Ս․ Թաղման Թափօր եւ Արարողակարգ՝  Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ


Ս․Թաղման արարողութիւն՝ Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 

«ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆՔ ՔԱԼԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԴԱԳԱՂԻՆ ԵՏԵՒԷՆ ՀԱՒԱՏԱԼՈՎ, ՈՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԵԱՆՔ Է, ՈՒ ԱՅԴ ԿԵԱՆՔՈՎ ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻՆՔ ՈՒ ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ ՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐԹԸ»

Աւագ Ուրբաթ, Ապրիլ 15-ին, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ և նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ կարգ թաղման «Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»:

Ս․ Խորանին առջեւ զետեղուած էր Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող եւ կարմիր ծաղիկներով զարդարուած փառաւոր դագաղը:  Եւ յետ եկեղեցական արարողութեան տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Ս․ Թաղման հանդիսաւոր թափօրը:

Անցնող 2 տարիներու ընթացքին թագաժահրի ստեղծած պայմաններու պատճառով, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին չէր կրցած կազմակերպել աւանդութիւն դարձած Աւագ Ուրբաթ օրուան այս խորհրդաւոր թափօրը, որ կը մարմնաւորէ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութիւնը ու թաղումը:

Այս մեծահանդէս Թափօրին մասնակցած էին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւները՝ Տ. Վարդան Ծ.Վրդ. Թաշճեան եւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ Միքայէլեան, ինչպէս նաեւ Սարկաւագաց դասի անդամները, Զ. Ազնաւուրեան երէց դպրաց դասի անդամները, Մ. Բարիքեան կրտսերաց դպրաց դասի անդամները, ՀՄԸՄը իր փողորախումբով և բոլոր սկաուտական վաշտերով, և վերջապէս շուրջ 1000 հաւատացեալներ մեր գաղութի անդամներէն:

Ուսամբարձ վերցուած խումբ մը նուիրեալ երիտասարդներու ջանքերով, Յիսուս Փրկչի դագաղը կեդրոնը կը հանդիսանար մեր թափօրին, իսկ առջեւէն կը քայլէր Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները խորհրդանշող կերպարը՝ ուխտաւոր երիտասարդ մը՝ խաչը ուսին, կ’առաջնորդէր մեր հաւատացեալներու քայլարշաւը:

Ցաւօք սրտի, աշխատանքային բազմազբաղութեան պատճառով, այս տարի Թորոնթօ քաղաքի ոստիկաններու խումբը չկրցաւ ներկայ ըլլալ, ապահովելու համար մեր քայլարշաւի հեզասահ ընթացքը: Այս հանգամանքը պատճառ հանդիսացաւ որ եկեղեցւոյս հոգաբարձութիւնը և կազմակերպիչ յանձնախումբը բազմազան կարգադրութիւններ ձեռնակեն։

Քայլարշաւի վերջաւորութեան, երբ թափօրը հասաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ՀՄԸՄի փողերախումբի անդամները կատարեցին շարք մը եկեղեցական շարականներ և ապա բոլորը մտան եկեղեցի, ուր Սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը և սրտի խօսքը:

Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. « Այսօր Քրիստոս գերեզման իջած կու գայ մեզի ըսելու «Ես եմ ճամբան, Ես եմ ճշմարտութիւնը, Ես եմ կեանքը. ինծի եկէք և ձեր հայացքները դարձուցէք դէպի ճշմարտութիւնը, դէպի կեանքը, դէպի անմահութիւնը»: Ու իրապէս, Այդպէս ապրեցաւ մեր ժողովուրդը, նոյն հաւատքով ներշնչուած:

Եւ այսօր եթէ Քրիստոս անգամ մը եւս գայ և Պօղոս առաքեալի բառերով հարց տայ, թէ «արդեօք դարձեալ պիտի գտնէ՞ այդ նոյն հաւատքը մեր մէջ», ես կ’ըսեմ՝ «Այո, այո պիտի գտնէ այդ հաւատքը մեր մէջ, որովհետեւ այդ հաւատքը ահաւասիկ ես կը տեսնեմ մեր երիտասարդութեան մէջ, մեր դպիրներուն, մեր սարկաւագներուն, մեր սկաուտներուն, մեր յանձնախումբերուն, մեր հովիւներուն և մեր բոլոր ժողովուրդին մէջ: Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, հակառակ զանազան արգելքներուն դարձեալ 2 տարիներ յետոյ նոյն հաւատքով, նոյն ոգիով շարունակեցինք քայլել Քրիստոսի դագաղին ետեւէն, հաւատալով որ Քրիստոս կեանք է, ու կեանք պիտի տայ մեզի, ու այդ կեանքով մենք պիտի ապրինք ու պայքարինք ու պիտի շարունակենք մեր երթը»: Սրբազան Հօր կոչը ծափողջոյններով ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Աւարտին բոլոր ներկաները ծնկաչոք և հաւատքով անցան Քրիստոսի դագաղին տակէն և ստացան դագաղի վրայ զետեղուած կարմիր ծաղիկներէն փունջեր, տանելու համար իրենց տուները: Ներկաները նաեւ ստացան Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, հոգաբարձութեան կողմէ տրամադրուած եւ եկեղեցւոյս տիկնաց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած Զատկական հաւկիթներ եւ խաչաձեւ կարկանդակներ:

Ս․ Թաղման հանդիսաւոր թափօրէն պատկերներ