Զրոյց Զարեհ Ա. Քահանայ Զարգարեանի Հետ` Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Վերաբացման, Եկեղեցւոյ Հովանիին Ներքոյ Գործող Կազմակերպութիւններուն Գործունէութեան Մասին


Տի­րուկ Մար­գա­րեան Կա­րա­պե­տեան


Պսա­կա­ձեւ ժահ­րի պար­տադ­րած ի­րա­վի­ճա­կը փո­խեց մեր ապ­րե­լա­կեր­պը, սո­վո­րու­թիւն­նե­րը եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քը: Դժո­ւար պա­րա­գա­նե­րէ ան­ցանք շա­տերս եւ ա­պա­ւի­նե­ցանք Աս­տու­ծոյ ու մխի­թա­րո­ւե­ցանք ե­կե­ղեց­ւոյ, մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րու եւ ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած առ­ցանց ծրա­գիր­նե­րով, ո­րոնց­մով կրցանք ո­րոշ չա­փով հո­գե­կան խա­ղա­ղու­թիւն գտնել եւ մեր ըն­կե­րա­յին կեան­քը պահ­պա­նել, մին­չեւ որ ե­կաւ այն պա­հը, երբ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նոր թե­լադ­րանք­նե­րով ա­ռաջ ան­ցանք ու զի­նո­ւե­ցանք լա­ւա­տե­սու­թեամբ:

Ան­ցած ա­միս­նե­րու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն ու զա­նոնք յաղ­թա­հա­րե­լու մի­ջոց­նե­րուն մա­սին զրու­ցե­ցինք Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­վիւ Զա­րեհ Ա. Քա­հա­նայ Զար­գա­րեա­նի հետ` տե­ղե­կա­նա­լու ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր հո­վա­նիին ներ­քոյ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին:

 

Հար­ցում- Հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռով դռնե­րը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս փա­կած Թո­րոն­թո­յի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցին Յու­նիս 14-ին բա­ցաւ իր դռնե­րը եւ մա­տու­ցեց Ս. Պա­տա­րագ: Ինչ­պի­սի՞ մթնո­լորտ կը տի­րէր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ եր­կար բա­ժա­նու­մէ ետք միաց­ման պա­հը ի՞նչ զ­գա­ցում­նե­րու ա­ռիթ տո­ւաւ: 

Պա­տաս­խան- Ա­ռա­ջին ա­ռի­թով կ­’ու­զեմ “Թո­րոն­թո­հայ” թեր­թի խմբագ­րու­թեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել այս հար­ցազ­րոյ­ցը կա­յաց­նե­լուն հա­մար, կը մաղ­թեմ, որ Աս­տո­ւած պա­հէ ձեզ ա­պա­հով, ա­ռողջ եւ ա­րե­ւա­շատ: Այս հա­մա­ճա­րա­կը շատ ան­յար­մար եւ անբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ մըն էր, որ իր հետ բե­րաւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ եւ հե­տե­ւանք­ներ: Նախ, փառք կու տանք Աս­տու­ծոյ, որ եր­կար դա­դա­րէ ետք կրցանք Յու­նիս 14-ին վե­րա­բա­նալ մեր Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ դռնե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը (մա­սամբ մը ան­շուշտ) ա­ռիթ ու­նե­ցան ներ­կայ գտնո­ւե­լու Ս. Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան: Այս ըն­թաց­քին քա­նի մը ան­գամ Zoom-ով ժո­ղով­ներ գու­մա­րե­ցինք Աշ­խա­տան­քա­յին նա­խա­րա­րու­թեան (Labour Minster), այլ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու եւ մեր ե­րես­փո­խան Ա­րիս Պա­պի­կեա­նի հետ ու ա­նոնք նկա­տի ա­ռին ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րը ու ա­ջակ­ցե­ցան մե­զի, որ­պէս­զի ա­պա­հով ձե­ւով ե­կե­ղե­ցին վե­րա­բա­ցո­ւի: Ա­սոր հա­մար կ­’ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել Օն­թա­րիոյ նա­հան­գի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ Գա­նա­տա­յի պե­տու­թեան:

Ան­ցած շրջա­նը դժո­ւար էր այն ի­մաս­տով, որ մենք մեր ամ­բողջ ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին կը քա­րո­զենք, կը քա­ջա­լե­րենք եւ շատ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րենք մարդ­կանց ան­մի­ջա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ յան­կարծ ա­պա­հո­վոււ­թիւ­նը եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար ստի­պո­ւած էինք մեր դա­րե­րու սկզբուն­քին հա­կա­ռակ գոր­ծել, սա­կայն փառք Աս­տու­ծոյ` վե­րա­բա­ցո­ւե­ցաւ ե­կե­ղե­ցին եւ շատ յու­զիչ մթնո­լորտ մը կար հոն ու ես` իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցա­կան, ա­ռա­ւե­լա­բար այդ օ­րը, ան­գամ մը եւս զգա­ցի եւ հա­մո­զո­ւե­ցայ, որ մեր ե­կե­ղե­ցին մեր ժո­ղո­վուդն է: Ա­ռանց ժո­ղո­վուր­դի ե­կե­ղե­ցին միայն շի­նու­թիւն է. ժո­ղո­վուր­դը իր ներ­կա­յու­թեամբ, շուն­չով եւ ա­ղօթ­քով բո­վան­դա­կու­թիւն եւ ի­մաստ կը հա­ղոր­դէ ե­կե­ղեց­ւոյ:

 

Հ- Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ինչ­պի­սի՞ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լեն ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նիին ներ­քոյ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու  հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը եւ ինչ­պէ՞ս ­կը հաս­նին ան­դամ­նե­րուն եւ օգ­նու­թեան ձեռք կը մեկ­նեն ա­նոնց:

Պ- Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ստի­պո­ւե­ցանք մեր գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րուն հետ կապ հաս­տա­տել հա­մա­ցան­ցա­յին մի­ջոց­նե­րով: Մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը ֆի­զի­քա­պէս դադ­րե­ցաւ, սա­կայն ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր կեան­քը եւ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ առ­ցանց: Դժբախ­տա­բար մա­հեր ալ ու­նե­ցանք, ի թիւս այդ մա­հե­րուն նաեւ Covid 19-ի պատ­ճա­ռով մա­հա­ցող­ներ ե­ղան: Կ­’ա­ղօ­թենք, որ Աս­տո­ւած ի­րենց հո­գի­նե­րը լոյ­սե­րու մէջ պա­հէ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռողջ պա­հէ մեր ժո­ղո­վուր­դը: Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նու ներ­քոյ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, յատ­կա­պէս Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ  Ազ­գա­յին Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նը իր 350 եւ ա­ւե­լի ա­շա­կերտ­նե­րով շա­րու­նա­կեց դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը առ­ցանց եւ շրջա­նա­ւարտ­ներ ալ տո­ւաւ, իսկ միւս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը բնա­կան կեր­պով շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը` կեդ­րո­նա­նա­լով ի­րենց ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն վրայ: Ըն­տա­նե­կան ծա­ռա­յու­թեան մար­մի­նը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ սի­րա­յօ­ժար ծա­ռա­յող ան­հատ­նե­րը միշտ կա­պի մէջ մնա­ցին տա­րեց­նե­րուն հետ: Մեր շեշ­տը դրո­ւե­ցաւ տա­րեց­նե­րուն վրայ, ո­րոնք ա­ռան­ձին կ­’ապ­րէին եւ մար­դոց հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լէ զրկո­ւի­լը շատ դժո­ւար էր ի­րենց հա­մար: Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը գոր­ծեն հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան լծո­ւած մար­մին­ներ, ու­րեմն սեր­տո­ղու­թեան ե­րեք խում­բերն ալ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Zoom-ով: Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նու ներ­քոյ ան­կախ գոր­ծող, ո՛չ ­շա­հու­թա­բեր, եւ պե­տու­թեան քով ար­ձա­նագ­րո­ւած` “Բա­րեւ” կա­զա­մա­կեր­պու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց իր կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ այլ ծրա­գիր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ` Հայ ըն­տա­նի­քի Oժան­դա­կող Մար­մի­նը (Armenian Family Support Service) շա­րու­նա­կեց իր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ե­ղան ա­ռա­ւե­լա­բար բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն, իսկ մեր նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը փոր­ձե­ցինք շա­րու­նա­կել մեր հա­մայն­քին եւ հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ: Նաեւ շատ հա­մեստ, բայց կա­րե­ւոր` “Տաք Ա­պուր” (Soup kitchens) օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, նա­խորդ տա­րի­նե­րուն նման, այս տա­րի եւս հայ­թայ­թե­ցինք մեր հայ­րե­նի­քին: Ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նեա­կը ան­խա­փան շա­րու­նա­կեց իր աշ­խա­տան­քը եւ բո­լոր հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րը, նա­մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը եւ գրա­սե­նեա­կա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան: Մէկ խօս­քով, ոչ ֆի­զի­քա­պէս, սա­կայն այլ մի­ջոց­նե­րով ժո­ղո­վուր­դը եւ մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը միշտ ի­րա­րու հետ կա­պի մէջ մնա­ցին:

 

Հ- Ինչ­պի­սի՞ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ յա­ռաջ բե­րաւ պսա­կա­ձեւ ժահ­րը: Հո­գե­պէս պատ­րա՞ստ­ էինք դի­մագ­րա­ւե­լու այդ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը: Հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քին եւ մեր մտա­ծե­լա­կեր­պին մէջ ինչ­պի­սի՞ նո­րու­թիւն­ներ պէտք է մու­ծել` յար­մա­րե­լու նման կա­ցու­թիւն­նե­րուն:

Պ- Այս հա­մա­ճա­րա­կը նիւ­թա­կան եւ տնտե­սա­կան ի­մաս­տով իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ, դժո­ւա­րու­թեան մատ­նեց ժո­ղո­վուր­դը եւ շա­տեր ան­գործ մնա­ցին: Հիմ­նա­կան հարց մըն ալ կայ, ո­րը հո­գե­կան տագ­նապն է. վա­խի եւ ա­նո­րո­շու­թեան մթնո­լոր­տը այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ է, ո­րուն մատ­նո­ւող­նե­րը միւս կող­մը ե­ղած լոյ­սը չեն տես­ներ: Մենք քա­ջա­լե­րե­ցինք, որ մար­դիկ եւ ըն­տա­նիք­ներ Աս­տու­ծոյ հետ ի­րենց կա­պը շատ ա­մուր պա­հեն, ո­րով­հե­տեւ Աս­տո­ւած այն յոյսն ու լոյսն է, որ դժո­ւա­րու­թեան պա­հուն խա­ւա­րը կը լու­սա­ւո­րէ, կ­’ա­ռաջ­նոր­դէ մեզ եւ դուրս կը բե­րէ բո­լորս յու­սալ­քո­ւած հո­գե­վի­ճակ­նե­րէ: Ին­ծի հա­մար նաեւ շատ կա­րե­ւոր է, թէ այս ճգնա­ժա­մը անց­նե­լէ ետք ինչ­պի­սի՛ փո­փո­խու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մեր ըն­կե­րա­յին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ: Ու­րեմն մենք` իբ­րեւ հա­մայնք, պէտք է շատ ու­շա­դիր ըլ­լանք, որ ի­րենց հա­մա­կար­գիչ­նե­րուն, հե­ռա­ձայն­նե­րուն եւ հա­մա­ցան­ցին կա­պո­ւած մեր զա­ւակ­նե­րը չա­փա­զան­ցու­թեան չեր­թան եւ այս կեան­քին մէջ չկորսնց­նեն ի­րենց ան­հա­տա­կա­նու­թիւնն ու ա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պը: Մեր խնդրան­քը եւ կո­չը այն է, որ ծնող­նե­րը քա­ջա­լե­րեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ամ­րաց­նե­լու ի­րենց ան­մի­ջա­կան շփում­նե­րը եւ կա­պը մարդ­կանց հետ, որ­պէս­զի այս ա­մէ­նը իր մնա­յուն վնա­սը չխարս­խէ մեր ներ­կայ եւ գա­լիք սե­րուն­դին մէջ: Յու­սանք, որ այդ բա­ցը` մենք` իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցի, հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար մեր գա­ղու­թի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ, պի­տի կա­րե­նանք լրաց­նել ու փո­խան­ցել այդ ա­մէ­նը նոր սե­րուն­դին:

 

Հ-­Նախ­կին օ­րե­րու հա­մե­մատ, այ­սօր կարգ մը դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ կան, ուր ա­ռող­ջա­պա­հա­կան օ­րէնք­ներ կի­րար­կե­լով կրնան ի­րենց դռնե­րը բա­նալ եւ գոր­ծել ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նիին տակ գոր­ծող կարգ մը հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Այս ի­մաս­տով ի՞նչ ­խօսք կ­’ու­զէք փո­խան­ցել ըն­թեր­ցող­նե­րուն եւ ա­ջակ­ցու­թիւն խնդրող­նե­րուն:

Պ- Փառք Աս­տու­ծոյ, որ այ­սօր դէ­պի լաւ կ­’ըն­թա­նայ այդ բո­լո­րը: Մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը այն­պի­սի մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կած են, որ­պէս­զի մար­դիկ ա­պա­հով զգան: Ե­կե­ղե­ցին չա­փա­զանց կա­րե­ւոր եւ էա­կան դեր ու­նի սնու­ցա­նե­լու մար­դու հո­գին, ուս­տի պէտք չէ վախ­նանք ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լե­լէ: Վստահ եմ, որ բո­լորն ալ ան­վախ պի­տի յա­ճա­խեն ե­կե­ղե­ցի եւ ջեր­մե­ռանդ ա­ղօ­թեն, որ­պէս­զի Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նան, ինչ­պէս նաեւ այս ճգնա­ժա­մէն ետք ի­րենց կա­պը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ: Մենք շատ կա­րօտ­ցած ենք մեր ժո­ղո­վուր­դին: Իս­կա­պէս, իմ հո­վո­ւա­կան կեան­քի ա­մե­նէն տխուր պատ­կե­րը ե­ղաւ Ս. Յա­րու­թեան պա­տա­րա­գին, երբ ե­կե­ղե­ցին ամ­բող­ջու­թեամբ պա­րապ էր: Կ­’ա­ղօ­թենք, որ Աս­տո­ւած այս­պի­սի ի­րա­վի­ճակ­նե­րէ դուրս հա­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դը եւ ե­կե­ղե­ցին ու մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը գրկա­բաց ըն­դու­նին մեր զա­ւակ­նե­րը:

Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն. մնա­ցէք ա­պա­հով եւ ա­ռողջ: