ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի նախագահի յանձնարարութեամբ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Յունիս 7ին Սուրիա առաքած է հակամարտութենէն տուժած բնակիչներու համար նախատեսուած մարդասիրական օգնութեան յաջորդական խմբաքանակը:
Անիկա կը ներառէ մօտ 18 թոն առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ` հիմնականօրէն սննդամթերք:
Մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիա ուղարկուած է Ռուսիոյ ռազմաօդային ուժերու Իլ76 օդանաւով: Արկղներուն վրայ մակագրուած է. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:
Մարդասիրական օգնութեան ուղեկցելու եւ տեղւոյն վրայ բաշխումը կազմակերպելու նպատակով Սուրիա մեկնած են Հայաստանի պաշտպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու ներկայացուցիչները: