Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մայիս 18-22-ն յայտարարած է «Արցախի Զօրակցական Շաբաթ»։ Նախաձեռնութիւնը պիտի ընթանայ առցանց, ընկերային ցանցերով:
Մայիս 18-էն 22, ամէն օր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Արցախի նուիրուած յատուկ նիւթի շուրջ տեսերիզ մը պիտի հրատարակուի Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Facebook-ի էջին վրայ, հետեւեալ հերթականութեամբ՝
– Մայիս 18 – Արցախի Պատմութիւն, Սովետական Միութենէն Առաջ
– Մայիս 19 – Արցախի Ազատագրական Շարժում եւ Պատերազմ
– Մայիս 20 – Արցախի Խաղաղութեան գործընթաց եւ Բանակցութիւններ
– Մայիս 21 – Գանատա եւ Արցախ
– Մայիս 22 – Արցախի Պետականաշինութիւն
Տեսերիզներու կողքին նաեւ տեղի պիտի ունենան հարցազրոյցներ։ Հայ Դատի Յանձնախումբը պիտի փոխանցէ իր պաշտօնական պատգամը:
Կը քաջալերենք ընկերները, որ մօտէն հետեւին այս ծրագիրին, իւրաքանչիւր օրուան տեղադրումը տարածեն իրենց ընկերային ցանցերու միջոցով եւ իրենց դիմատետրի կիսադէմի նկարին վրայ աւելցնեն կցուած շրջանակը: