Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Թորոնթոյի ՙՌուբինա՚ Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին եւ Համագործակցութեամբ Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան (ACMAO)ի, տեղի ունեցաւ հրապարակային դաստիարակչական դասախօսութիւն մը Փետրուար 11ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ:
Դասախօսութեան նիւթն էր` ՙԲերանի, Լինտի եւ Ատամի Հիւանդութիւններու Կանխարգիլում՚:
ՀՕՄի Դաստիարակչական Յանձնախումբի անդամ Լուսին Մանկասարեանի բացման խօսքով սկսաւ միջոցառումը: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց երկու Ատամնաբոյժ դասախօսներուն՝ Տոքթ․ Անի Հասըրճեանի եւ Տոքթ․ Գրիգոր Պէպէճեանի կենսագրական գիծերը։
Լսատեսողական դասախօսութիւնը սկսաւ Տոքթ․ Հասըրճեանի ներածականով։ Ան ըսաւ, թէ ՀՕՄի եւ ACMAOի ծրագրերուն մաս կը կազմեն նմանօրինակ դաստիարակչական դասախօսութիւններ։ Անցեալին Բժշկական Ընկերակցութիւնը եւ մասնաւորաբար ACMAOի Հիւանդապահուհիներու Բաժանմունքը, առողջապահական նիւթերով եւ Health Fairով« հրապարակային դաստիարակչական դասախօսութիւններ կազմակերպած է հանրութեան համար։ Այժմ կարիքը նկատելով դարձեալ նմանօրինակ դասախօսական շարքեր պիտի կազմակերպուին։
Դասախօսուհին աւելցուց․ ՙԱրդի Բժշկութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ եւ ամէն ժամանակներէ աւելի հիմնուած է հիւանդութիւններու առաջքը առնելու, այսինքն՝ կանխարգիլելու եւ նախազգուշութեան վրայ՚:
Ապա ան յայտնեց, թէ ՙԺպիտը մարդոց ամենաթանկագին հարստութիւններէն մէկն կարելի է նկատել։ Հագուածք, մազի ձեւ կրնան ժամանակավրէպ դառնալ, սակայն մեր ժպիտը մեր մասին շատ բան կ’արտայայտէ եւ երբէք չի դադրիր նորաձեւութենէ։ Առողջ եւ մաքուր ակռաներ ունենալը ընկերային գանձ մըն է։ Ուշագրաւ ժպիտը արժէքաւոր հարստութիւն է եւ մեծապէս կը նպաստէ եւ կ’արտացոլացնէ մեր ուրախութիւնը եւ դրական ինքնավստահութիւնը։ Ժպիտով կը յարաբերինք դուրսի աշխարհին հետ եւ այդ շատ բան կ’ըսէ մեր մասին, որովհետեւ ժպիտը մեր ներաշխարհի պատուհանն է։ Եթէ մեր բերանը վատառողջ է եւ ակռայի ցաւ ունենանք, մեր տրամադրութիւնը կը քանդուի, մեր ժպիտը կ’անհետանայ, չենք կրնար բնականոն եւ սննդարար ուտել, ծամել եւ մարսել եւ մեր մարմնի վատառողջութեան պատճառ կը հանդիսանայ։ Մեր բերանը առողջ պահելը բանալին է մեր մարմինը առողջ պահելու՚:
Աւելցնելով Տոքթ․ Հասըրճեան ըսաւ, թէեւ Հայերէն լեզուով ՙԱտամնաբոյժ՚ բառը ատամները բուժող կը նշանակէ, սակայն արդի ատամնաբոյժը որպէս Առաջին Դաս կը սորվի եւ վկայուած ժամանակ կ’ուխտէ ՙTo Conserve Tooth Structure՚ այսինքն ՙՊահպանել Ակռայի Կառուցուածքը՚։ Այս կը նշանակէ դարմանելէ աւելի առաջ կարեւոր է առողջ ատամները յաւերժ պահելու ջանք եւ աշխատանք տանիլ, անհատին եւ ատամնաբոյժին երկուստէք համագործակցութեամբ եւ թելադրութիւններուն հետեւելով։
Ակռայի փտտախտի, լինտի հիւանդութիւններու եւ բերնի քաղցկեղի կանխարգիլման մասին բացատրութիւններ տրուեցան։
Ակռաներու եւ լինտի զանազան խաւերը եւ կազմուածքը ցոյց տալէ ետք, ներկաները նկարներու ընդմէջէն տեղեկացան, թէ ատամի փտտախտը կը պատահի, երբ ճաշերու քաղցր շաքարը եւ մեր բերանի մանրէները կը միանան եւ թթու կը յառաջանայ£ թթուն ատամի հետ խորոչներ կամ ակռայի փտտախտ կը յառաջացնէ։
Sugar+Bacteria=Acid
Acid+Healthy Tooth=Cavities (Sick Tooth)
Լինտի հիւանդութիւնները կը յառաջանան երբ ակռային եւ լինտին միջեւ ճաշի պատառիկներ կը մնան եւ մանրէները ճաշը թթուի (Acidic Plaque) կը վերածեն եւ լինտը կը կրծեն։ Երբ լինտը արիւնի կը նշանակէ Gingivitis (Լինտի մեղմ բորբոքում) կայ։ Ճշգրիտ խոզանակելով եւ ատամնաթել (Dental Floss) օգտագործելով եւ յաճախակի (6 ամիսը անգամ մը) ատամնաբուժարան այցելելով կարելի է դարմանել Gingivitisը։ Սակայն, եթէ անհատը անհոգ գտնուի բորբոքումը կը յառաջանայ եւ աւելի լուրջ լինտի հիւանդութեան կը վերածուի, նախ Early Periodontitis, ապա Moderate Periodontitis եւ վերջապէս՝ Advanced Periodontitis, ուր ակռաները կորսնցնելու հաւանականութիւնը բարձր է եւ լինտի հիւանդութիւնեանց մասնագէտի խնամքը անհրաժեշտ է։
Ուրեմն ատամները ճշգրիտ ձեւով խոզանակելու եւ ատամնաթելով լաւ մաքրելու կողքին, կանունաւորաբար ատամնաբոյժի այցելութիւնը ամենակարեւոր բանն է, որ անհատ մը կրնայ ընել բերանի, լինտի եւ ատամի հիւանդութիւնները կանխարգիլելու համար։ Բերնի մանրակրկիտ քննութիւնները կ’օժանդակեն ախտաճանաչումը ընելու եւ կասեցնելու, բարդութիւններ ստեղծուելէ առաջ:
Սննդարար ուտեստեղէններ ուտելը շատ կարեւոր է, որովհետեւ կ’ըսուի, թէ լաւ ուտելը բանալին է լինտերը առողջ պահելու։ Կարեւորը այն է, թէ սննդարար ուտելիքները կը նպաստեն նաեւ մեր ընդհանուր առողջութեան։
Շաքարը ակռաներուն վնաս կու տայ, ուրեմն կարեւոր է զայն չափաւոր ուտել. նախընտրել բանջարեղէններ, պտուղ, ընդեղէն, կաթնեղէն, մսեղէն եւայլն եւ հեռու մնալ քաղցր եւ կպչուն ուտելիքներէն։ Ատամները խոզանակել նախաճաշէն ետք եւ քնանալէ առաջ եւ եթէ կարելիութիւն կայ նախընտրելի է լուալ իւրաքանչիւր ճաշէ ետք։
Տեսերիզներով ցուցադրուեցան խոզանակելու, ատամնաթելը օգտագործելու ցուցմունքներ եւ գանատական Սննդականոնի Canadian Food Guideի մասին բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ ալքոհոլի եւ ծխախոտի վնասներու մասին բացատրութիւններ եւ կասեցման թելադրութիւններ։
Երկրորդ բաժինը յատկացուած էր կանխազգուշացման միջոցներու եւ մանուկներու խնամքին։ Տոքթ․ Գրիգոր Պէպէճեան բացատրեց Հանրութեան համար Ջուրի մէջ Fluorideի դերին մասին: Ան ըսաւ, թէ ժողովուրդի գիտակցութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կը նպաստէ աւելի հոգատար ըլլալու ատամներու առողջութեան նկատմամբ։
Բացատրելով մանուկներու ատամներու խնամքին մասին, Տոքթ․ Պէպէճեան խօսեցաւ, թէ ինչ պէտք է ընել։ Կանունաւոր քննութիւնները եւ առաջին ատամնաբոյժի այցելութիւնը պէտք է ըլլայ ատամները դուրս գալէ 6 ամիս ետք։ Լսատեսողական միջոցներով ան ցոյց տուաւ ատամները դուրս գալու շարքը, տարիքի փոփոխութիւնները եւ թէ ինչպէ՞ս ծնողքը աչալուրջ կրնայ ըլլալ։
Ան հաստատեց կարեւորութիւնը մանկական ատամներու առողջութեան ըսելով, եթէ հոգ տանինք ատամներուն կրնանք ցաւէ, բորբոքումներէ եւ բարդութիւններէ խուսափիլ։ Եթէ մանուկը կանխահաս ատամները կորսնցնէ խօսակցութիւնը կը փոխուի, հոգեբանական բարդութիւններ կրնայ ունենալ, ճաշը չկարենալ լաւ ծամել եւ Orthodonticsի հարցեր յառաջացնել։ Կարեւոր է մանուկը ատամնաբոյժին տանիլ փոքր հարցերը շուտով դարմանելու համար եւ առանց ցաւի փորձառութեան փոքրիկին մօտ դարմանատան հանդէպ դրական մօտեցում զարգացնելու համար:
Դասախօսութեան վերջաւորութեան եղան գնահատական արտայայտութիւններ եւ առաջարկուեցաւ կրկնել նման դասախօսութիւններ։