ՝ շեշտելով, որ «հայերուն հետ մենք արեան եւ հողի եղբայրներ ենք, ուստի կը շեշտենք, որ դաւադիր ուժեր պիտի չկարենան Սուրիոյ ժողովուրդին միասնութիւնը քայքայել»։

Նշենք, որ Պատարագին ներկայ էին հայկական եւ տեղական լրատուամիջոցներ։

Տէր Զօրի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական այցելութենէն եւ Սրբոց Նահատակած համալիրէն ներս կազմակերպուած պատարագէն նկարներ