Յուլիս 29ի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միքա» մարզական համալիրին վրայ կատարուած պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի աւարտական մրցումներով իրենց աւարտին հասան համաՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերը: Աւարտական մրցումները կանխեցին 3րդ եւ 4րդ դիրքերու ճշդումի մրցումները:
Ախոյեաններու յստակացումէն ետք, մարզական համալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը` մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններուն տողանցքով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկի ընտրութեամբ: Հանդիսութեան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով Իշխան Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերու յաջողութեան մեծապէս նպաստած հայրենի իշխանութիւններուն, հիւրընկալ շրջանի` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան, մարզախաղերու նախագահ Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններուն եւ բոլոր բարերարներուն ու բարեկամներուն: Ան ըսաւ, որ համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու իրագործումով ՀՄԸՄ դէպի իր հիմնադրութեան 100ամեակ կ’ուղղուի աւելի քան երբեք խանդավառ ու հաստատ կամքով` միշտ հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին` «Բարձրացիր-բարձրացուր»ին:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ողջունեց աշխարհի 21 երկիրներէն հայրենիքի մէջ համախմբուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկներն ու մարզիկուհիները` յուսալով, որ անոնք իրենց երկիրները կը վերադառնան միութենական անմոռանալի յուշերով եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով: Այս առիթով Յակոբեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 80 հոգինոց կամաւորներու խումբը, որ անցնող 10 օրերուն կազմակերպչական մեղուաջան աշխատանք կատարեց` մարզախաղերու յաջողութեան իրականացման համար:
Փակման հանդիսութեան առաջին անգամ ըլլալով հնչեց ՀՄԸՄի 100ամեակի քայլերգը (խօսք` Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն` Վահրամ Էմմիեանի, կատարողութիւն` Գառնիկ Սարգիսեանի):