ՀՄԸՄ «Քեսապ» Մասնաճիւղի Փողերախումբը Տօնական Մթնոլորտ Հաղորդեց Գիւղաւանին


Ուրբաթ՝ 31 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՀՄԸՄի «Քեսապ» մասնաճիւղի փողերախումբը ունեցաւ Ամանորեայ տօնին առիթով ելոյթ, որուն ներկայ էին կրօնական, ազգգային եւ իշխանական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քեսապցիներ։ Ելոյթի ընթացքին փողերախումբը ներկայացուց Կաղանդի եւ զանազան երգեր, նաեւ Կաղանդ պապուկներու ներկայութիւնը ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն մօտ։

Փողերախումբին ելոյթէն պատկերներ