Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ, վերջերս շահագործման յանձնուած թաղամասի մը հարեւանութեամբ, նոյն նախագիծով կը կառուցուի նոր թաղամաս։
«Նոր թաղամասը պիտի ունենայ 4 քառայարկ շէնք, 92 բնակարանով: Այժմ հողային հարթեցման եւ կրաշաղախի աշխատանքները արդէն աւարտած են: Երկու շէնքին մէջ կը կատարուին պատերու շարուածքը, միւս երկուքին մէջ` հիմքի կառուցումը: Շէնքերու նկուղային յարկերը նախատեսուած են ապաստարաններու համար»,- ըսած է Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարօ Թովմասեան:
Ան աւելցուցած է, որ այդ 92 բնակարանները պիտի տրամադրուին զոհուած զինծառայողներու, սպայական անձնակազմի եւ նիւթապէս անապահով ընտանիքներու: