Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Առանց Ժողովրդային Մասնակցութեան Երկրի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի Անմար Կրակին Մօտ Ծաղիկներ Խոնարհեց


Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու հոգեհանգստեան կարգ կը կատարէ, 24 Ապրիլ 2020

ԵՐԵՒԱՆ, “ԹորոնթոՀայ”,- Այս տարի Ապրիլ 24-ը կը նշենք արտակարգ պայմաններու մէջ: Համաճարակի պատճառով դէպի Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր տանող ճանապարհները փակ են: Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առանց Ժողովրդային մասնակցութեան երկրի բարձրագոյն քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի Անմար Կրակին մօտ ծաղիկներ խոնարհեց։

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 105-րդ տարելիցին առիթով առանձին-առանձին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեցին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․, ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Խոնարհումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ դաշնակահար Հայկ Մելիքեանի կենդանի կատարման տակ:

Վարչապետ Փաշինեան Ծիծեռնակաբդերդի բարձունքէն հանդէս եկաւ ուղերձով՝ յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը համամարդկային օրակարգի հարց է։

«Ապրիլի 24-ը ոչ միայն մեր անմեղ զոհերի խնկարկման օր է, այլեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութեան, ցեղասպանութեան եւ ցեղասպան գործողութիւնների մասին եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելու, սթափութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի կոչելու օր: Անցել է մէկ դարից աւելի, սակայն չեն վերացուել Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները: Առ այսօր Թուրքիան կատարուածի համար որեւէ զղջում չի յայտնել, ներողութիւն չի հայցել, դա է պատճառը, որ մենք այսօր յայտարարում ենք` յիշում ենք եւ պահանջում»,- իր ուղեձին մէջ ըսաւ վարչապետը:

Անոր խօսքով` նախորդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդին նետուած մարտահրաւէրները այսօր ալ գոյութիւն ունին, եւ անոնցմէ ոչ միայն մազապուրծ ըլլալու, այլ անոց արդիւնաւէտ կերպով դիմակայելու միակ միջոցն ու գործիքը ուժեղ պետականութիւնն ու հզօր պետութիւնն է:

«Մենք պէտք է ջանք չխնայենք` տարածաշրջանում երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու, բոլոր տարաձայնութիւններն ու հակամարտութիւնները փոխադարձ եարգանքի վրայ, բանակցային գործընթացներով ու խաղաղ միջոցներով լուծելու համար»,- նշեց կառավարութեան ղեկավարը:

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ՝ անմար կրակի մօտ Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու հոգեհանգստեան կարգ:

Նշենք, որ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան ժամը 21։00-ին հնչեցին եկեղեցիներու զանգերը եւ անոնց ղօղանջներուն ընթացքին 3 վայրկեան մարեցան Երեւանի եւ մարզային կեդրոններու փողոցներուն լոյսերը։

Քաղաքացիները մարեցին իրենց բնակարաններու լոյսերը և բջջային հեռախօսներու լույսերուն միջոցով պատուհանէն միասնական ներկայութիւն ունեցան անմար կրակին շուրջ։

Լուսավառ ոգեկոչման վայրկեանը ունեցաւ իր խորհրդանշական արձագանգը Ծիծեռնակաբերդէն, ուր Կամօ Սէյրանեան եւ Լիանա Ալեքսանեան կատարեցին «Արի իմ սոխակ» երգը։

Այսօր ալ 1915 հեռաձային իսկ արտասահմանէն 0037433191500 թիւին անուն ազգանուն ուղարկելով` հնարաւոր պիտի ըլլայ մասնակցիլ ժամը 22:00-ին տեղի ունենալիք virtual երթին: Մինչեւ լուսաբաց բոլորին անունները պիտի երեւին Ծիծեռնակաբերդի իւշահամալիրի սիւներուն:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան յարգանքի տուրք կը մատուցէ ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, 24 Ապրիլ 2020

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ծաղիկներ կը խոնարհեն Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, 24 Ապրիլ 2020