Նուպար Աֆէեան Գարնան «Քորոնա» Ժահրի Պատուաստանիւթի Փորձարկումէն Արդիւնք Ստանալու Յոյս Յայտնեց


 «Արմենպրես»,- Moderna Therapeutics կենսաբանութեան ընկերութեան հիմնադիր Նուպար Աֆէեան յոյս յայտնեց, որ Գարնան «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթի փորձարկումէն արդիւնք պիտի ստանան: Աֆէեան այս մասին յայտնեց «COVID-19. առերեսուելով համաշխարհային վախին» թեմայով առցանց սեմինարի ընթացքին:

Ան սեմինարի մասնակիցներուն ներկայացուց իր ստեղծած «Moderna Therapeutics» կենսաբանութեան ընկերութեան ստեղծած պատուաստանիւթի վերաբերեալ տեղեկութիւնը, նշելով, որ այժմ կ՛ընթանան դարմանական փորձարկումներ, եւ յոյս ունի, որ Գարնան «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթի փորձարկումէն արդիւնք պիտի ունենան:

Պատուաստանիւթի դարմանական փորձարկումները սկսան Մարտ 17-էն:

Առցանց սեմինարին կը մասնակցէին նաեւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, Լոնտոնի կայսերական քոլէճի համաշխարհահին առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն, «Օրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի նախագահ Լորտ Արա Տարզի, McKinsey & Company ընկերութեան տնօրէն Անդրէ Անդոնեան եւ բժիշկ Տէյվիտ Նապարրօ: