Հայաստանի Քաղաքներու Ամանորեայ Չկատարուող Ծախսերը


Լուսինէ Վարդանեան

Գէորգ Թոսունեան

 

Տասնամեակներու ընթացքին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ առաջին անգամ պիտի չվառին ամանորեայ տօնածառին լոյսերը։ Պատճառը պատերազմն է։ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք տարբեր համայնքներ որոշած են ամանորեայ տօնակատարութեան համար նախատեսուած գումարները չծախսել։ 

Սիվիլնեթ գրաւոր հարցում ուղարկած է կառավարութեան եւ խոշոր համայնքներուն։ Այս պահուն ութ հարցումի պատասխան ստացած ենք, իսկ գործադիրէն յայտնած են, որ երեսնօրեայ ժամկէտի մէջ պիտի պատասխանեն։

Երեւան

Երեւանի քաղաքապետարանը մայրաքաղաքի ամանորեայ միջոցառումներուն համար ամենաշատ գումար ծախսող համայնքն է։ 2017-ին այդ նպատակով համայնքային ամավարկէն տրամադրուած է 192 միլիոն դրամ, 2018-ին՝ 222 միլիոն, իսկ 2019-ին՝ 271 միլիոն, որուն աւելցուցած էին նաև 54 միլիոն համայնքային ամավարկէն։

 

2020-ին համայնքային պիւտճէով ամանորեայ տօնակատարութիւններու, քաղաքի արտաքին ձեւաւորման և տօնական այլ միջոցառումներու իրականացման համար նախատեսուած է ընդհանուր 286,4 միլիոն դրամ, որմէ 190 միլիոնը քաղաքապետարանի, 96,4 միլիոնը՝ վարչական շրջաններու համար։ Այս տարի, սակայն, գումարը այդ նպատակին պիտի չծառայէ։ 

 

Երեւանի աւագանին Նոյեմբեր 24-ին որոշած է 100 միլիոն դրամ ուղղել Ստեփանակերտի վերականգնման աշխատանքներու իրականացման համար։ Քաղաքապետարանէն տեղեկացուցած են, որ ամանորեայ տօնակատարութիւններու համար համայնքային ամավարկէն նախատեսուած գումարէն Արցախին այլ միջոցներու յատկացման հնարաւորութիւնը պիտի որոշէ Երեւանի աւագանին։

Այս տարի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ  չենք տեսներ ամանորեայ տօնածառը։ Երեւանի քաղաքապետարանը որոշում առած է, որ մայրաքաղաքին մէջ ամանորեայ զարդարանքներ նոյնպէս պիտի չըլլան։

Վանաձոր

Ամանորեայ ծախսերուն համար Վանաձորի համայնքապետարանը նախատեսած էր 7,4 միլիոն դրամ։ Քաղաքի գլխաւոր տօնածառը, հրապարակը և փողոցները պիտի չզարդարուին, հիւրասիրութիւն պիտի չըլլայ։

Նախատեսուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի չծախսուի, քանի որ միջոցառումներու մեծ մասը չեղեալ յայտարարուած է։

Քաղաքապետարանէն յայտնեցին, որ ամանորեայ ծախսերու տնտեսուած մասի օգտագործման նպատակներու գումարի չափի և շահառուներու շրջանակի վերաբերեալ որոշում կը կայացնէ համայնքի աւագանին՝ համայնքի ղեկավարի համաձայնութեամբ։

Կապան

Կապանի համայնքապետարանէն յայտնեցին, որ ամանորեայ միջոցառումներու համար ծրագրած գումարը պիտի ուղղէ միմիայն համայնքի սահմանամերձ գիւղերու, առաջնագիծի և սահմանապահներու կարիքները ապահովելու համար։ Որքան կը կազմէին այդ ծախսերը, այդ մասին քաղաքապետարանը տուեալ չէ ներկայացուցած։

Էջմիածին

Էջմիածինի համայնքապետարանը եւս ամանորեայ միջոցառումներ, հիւրասիրութիւն պիտի չկազմակերպէ, ինչպէս նաեւ տօնածառ և այլ զարդարանք պիտի չառնէ։

Քաղաքապետարանէն ՍիվիլՆեթի գրաւոր հարցումին պատասխանեցին, որ նախատեսուած գումարը ուղղուած է զոհուածներու թաղման ծառայութիւններու կազմակերպման, առաջնագիծին վրայ խրամատներ փորելու գործիքներ ձեռք բերելուն, արցախցի ընտանիքներուն սննդամթերք և կենցաղային պարագաներու տրամադրման։ Ի դէպ, զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն յուղարկաւորութեան նպաստ կը յատկացնէ աշխատանքի և սոցիալական հարցերու նախարարութիւնը՝ 700 000 դրամի չափով։

Ամանորը քաղաքային իշխանութիւնները կը նախատեսեն դիմաւորել համայնքապետարանի դիմացի պուրակին մէջ, ուր հիմնուած են յիշատակի արահետներ։ Այստեղ պիտի տեղադրուին զոհերուն նուիրուած անհատական յուշակոթողներ։ Համայնքապետարանէն կը նշեն, որ յստակ թիւ չեն կրնար նշել, քանի որ յայտնաբերուած զոհերուն թիւը կրնայ փոփոխուիլ։ Դեկտեմբեր 15-ի դրութեամբ նշուած կարիքներուն համար համայնքապետարանը ծախսած է շուրջ 13 միլիոն դրամ։

Գաւառ

Ամանորեայ տօնակատարութիւններու համար Գաւառ համայնքի ամավարկով նախատեսուած է 5 միլիոն դրամ, զարդարանքներու, տօնածառի և ամանորեայ բացիկներու համար՝ 3,4 միլիոն դրամ։ 5 միլիոն դրամը կը ներառէ նաեւ մանկապարտէզներու երեխաներու նուէրներու գումարը, որ կը կազմէ 700 000 դրամ։ Հիւրասիրութեան համար նախատեսուած է 980 000 դրամ։ Գաւառի համայնքապետարանէն տեղեկացուցին, որ այդ գումարը պիտի չծախսուի:

Հրազդան

Հրազդան համայնքի ամավարկով տօնակատարութիւններու համար այս տարի նախատեսուած էր 8,9 միլիոն դրամ, իսկ զարդարանքի և տօնածառի համար՝ 1,95 միլիոն դրամ։ Հիւրասիրութեան համար գումար չէր նախատեսուած։

Հրազդանի համայնքապետարանէն ՍիվիլՆեթին  յայտնեցին, որ այս գումարները այլ նպատակով պիտի չծախսուին, սակայն տօնական միջոցառումներ պիտի չըլլան, ամանորեայ զարդարանք ևս պիտի չըլլայ։

Նշեցին նաև, որ պատերազմին զոհուածներու ընտանիքին աջակցութիւն տրուած է՝ իւրաքանչիւրին 300 000 դրամ։ Տարեվերջին կը նախատեսուի կրկին աջակցութիւն տրամադրել զոհուածներու ընտանիքիներուն և վիրաւորներուն։

Աբովեան

Աբովեանի քաղաքապետ Վահագն Գէորգեան յայտնեց, որ համայնքի ամավարկով հաստատուած մշակութային միջոցառումներու ամբողջ գումարը պիտի ուղղուի քաղաքին մէջ «քորոնա»ով հիւանդներուն սնունդ և մաքրութեան պարագաներ տրամադրելու, վարակի տարածումը կանխարգիլող միջոցառումներու համար։ Բացի այդ, նշուած գումարը, ըստ քաղաքապետին, ծախսուած է նաև պատերազմին զոհուածներու յուղակաւորութեան հետ կապուած բոլոր ծախսերը հոգալու համար

Իջեւան

Իջևանի մէջ ամանորեայ զարդարանքի, տօնածառի եւ հիւրասիրութեան համար գումար չէ նախատեսուած։ 2 միլիոն դրամ պիտի տրամադրուի զոհուած զինծառայողներու ընտանիքիներուն և Հայրենական պատերազմի վեթերաններուն։

Կը նախատեսուի շուրջ 1 միլիոն դրամ գումարով ձեռք բերել ամանորեայ նուէրներ երեխաներու համար։

Եղեգնաձոր

Եղեգնաձորի համայնքապետարանը միջոցառումներու համար նախատեսած է 2,8 միլիոն դրամ, զարդարանքի և հիւրասիրութեան համար գումար չէ նախատեսուած։

Այսպիսով՝ բոլոր համայնքները ամանորեայ ձեռնարկներուն համար նախատեսուած ծախսերը չեղարկած են։ Անոնք որոշ գումար մը փոխանցած են պատերազմէն տուժած անձերու և զոհուածներու ընտանիքներուն։