«Արմենփրես»․- Շանթ Խայալեանը այն բազմաթիւ սուրիահայերէն էր, որ սուրիական պատերազմի պատճառով հարկադրուած տեղափոխուեցաւ Հայաստան: 2013 թուականն էր, երբ ան եկաւ Երեւան: Սուրիոյ մէջ ան կը զբաղէր գովազդի ձեւաւորումով, ունէր ձիթապտուղի արտադրամաս եւ այլ գործեր: Ատկէ զատ, սիրողական ձեւով կը զբաղէր բնական միջոցներէ օճառ պատրաստելով: Այն ժամանակ զանոնք կը նուիրէր իր ծանօթներուն, բարեկամներուն, կը ներկայացնէր ցուցահանդէսներու մէջ: Անգամ մը Շանթի պատրաստած օճառները ներկայացուեցան Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսի մը եւ մեծ գովեստի արժանացան:
Հայաստանի մէջ որոշեց իր սիրողական զբաղումը աւելի արհեստավարժ մակարդակով ընել եւ դարձնել հիմնական գործի: Ան դիմեց Հայաստանի փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոն, ցած տոկոսադրոյքով վարկ ստանալու համար:
«Բնականաբար, դժուարութիւններ կային, նոր գործ կը սկսէի, ինծի ժամանակ պէտք էր, որ շուկան ճանչնայի եւ հակառակը՝ մարդիկ ծանօթանային ապրանքիս: Իմ պատրաստած ապրանքատեսակը քիչ-քիչ ճանաչելի դարձաւ, սկսայ աւելցնել տեսականին: Օճառներէն բացի, բնական միջոցներէ սկսայ պատրաստել մազի օճառներ (shampoo)», կ՛ըսէ ան:
Երիցուկէ, խնկածաղիկէ, ստեպղինէ, ազատքեղէ եւ այլ միջոցներէ պատրաստած գլխու ու սովորական օճառները շուտով ընդունելութիւն գտան: Ձեռքի աշխատանքը ընդլայնելուն զուգահեռ Շանթը մասնակցած է առեւտուրի, գործարարութեան դասընթացներու:
«Այս ընթացքին, օգտագործելով տարբեր առիթներ, քանի մը երկրի մէջ ներկայացուցած եմ իմ ապրանքս: Մասնաւորապէս, Իրանի, Ղազախստանի, յառաջիկային կը նախատեսեմ ներկայացնել Վրաստանի, Լիբանանի մէջ: Ի դէպ, արդէն գործընկեր գտած եմ Ռուսիոյ մէջ, կը նախատեսեմ ապրանքները քիչ-քիչ դուրս բերել նաեւ ռուսական շուկայ, որ երկու ամիսէ ի վեր կ՛ ուսումնասիրենք: Այնտեղ մեծ ներուժ կը տեսնեմ, այժմ թղթաբանութեան հարցերով կը զբաղիմ», կ՛ըսէ Շանթը:
Beauty Production
Ան կը ցանկայ աւելցնել բնական միջոցներէ պատրաստած ապրանքներու տեսականին, լոգանքի օճառներ , ձեռքի հեղուկ օճառներ, յառաջիկային ալ` աւելի ուշ, մանկական լուացքի փոշի: Ան նաեւ կայքէջ ունի, ուր ներկայացուած են տարբեր անձերու ձեռքի աշխատանքները: «Գործը կամաց-կամաց առաջ կ՛երթայ, տեղի սովորութիւններուն կ՛ընտելանամ, օրինակ, Ամանորին սկսած եմ խոզի բուդ պատրաստել (կը ծիծաղի):
Հայաստանը շատ սիրեցի: Սուրիա պիտի չվերադառնամ: Միայն կրնայ ըլլալ երթամ` տեսնելու, թէ այնտեղ ինչ մնացած է, ինչ կրնամ վաճառել եւ վերադառնալ», կ՛աւելցնէ ան:
Ի դէպ, Շանթ Խայալեանի քոյրն ալ ընտանիքով կը փորձէ Հայաստան հաստատուիլ: Այժմ կ՛ուսումնասիրեն շուկան՝ խմորեղէններու արտադրութեամբ զբաղելու համար: