Ստեփանակերտի Ծննդատան շինարարական աշխատանքներէն պատկերներ
Ստեփանակերտի Մէջ Կը Վերանորոգուի Պատերազմի Ընթացքին Ռմբակոծուած Ծննդատունը
«Արմենփրես»- Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ստեփանակերտի մէջ կը շարունակուին պատերազմի ընթացքին ռմբակոծուած «Մօր եւ Մանկան Առողջութեան Պահպանման Կեդրոն»ի նոր մասնաշէնքի վերականորոգութեան աշխատանքները:
Ստեփանակերտի ծննդատան նոր շէնքի վերականգման աշխատանքներուն կը մասնակցին 4 շինարարական կազմակերպութիւններ:
Այս հանգրուանին մասնագէտները կը կատարեն վնասուած ենթակառուցուածքներու` մասնաւորապէս անվտանգութեան, օդափոխութեան համակարգերու, ներքին յարդարման, վնասուած պատուհաններու փոխարինման եւ կոյուղիի վերանորոգման աշխատանքները:
Շինարարական աշխատանքներու որակի հսկողութիւնը կ’իրականացուի Քաղաքաշինութեան Նախարարութեան մասնագէտներու կողմէ:
Շինարարական աշխատանքները նախատեսուած են աւարտել Գարնան վերջը: