Տիրուկին Հետ Հաճելի Պահեր. Համաճարակային Նորութիւններ Ու Նորաձեւութիւններ


Կ՛ուզէ՞ք նորաձեւութեան հետեւիլ, անհրաժեշտ արդուզարդ, վարակէն պաշտպանուելու առարկաներ պէտք ունի՞ք, ուրեմն ի՞նչ կը սպասէք` կրնաք այցելել «Covid 19-ի Վերաբերեալ Անհրաժեշտ Իրեր» խանութը, ուրկէ կրնաք ապահովել ձեր ուզածն ու չուզածը: 

Այս օրերուն ձեր ուզածը շատ յստակ է, իսկ չուզուած իրերուն ցանկը շատ երկար է, զանոնք գուշակելը ձեզի կը ձգեմ:

***

– Չորս ամիսէ ի վեր մատնայարդարի երես չեմ տեսած, շատ խղճալի է վիճակս:

– Քառասուն տարեկան եղայ ու միայն նշանտուքիս եւ պսակիս մատնայարդարի երես տեսայ: 

Է՜հ, որո՞ւն վրայ մեղքնամ, շուարեցայ:

***

– Հայրենիք ճամբորդելը մոռցանք այս տարի:

– Շատերը նախկին տարիներու նկարները ու video-ները դիտելով կը մխիթարուին:

– Հաւատացէ՛ք, որ Հայաստանի մեր հայրենակիցները ձեզմէ աւելի տխուր են: Առանց սփիւռքահայութեան ամառ անցընե՞լ: Տէ՛, եկո՛ւր ալ դիմացիր:

***

Քորոնայէն առաջ.

– Տղա՛ս, կը բաւէ տունը նստիս ու cell phone-իդ մէջ մտնես: Ե՛լ, ակումբ գնա՛, պարախումբի, երգչախումբի կամ մարզանքի դասընթացքներու մասնակցի՛ր: Facebook-ին ու Instagram-ին գերին դարձար: Ե՛լ, կը բաւէ: 

Քորոնայի օրերուն.

– Տղա՛ս, մէկու մը հետ չտեսնուի՛ս, տեղ չերթա՛ս, ընկերներուդ հետ չհամախմբուի՛ս, ակումբ կամ դպրոց չերթա՛ս: Գնա՛, նստէ՛ ու cell phone-իդ մէջ ինկի՛ր, հաճի՜ս:

***  

– Վերարկուներս լուացի ու արեւին տակ չորցնելէ ետք վերցուցի: Ի՛նչ դիւրին եղաւ:

– Ինչո՞ւ նախորդ տարիներուն առանց լուալու կը վերցնէիր:

– Չէ՛, ճա՛նս, չոր մաքրումի համար հարիւրաւոր տոլարներ կը ծախսէի:

– է՜հ, քորոնային բարիքները:

***

– «Աչքը սրտին հայելին է», կ’ըսեն:

– է՛հ, լաւ որ քիթը կամ բերանը չէ, թէ ոչ հայելին ծածկած պիտի պտըտէինք այս տարի:

***

Մասքով նկարուիլը վերջին նորոյթն է:

– Բայց մասքով եթէ նկարուիս ժպիտդ չի տեսնուիր:

– Ո՞վ ըսաւ, որ մասքդ բերնիդ վրայ պիտի ըլլայ:

– Հապա՞:

Մասքդ դէպի կզակդ պիտի իջեցնես ու ժպտելով նկարուիս:

– Է՛հ, մասքէ մօրուքով նկարուիլը նորոյթ է ըսէ, որ առաջին վայրկեանէն հասկնամ:

***

2020-ը մատներ ու լեզուներ աշխատցնելու տարի է, որովհետեւ կոճակ սեղմելով ու հեռաձայնին վրայ խօսելով աշխատողներու կամ պարզապէս չաշխատողներու տարի է:

***

Մասքդ վար իջեցուցեր ես, որ մաքուր օդ շնչե՞ս: 

– Դուն ալ մասքդ վեր հանած ես, որ հանգիստ խօսի՞ս:

– Այս ձեւով վարակէն պիտի պաշտպանուի՞նք: 

– Չէ՛, վարակին գլուխը պիտի դարձնենք:

***

– Ինքնաշարժին մէջ մինակ էիր, բայց մասք դրած էիր: 

– է՜հ, քորոնան օդին մէջ է եղեր: 

– Ինքնաշարժիդ պատուհաններն ալ գոց էին:

– Աս քորոնան շատ պզտլիկ է, կրնայ ըլլալ, որ տեղ մը պահուըտած է: Ես առաջք կ’առնեմ միշտ: 

– Ուրեմն տան մէջ ալ մասքով կը պտըտիս: 

– Անշո՛ւշտ: Անով ալ կը քնանամ: Այս քորոնան միշտ արթուն է ու որս մը կը փնտռէ: 

Մեր այս բարեկամը օր մը խեղդամահ պիտի ըլլայ ու` ՙքորոնայի վախով գնաց խեղճը՚, պիտի ըսենք: 

***

– Ո՞ր տարին առողջութեան իսկական արժէքը գիտցանք եւ բոլորս հաւասարեցանք ու մէկ պայքար մղեցինք:

– 2020-ին:

– Ո՞ր տարին շատ մը մոռցուած, բայց անհրաժեշտ զգացումներու տեղ տուինք: 

– 2020-ին:

– Ո՞ր տարին ընտանիքի յարգը աւելիով գիտցանք:

– 2020-ին:

– Ո՞ր տարին պատերազմներու մասին չլսեցինք:

– 2020-ին:

Է՜հ, չկայ չարիք` առանց բարիքի: