ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Մայրերու Օրուան եւ Համբարձումի Տօնախմբութիւն


Կազմակերպիչ յանձնախումբը՝ վարչութեան անդամներու հետ

Անի Հասըրճեան

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Վարչութիւնը անցնող քանի մը տարիներուն գեղեցիկ գաղափարը յղացած է, բնութեան զարթօնքին՝ Մայիս ամսուան ընթացքին, Հայ Մօր նուիրուած տօնը շաղկապել Համբարձման տօնին եւ ՀՕՄի անդամներուն եւ համակիր տիկիններուն եւ օրիորդներուն համար աւանդական հաւաքոյթ-տօնախմբութիւն մը կազմակերպել։

Երկու տարիներու COVID-19 համաճարակի կաշկանդումներէն եւ արգելափակումներէն ետք, այս տարի Յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած դաստիարակչական մթնոլորտի մը մէջ, Մայրերու Օրուան եւ Համբարձման տօնախմբութիւնը հայկական աւանդական ոճով կազմակերպելու, Մայիս 20-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ։

Մինչ ներկաները մուտք գործեցին օրուան յատուկ գեղեցկօրէն զարդարուած սրահ, անոնք վայելեցին Մայրերու նուիրուած հայերէն երգերով եւ Հայաստանի տեսարաններով համադրուած տեսահոլովակներու ցուցադրութիւնը։ Համադամ աղանդերներով եւ գունագեղ ծաղկեփունջերով յարդարուած սեղանները արդէն տօնախմբութեան տրամադրութիւն կը ստեղծէին, երբ ճաշի օրհնութեան աղօթքով հաւաքոյթը սկսաւ։

Օրուան հանդիսավար Անի Հասըրճեան բացման խօսքին մէջ յատնեց, որ գեղարուեստական յայտագրին առաջին բաժինը նուիրուած է Մայրերու տօնին։ Ան ողջունելէ ետք ներկաները՝ շեշտեց․ «Մայրերու Օրը տօն մըն է յիշելու եւ յարգելու մեր սիրելի եւ անգին մայրերը, սակայն մեր մայրերուն հանդէպ մեր գուրգուրանքն ու յարգանքը եթէ առօրեայ պաշտամունք չդարձնենք եւ մեր մայրերուն տարուան 365 օրերուն նեցուկ չկանգնինք, տարին մէկ օր Մայրերու Օր տօնելը կը դառնայ անիմաստ եւ ծիծաղելի իրականութիւն։» Ապա դրուատելով առաքինի Հայ մօր նկարագիրը աւելցուց․ «Հայ մայրը դարերու ընթացքին եղած է անձնազոհութեան, նուիրաբերումի, ծառայութեան, աշխատասիրութեան, հեզութեան եւ հաւատարմութեան տիպարը։ Հայ մօր օրինակելի կեանքը կը նկատուի յոյժ գնահատելի, այդ պատճառով Հայ ժողովուրդին համար մեր ազգային անփոխարինելի արժէքները Մայր ածականով կը բնորոշուին, ինչպէս Մայրենի Լեզու, Մայր Հայաստան եւ այլն…»

Գարնան զարթօնքին հետ կապուած, ընկհ․ Հասըրճեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը, ուր մօր խրատը հայ մանուկին տրուած՝ հայ լեզուի եւ հայապահպանման համար շատ այժմէական է։ Ապա ան իր խօսքը աւարտելով շնորհաւորեց բոլոր մայրերը, տիկիններն ու օրիորդները՝ մաղթելով մայրական ամենասուրբ պատգամը խթան հանդիսանայ բոլոր մայրերուն եւ անոնք եւս Հայեցի եւ Քրիստոնէական սկզբունքներով դաստիարակեն իրենց զաւակները, նաեւ գնահատեն մեր աննման ու աննկուն մեծ մայրերը, որոնք իրենց դողդոջուն ձեռքերով Հայկական ոգիի ջահը կը փոխանցեն ներկայ սերունդին։

Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կրտսերաց դպրաս դասը, ղեկավարութեամբ Հիլտա Գանտահարեանի, մասնակցեցաւ գեղարուեստական յայտագրին երկու խմբերգներով եւ զուգերգով մը՝ նուիրուած Մայրերու տօնին։ Զուգերգի կատարողութիւնը՝ երկուորեակներ Տեսիլ եւ Կարօտ Փէլթէքեաններու է։  Խմբերգները ծափողջոյններով գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ։

Մայրերու Տօնի եւ Համբարձումի Յանձնախումբի փոխատենապետուհի Ժիւլիէթ Ճանպազեան փոխանցեց մայրերուն նուիրուած խօսքը սահմանելով մայրութիւնը, տիպար ու առաքինի մայրը, Աստուածաշունչի Առակաց գիրքի առաքինի կնկան ուղուած օրինակին համեմատելով, ըսաւ, «Տիպար մայրը իր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ բարիք կը բերէ։ Իր տունը կը շինէ ու կը գիտակցի, թէ իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է։ Հայ մայրը շարունակ կրցած է գուրգուրանքով ու յաջողութեամբ պահել մեր արժէքները եւ կրցած է սերունդէ-սերունդ փոխանցել մայրենի լեզուն, հաւատքը, մշակոյթը, բարքերն ու սովորութիւնները, այսինքն՝ մեր ինքնութիւնը»։

Ժպիտ Քէշիշեան արտասանեց Հովհաննէս Շիրազի «Կշեռք»ը։

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Արցախ» Ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Նելլի Կարապետեանի բծախնդիր աշխատանքի,  բեմադրութեան իւրայատուկ ոճի եւ հոգեպարար ներկայացումին արդիւնքը 3 տարիներ առաջ Թորոնթոհայութիւնը զանազան առիթներով վայելած էր, սակայն Նելլիի «իմփրովայզտ» Հայկական մէնապարի կատարողութիւնը առաջինն էր, որ բացառիկ վայելքի պահ մը պարգեւեց տօնախմբութիւնը աւելի յիշատակելի դարձնելով։

Արմէնուհի Գոլոլեան կամքէ անկախ պատճառներով կը բաձակայէր, սակայն Յանձնախումբը նկատի ունենալով անցնող երկու տարիներու COVID-19-ի արգելափակումներու ընթացքին Մեծ Մայրերու «պարտադրուած ինքնամէկուսացումը» ցոլացնող, Մայիս 2020-ի Թորոնթոհայ թերթին մէջ լոյս տեսած, ընկհ․ Գոլոլեանի յօոդուածը, որոշեց որպէս պատգամ  ներկայացնել զայն, զոր հանդիսավարը ընթերցեց։ Եզրափակիչ պարբերութիւնը հետեւեալը կը յորդորէ, «Յառաջացած տարիքիս բերմամբ, կ’ուզեմ գրութիւնս ուղղել նոր սերունդի մայրերուն եւ ինչո՞ւ չէ հայրերուն, որ անոնք հետեւին մեր աննկուն մեծ մայրերուն եւ մայրերուն օրինակին, նշանաբան ունենալով ու գործադրելով կեանքի ընթացքին՝ քաջութիւն, լաւատեսութիւն, ընտանեկան սրբութիւն եւ նամանաւանդ հաւատք ու ամենօրեայ աղօթք»։

Համեղ Տաք ճաշի սպասարկման պահուն, Անուշ Օփերայի «Համբարձում Եայլա»ի եւ այլ Համբարձման տեսահոլովակներու ցուցադրութեան միջոցով, ներկաները երեւակայութեամբ փոխադրուեցան Հայրենիք։

Գեղարուեստական Յայտագրի երկրորդ բաժինը Համբարձման տօնին նուիրուած էր։

Հանդիսավարը Քրիստոնէական տօնը սահմանեց ի յիշատակ Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին օրերուն։ Ան բացատրեց, թէ Քրիստոս իր խաչելութենէն 3 օրեր ետք, հրաշափառ Յարութեան յաջորդող 40 օրերուն իր աշակերտներուն այցելած է։ Համբարձումը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, Առաքեալներուն պատուէրներ տալէ եւ բոլորը օրհնելէ ետք Յիսուս երկինք բարձրացած է եւ իր հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած։ Համբարձումը շարժական տօներուն կը պատկանի եւ ունի 35 օրուան շարժականութիւն, Ապրիլի վերջաւորութենէն մինչեւ Յունիսի սկիզբը միշտ Հինգշաբթի օրը։

Տեսիլ եւ Կարօտ Փէլթէքեաններ Հիլտա Գանտահարեանի ղեկավարութեամբ իրենց քնքուշ ու ներդաշնակ ձայներով զուգերգեցին Համբարձումի «Սուրբ Աստուած …որ Համբարձար վասն մեր» շարականը։

Համբարձման Քրիստոնէական տօնին կարգ մը ժողովրդական սովորութիւններ իրենց արմատները ունին Հայ ժողովուրդի նախաքրիստոնէական հաւատալիքներուն մէջ։ Համբարձումի օրը, ժողովրդական  սովորութիւններու համաձայն, կոչուած է վիճակի «Ջան Կիւլում» կամ «Ծաղիկի օր», որովհետեւ այդ օրը վիճակ կը հանէին ու վիճակի համեմատ պատրաստուած քառեակներ «ջան կիւլում»ով կը վերջանային, որ ծաղիկի փառաբանութիւնն է։ Այս տօնը կը կատարուի մեծ տօնախմբութեամբ, ընդհանրապէս աղջիկներով։

