Արցախի Շոշ գիւղի դպրոցը
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մասնաճիւղի ֆինանսաւորմամբ 2004–ին կառուցուած Արցախի Ասկերանի շրջանի Շոշ գիւղի դպրոցը կը վերաբացուի։
Արցախի սրտին մէջ գտնուող Շոշ գիւղը, պատերազմի հետևանքով այժմ յայտնուած է սահմանամերձ գօտիին մէջ:
Բնակիչներուն մեծ մասը զինադադարէն ետք գիւղ վերադարձած են, իսկ դպրոցը, դռներու, տանիքի, պատուհաններու և այլ որոշ վերանորոգութիւններէ ետք, մէկ շաբաթ առաջ բացաւ իր դռները աշակերտներու առջեւ:
Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ դպրոցին 75 աշակերտներէն 65-ը արդէն կը յաճախեն դպրոց: