Հայաստանը Նոր Նախագահ Ունի


Մարտ 3-ին Ազգային Ժողովի նիստի ընթացքին Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեան երկրորդ փուլով ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ: Անոր  թեկնածութեան կողմ քուէարկեց 71 պատգամաւոր: Ընդդիմութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:

Նշենք, որ Ազգային ժողովը Մարտ 2-ի նիստին Խաչատրեանը չընտրեց Հանրապետութեան նախագահ: 107 պատգամաւորէն քուէարկութեան մասնակցած էր 69-ը, բոլորն ալ կողմ քուէարկած էին: Սակայն, նախագահի ընտրութեան առաջին փուլին թեկնածուին անհրաժեշտ էր պատգամաւորներու ձայներուն երեք քառորդը: Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունիմ» խմբակցութիւնները չմասնակցեցան քուէարկութեան:

Ըստ Սահմանադրութեան` եթէ առաջին փուլով Հանրապետութեան նախագահ չընտրուի, ապա տեղի կ’ունենայ ընտրութեան երկրորդ փուլ, որուն կրնան մասնակցիլ առաջին փուլին մասնակցած բոլոր թեկնածուները: Հանրապետութեան նախագահ կ’ընտրուի այն թեկնածուն, որ ստացած է պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներուն առնուազն երեք հինգերորդը:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 23-ին նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց իր հրաժարականի մասին: «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը ՀՀ նախագահի թեկնածու առաջադրեց Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատուրեանը: Ընդդիմութիւնը թեկնածու չառաջադրեց: