ՀՕՄի Ամառնային Ճամբարի Առօրեան Եւ Մեր Փոքրիկներուն Խանդավառութիւնը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

Ինչպէս իւրաքանչիւր Ամառ, այս ամառ եւս, ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանը իր դռները բացած է հայ փոքրիկներուն առաջ, որպէսզի անոնք իրենց ամառնային արձակուրդը վայելեն ՀՕՄի Ամառնային Ճամբարի հաճելի եւ ուսուցողական մթնոլորտին մէջ։ 

Անցած երկու տարիներուն «քորոնա» ժահրին պատճառով ընկերային ջերմիկ մթնոլորտ ունենալու սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ իրարմէ հեռաւորութիւն պահելու պարտաւորուածութեան ճնշող օրէնքները բոլորիս համար աննախադէպ էին եւ ի մասնաւորի փոքրիկներուն համար, որոնք զրկուած էին իրենց մանկական իրաւունքներու կարեւորագոյնէն` ընկերոջ հետ խաղալէն։ Մարտահրաւէրներով լի դժուար երկու տարիներէ ետք, ՀՕՄի Ամառնային Ճամբարը եկաւ յագեցնելու պզտիկներուն` ընկերներով խաղալու եւ ընկերութեան հաճոյքը վայելելու ամենէն կարեւոր եւ բնական պահանջքը։

Յուլիս 5-էն Օգոստոսի 20 երկարող Ամառնային Ճամբարի մէկ ու կէս ամսուան տեւողութեամբ լաւագոյն ծրագիրներով զինուած եւ վերապատրաստուած,  ինչպէս նաեւ շտապ օգնութեան CPR Emergency Training դասընթացքի հետեւած (պատահարի պարագային ճիշդ ձեւով վարուելու, լուծման լաւագոյն միջոցը որդեգրելու եւ տուեալ իրավիճակը կառավարելու) եւ վկայագիր ստացած քսաներկու  երիտասարդ պատասխանատու-ուսուցիչներ,  ճամբարին տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան աջակցութեամբ յաճախ նրբութեամբ, փափկանկատութեամբ, համբերատարութեամբ, քնքուշ վերաբերմունքով եւ մանկավարժական հիմքերու վրայ կայացած վարուելակերպով կը մօտենան պզտիկներուն ու կը փորձեն ճիշդ ուղղութիւն տալ անոնց։ Տնօրէնութեան կողմէն վերապատրաստուած,- (Կոկոն դասարանէն մինչեւ առաջին դասարան 3 ուսուցիչներ (consular), իսկ 2-րդ դասարանէն մինչեւ 8-րդ դասարան երկուքական ուսուցիչներ),- ուսուցչական կազմը յաճախ նկատի կ’առնէ այն նուրբ կէտը, որ պզտիկները անցնող երկու տարուան ընթացքին ընկերային մթնոլորտէն հեռու, միայն իրենց ծնողներուն հետ ժամանակ անցուցած էին, հետեւաբար մոռցած են ընկերանալու եւ այլ պզտիկներու հետ խաղալու ունակութիւնն ու ճկունութիւնը։

Ամառնային Ճամբարի տնօրէնուհի Մարիամ Առաքելեան կը մանրամասնէ այս տարուան ճամբարին իւրայատկութիւնն ու առօրեան եւ կ’ըսէ.  «Այս տարուան ՀՕՄի Ամառնային Ճամբարը շատ տարբեր է նախորդ տարիներէն։ Covid-19 Թագաժահրին պատճառով եւ բոլորիս առողջութիւնը նկատի առնելով, դպրոցէն ներս զանազան ձեւեր որդեգրած ենք, ըստ` Onterio Guideline-ին, իրարմէ հեռաւորութիւն (social distancing) կը պահենք եւ բոլորս ալ դիմակ (mask)  կը կրենք։ Առտուները աշակերտները եւ պատասխանատու ուսուցիչները Screening կ’ըլլան եւ իրենց ջերմաստիճանը կ’առնուի, ինչպէս նաեւ կամաւոր անձ մը ունինք, որ դասարաններն ու գործածուած իրերը կը հականեխէ, անշուշտ յատուկ կարեւորութիւն ալ կը տրուի մաքրութեան։ Ծնողները՝ պատասխանատու ուսուցիչին կը յանձնեն իրենց զաւակները դպրոցի դռնէն եւ կէսօրէն ետք հոնկէ կը ստանձնեն զիրենք, որովհետեւ այս տարի ծնողներուն շէնք մուտքը արգիլուած է՝ ըստ կառավարութեան թելադրած առողջապահական հիմունքներուն։

Առաջինէն ութերորդ դասարաններու պարագային, իւրաքանչիւր դասարանի մէջ, առաւելագոյն 20 աշակերտ կ’ընդունինք, իսկ մանկապարտէզի պարագային ունինք 2 ծաղիկ եւ 1 կոկոն դասարաններ, եւ իւրաքանչիւր դասարանի մէջ առաւելագոյնը 15 աշակերտ։ Առօրեայ դասացուցակին մաս կը կազմեն արուեստի, խաղերու (outdoor-indoor), երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ Հայերէնի պահերը, որոնց ընթացքին  խօսելավարժութիւն կը սորվեցնենք մեր աշակերտներուն՝ խաղերու, հանելուկներու եւ պատմութիւններու միջոցով եւ այսպիսով աշակերտները կը վերյիշեն հայերէն մոռցած բառերը եւ առիթը կ’ունենան հայերէնով արտայայտուելու։ Ամէն շաբաթ մարզախաղեր (Health Activities) ունինք, ուր յատուկ ծրագիրներով ժամանող հիւրերը աշակերտներուն հետ վարժութիւններ կ’ընեն։ Նախորդ շաբաթներուն մեր հիւրերն էին Everblast Play Company-ի անդամները, որոնք եկան եւ շատ յաջող ու հաճելի խաղեր կազմակերպեցին պզտիկներուն, յաջորդ հիւրը պիտի ըլլայ պարուսոյց մը, որ զանազան պարեր պիտի սորվեցնէ անոնց։

Նախկին տարիներուն Ուրբաթ օրերը արտաճամբարային պտոյտներ կը կազմակերպէինք, սակայն այս տարի Covid-19-ի պատճառով չենք կրնար այդ մէկը իրականացնել, բայց տարբեր առիթներ ստեղծելով կը գոհացնենք մեր աշակերտները, օրինակ   արտադասարանային պահերու ընթացքին ազատօրէն վազելու, ցատկելու եւ խաղալու առիթ կու տանք անոնց, մարզադաշտին մէջ հետաքրքրական խաղեր կը կազմակերպենք, երբեմն ալ ակումբի կողմի խաղավայրը կը տանինք պզտիկները։ Պէտք է նշեմ, որ իւրաքանչիւր դասարան ունի արտադասարանային խաղի տարբեր ժամ, որպէսզի cohort-ը, այսինքն՝ խումբերու անդամները իրարու հետ չյարաբերին՝ անշուշտ Covid-ի պատճառով։

Ներկայիս առողջապահական օրէնքները որոշ չափով մեղմացած են, հետեւաբար օրական քանի մը անգամ, դասարանէն դուրս, պզտիկները կրնան առանց դիմակ կրելու արտադասարանային մարզանք ընել` ինչպէս քալել, խաղալ եւ վազել։

Բարձրագոյն դասարանները ունին մէկ ժամուան cafeteria time, ուր Basketball, Air hockey, ping-pong, boardgames, frisbee կը խաղան եւ համակարգիչ գործածելով կը զբաղին։ Բարձրագոյն դասարանները դպրոցին մօտ գտնուող Wishing Well Park երթալու առիթ ունին եւ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, քալելով, ապահով ձեւով կը հասնին հոն ու տեսակաւոր խաղեր կը խաղան։

Ժամը 9-ին սկսող մեր առօրեան կը տեւէ մինչեւ ժամը 4։ Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին ունինք ուսուցչուհի մը, որ իւրաքանչիւր փոքրիկ կ’առաջնորդէ դէպի մուտքի դուռ եւ կը յանձնէ ներկայացող ծնողքին։ Փոքրիկները տխուր կը բաժնուին այնքան հաճելի եւ տրամադրութիւն բարձրացնող ճամբարի ընկերային ճոխ մթնոլորտէն եւ յաջորդ օր մեծ խանդավառութեամբ եւ կը վերադառնան շնորհիւ մեր ճոխ դասացոյցին, հաճելի եւ օգտաշատ ծրագիրներուն։ Ծնողները յաճախ կը պատմեն, թէ պզտիկները ինչպիսի բերկրանքով եւ եռանդով կը յաճախեն ճամբար՝ իրենց դասարանի ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն հետ խաղալու, ձեռայիններ պատրաստելու, ուրախ մթնոլորտի մէջ գիտելիքներ ամբարելու եւ հայերէն խօսիլը վարժութիւն դարձնելու»։

Մանկապարտէզի բաժնի ուսուցչուհիներէն Լոռի Պէրպէրեան իրենց առօրեային մասին կ’ըսէ. «Չորս օրուան ընթացքին ունինք մէկական ժամուան տեւողութեամբ չորս հիմնական նիւթեր (արուեստ, հայերէն, արտադպրոցական աշխատանք ու մարզանք)։ Արուեստի պահուն ձեռային աշխատանքներ կը պատրաստենք, գունաւոր թուղթերով կամ խաւաքարդերով տարբեր կենդանիներ կամ իրեր կը շինենք, plastic պնակներ, գաւաթներ եւ թուղթեր գործածելով ներկելու եւ գծելու աշխատանքներ կ’ընենք։ Երաժշտութեան պահուն Օnline Incredibox ծրագրին կը հետեւինք եւ ռիթմիկ եղանակներ յօրինել կը փորձենք, նաեւ ծափելով կամ այլ միջոցներով եղանակներու նոր ձեւեր կը յայտնաբերենք։

Անցեալ շաբաթ ջուրով խաղեր խաղալու արտօնութիւնը ստացանք. Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները լողազգեստով եկան եւ ջուրի զէնքերով, ջուրի յատուկ խաղալիքներով եւ խողովակով թրջեցին զիրար եւ այդպիսով շատ զուարճացան, իսկ Ուրբաթ օր առաջին դասարանէն ութերորդ դասարանի աշակերտները ջուրի օր ունեցան եւ անսահման ուրախութեամբ վայելեցին այդ օրուան յիշարժան պահերը» ։

ՀՕՄի Ամառնային Ճամբարի տնօրէնութիւնը, լաւագոյն միջոցներով ու սերտուած ծրագիրներով վերապատրաստուած համալսարանականները, համալսարանաւարտները եւ հայկական վարժարանէն շրջանաւարտ պատասխանատուները ճամբարի առօրեայ ծրագիրները կը ներկայացնեն հաճելի, ուսուցողական, խաղերով յագեցած, ինչպէս նաեւ ընկերային ճոխ մթնոլորտի մը մէջ։

Ճամբարի արձանագրութիւնները կ’իրականանան իւրաքանչիւր շաբաթ, ուստի  կամեցող ծնողները հետեւեալ յղումով  https://www.eventbrite.ca/e/ars-summer-camp-tickets-161801270957  կրնան արձանագրել իրենց զաւակները, իսկ դասարանի աշակերտութեան թիւը ամբողջացած ըլլալու պարագային  սպասման ցուցակին վրայ կը դրուի տուեալ աշակերտին անունը։

Իսկ ճամբարին առօրեային կրնաք հետեւիլ ճամբարի ֆէյսպուքեան էջէն;

Ամառնային ճամբարէն պատկերներ