Մահ եւ Յուղարկաւորութիւն՝ Թորոնթոյահայութեան Նահապետ Ողբ. Բրշ. Մինաս Սրկ. Սէլեանի (1929-2022)


Մինաս Սրկ. Սէլեան

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Թորոնթոյի համայնքային կեանքէն ներս, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ երիցագոյն երկարամեայ անդամներէն, բեղուն գործունէութեամբ կեանք մը ապրած ողբ. բրշ. Մինաս Սրկ. Սէլեանին, որ պատահեցաւ 25 Փետրուար 2022-ին իր բնակարանին մէջ:

Ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան տէր, հոգատար ամուսին, ընտանիքի օրինակելի հայր, մեծ հայր եւ մեծ-մեծ հայր մըն էր ողբ. բրշ. Մինաս Սրկ. Սէլեանը: Ծնած է Թորոնթօ-Գանատա 24 Մարտ 1929-ին, յաճախած է «Danforth Technical» երկրորդական վարժարանը, կանուխէն կորսնցուցած է իր հայրը, երիտասարդ Մինասը սկսած է աշխատիլ զանազան գործեր` ապահովելով օրապահիկը: Երբ իր հօրեղբայրը՝ Երուանդ (հօբար), կը բանայ գորգավաճառի հաստատութիւնը, Մինասը հոն աշխատելով, հետագային կը գնէ «Selyans Oriental Rug» հաստատութիւնը:

Նորակառոյց Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ (14 woodlawn) առաջին զոյգերը եղան Մինաս  եւ Ազատուհի Եզէկէլեան, որոնք 1955-ին ամուսնացան եւ բախտաւորուեցան երկու զաւակով՝ Մօնա եւ Արա, իսկ հետագային՝ երեք թոռնիկներով եւ մէկ ծոռով:

Մինաս Սէլեան Թորոնթոյի գաղութի կազմաւորման մէջ մեծ ներդրում ունեցած է, եկեղեցւոյ դպրաց դասէն ներս իբրեւ դպրապետ, «Նոր Սերունդ» պարբերաթերթի հրատարակչութեան, եկեղեցւոյ երիտասարդացի վարչական անդամ։ Ծառայած է եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն մէջ եւ եղած է եկեղեցւոյս պատգամաւոր, Ծխական խորհուրդի անդամ եւ շրջան մըն ալ ատենապետ։ Ան հիմնադիր անդամներէն է Թորոնթոյի Վարդանանց Ասպետներու «Ալիշան» դահլիճի եւ Սպարապետ: Առ ի գնահատանք իր տարած երկարամեայ ծառայութեան, արժանացած է «Ս. Ներսէս» Շնորհալի» շքանշանին՝ Գարեգին Բ. Հայրապետի կողմէ, իսկ հոգելոյս Վազգէն Հայրապետի կողմէ՝ Օրհնութեան Գիրով:

Մինաս սարկաւագի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 5 Մարտ 2022-ին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11-ին, ձեռամբ թեմիս փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան՝ իր կողքին ունենալով հովիւի օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ (Փրովիտընս Ռոտ Այլընտ) հոգեւոր հովիւ (նախկին թորոնթոբնակ) Տ. Շնորհք Քհնյ. Սուին եւ եկեղեցւոյս սարկաւագներէն Գրիգոր Սրկ. Թոզագ։

Այս առթիւ ցաւակցական գիրեր ուղարկած էին հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան, Տիթրոյթէն Տ. Արէն վրդ. Ճէպէճեան, Լաս Վէկասէն Տ. Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեան եւ Ֆլորիտայէն Տ. Ներսէս Աւագ Քհնյ. Ճէպէճեան:

Մինաս Սրկ. Սէլեանի Ս. խորանի շապիկով եւ Վարդանանց Ասպետներու ժապաւէնով ծածկուած դագաղին առջեւ կուռ դամբականով ելոյթ ունեցան հանգուցեալին զաւակները Մօնան եւ Արան։ Իր անցեալի յուշերով եւ մխիթարական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Տ. Շնորհք Քհնյ. Սուին եւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան։ Վերջինս փոխանցեց նաեւ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի ցաւակցութիւնները։ «York» գերեզմանատան մէջ, յետ եկեղեցական արարողութեան, ողբացեալի փափաքին համաձայն, տեղի ունեցաւ Ասպետական թաղման արարողութիւն:

Յուղարկաւորութենէն ետք «Santorini» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ։ Սեւան Մարտիրոսեան ընթերցեց իր հօր՝ Ալեք Մարտիրոսեանի ցաւակցական գիրը, ընտանիքի անունով Արա Սէլեան սրտաբուխ խօսքեր ուղղեց ներկաներուն, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը իր հօր: Մինասի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլոր անոնց մօտ, որոնք ճանչցած եւ գործակցած էին անոր հետ:

Խորազգաց ցաւակցութիւններս ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն:

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:

15 Մարտ 2022