7 մասերէ բաղկացած Համբարձման ծէսերը Հանդիսավարը մի առ մի բացատրեց, իւրաքանչիւրին հետ տեսահոլովակներու ընդմէջէն տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ, ուր ներկայ պարմանուհիներ ծաղկեպսակներով եւ ծաղկեփունջերով հետեւեցան ծէսերուն։

 Համբարձումէն մէկ օր առաջ, Չորեքշաբթի առաւօտ կանուխ,  արեւը չծագած 7 աղջիկներ երգելով իրարու կը կանչեն գաղտնի, 7 աղբիւրէ ջուր, 7 ծաղիկ, 7 աղբիւրի քար, 7 ծառի տերեւ հաւաքելու ու կուժերու մէջ լեցնելու կ’երթան։ Ապա երկրորդ մասէն մինչեւ եօթներորդ մասը՝ ծաղիկ հաւաքելու, պսակներ ու  ծաղկեփունջեր կազմելու, վիճակը պատրաստելու, վիճակը հսկելու, վիճակի բանակցումի, Հակվուրի եւ Համբարձման գիւղ ման գալու ծէսերը բացատրուեցան եւ տեսահոլովակներուն հետեւելով պարմանուհիներու խումբը ծաղկեպսակներ եւ ծաղկեփունջեր կրելով մօտեցան եւ իւրաքանչիւր սեղանէ մասնակիցի մը ծաղիկ մը տալով հրաւիրեցին «Վիճակ»ի արարողութեան։ Հաճելի մթնոլորտի մէջ, Յանձնախումբի անդամներ՝  Արաքսի Փիլաւճեան եւ Հռութ Սիմոնեան կատարեցին «Վիճակ»ի ընթերցումը։ Յայտարարուեցաւ, թէ բոլոր ներկաները իրենց «վիճակ»ը կրնան ունենալ, ծաղկամաններէն առնելով Մեխակ մը վրան կապուած թերթիկի ընթերցանութեամբ։ «Վիճակները» պատրաստուած էին Յանձնախումբի անդամ Լիզա Գաբրիէլեանի կողմէ։

Համբարձման տօնը նաեւ կը նշուի որպէս Կաթնապուրի տօն, այն պատճառով, որ կարգ մը շրջաններու մէջ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփեր, որպէսզի կովերուն կաթը չպակսի։ Համբարձումին կաթնապուրը խմբովին կը պատրաստէին եւ մատաղ կը բաժնէին առնուազն 7 տեղ։ Այս պատճառով Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած աւանդական Կաթնապուրը, օրուան յատուկ այլ  անուշեղէնները, անուշ ապուրը եւ պտղասեղանի ճոխութիւնը յաւելեալ գնահատուեցաւ ներկաներէն։

Յանձնախումբի անդամներէն Թալին Ներսէսեան ու Սեդա Պագալեան պատրաստած էին շարք մը խաղեր, որոնցմէ պարեղանակներու խաղով տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ։

Վիճակահանութեան ներկայ պարմանուհիները օգնեցին Թագուհի Լուսարարեանին եւ զանազան նուէրներով ներկաները բախտաւորուեցան։

Երեկոն խանդավառեց DJ Քրիս Արապեան։

Ամբողջ տօնախմբութեան ընթացքին նկարիչ Վազգէն Քէշիշեան կամաւորաբար զբաղ էր բոլոր փափաքողներուն համար յիշատակելի նկարահանումներ կատարելով։ Նկարուողները Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ծաղկեպսակներ կրելով Համբարձման աւանդական տրամադրութեան մէջ էին։ Խորին շնորհակալութիւններ Պրն․ Քէշիշեանին Յանձնախումբին եւ Վարչութեան կողմէ։ Նաեւ մասնայատուկ շնորհակալութիւններ Վարչական կապ եւ Ճաշարանի մանրամասնութիւնները համադրող Արաքսի Փիլաւճեանին, ճաշարանանապետ Արուշին եւ խոհանոցի անձնակազմին համեղ ճաշերուն համար։

Ուշ գիշեր, երբ տակաւին շատեր տօնախմբութեան տրամադրութեամբ ոգեւորուած էին, ՀՕՄի ատենապետուհի Մարալ Միսիրեան տօնախմբութիւնը փակուած յայտարարեց, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն եւ գնահատելով Յանձնախումբի բծախնդիր աշխատանքը աւանդական, բացառիկ եւ յիշատակելի երեկոյ մը կազմակերպելու համար։

31 Մայիս 2022

 Թորոնթօ

Տօնակատարութենէն պատկերներ