ՔԵՍԱՊԻ ԴԻՒՑԱԶՆ ԶԱՒԱԿԸ, ՈՐ ԴԺՆԴԱԿ ՕՐԵՐՈՒՆ, ԻՐ ՀԱՅԿԵԱՆ ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ ՓԱՅԼԵՑԱՒ, ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆ ՄԸ ԹՈՂԵԼՈՎ ԻՐ ԵՏԻՆ, ՈՒ ԵՂԱՒ ԻՐԱՒ ՀԱՅՐԸ ԲՈԼՈՐ ՈՐԲԵՐՈՒՆ, ԼԻ` ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ, ՈՐՈՆՑ ՀԱՄԱՐ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԶԻՆՔ ԿՈՉԵՑ “ՏԱՅԻ”…
Լիբանանի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Մեր ազգի պատմութիւնը լի է հերոսական դրուագներով, որոնք կերտուած են հերոսներու սխրագործութեանց շնորհիւ։ Մեր քաջարի հերոսները, յաճախ, ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած են՝ զիրենք բնութագրող մակդիրով մը, ինչպէս հոս՝ «Քեսապի Տային» կամ «Գարա Տային»։
Հայոց Պատմութեան նշանաւոր հերոս «Քեռի»ներէն մին եղած է Գարատուրանի զաւակ, Սաղտըճեան գերդաստանէն սերած Քեսապի Տային` Ովսիա Սաղտըճեան (1887-1953), որ պաշտպանած է քեսապցիները թուրքերու ասպատակութիւններէն ու սպանութիւններէն: Տային, քաջութեան ու խիզախութեան կողքին, ունէր մարդկային ամենաազնիւ առաքինութիւնները, որոնք զինք կը դարձնեն քեսապցիներուն «պահապան հրեշտակը»: Իր մարդասիրական ու բարի գործերուն շնորհիւ իրեն կը տրուի «Տայի» (քեռի) պատուանունը: Տային իր հերոսական արարքներուն կողքին, Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր սիրելի ծննդավայրին՝ Քեսապի, Հայաստանի ու Կիլիկիոյ որբերուն վրայ եւ անշուշտ փրկած է զանոնք թուրքին ճիրաններէն:
Խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեանի՝ «Քեսապի Տային» գիրքը հրատարակուած է Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, Հոկտեմբեր 2021-ին։ 152 էջերէ բաղկացած, պատկերներով հարուստ գիրքը կը բովանդակէ հերոսին կեանքն ու դիւցազնական կեցուածքները։ Տայիին յուշերը կը պատմէ իր աղջիկը` Մանուշակ Սաղտըճեան-Փանոսեան: Այդ յուշերու կողքին կան նաեւ շարք մը վկայութիւններ, ինչպէս` Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթէն քաղուած, Հայկազ Թրթռեանի (Տայիին փեսան), տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեանի, Յակոբ Մանճիկեանի, Վահէ Յ. Աբէլեանի, Դերենիկ եպս. Փոլատեանի եւ ուրիշներու վկայութիւնները:
Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Տային նկարագի՛ր ունեցող ղեկավար էր։ Իր Հարազատ ու զտարիւն նկարագիրը ցցուն կերպով բացայայտուեցաւ Քեսապի ժողովուրդին ամէնէն նեղ օրերուն, ծանր փորձութեանց եւ փորձանքներու ընթացքին։ Կը գործէր պատասխանատւութեան զգացումով, խիղճով եւ բնաւ չէր ազդուեր աջէն ու ձախէն փչող հովերէն։ Երբեք չկորսնցուց ինքզինք եւ տոկուն պահեց իր ցեղային սքանչելի նկարագիրը։ …Տային ինքնակոչ ղեկավար էր: Քեսապի տառապեալ ժողովուրդին կանչն էր: …Ան եղաւ անանձնականութեան եւ այլասիրութեան խորհրդանիշ մը: Տային եղաւ մէկը, որ աւելի գործեց, քան խօսեցաւ»:
Ովսիա իր կեանքի ընթացքին բնաւ դպրոց չէ գացած, սակայն իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ազգին եւ իր սիրելի ծննդավայրին: 1909-ի Ատանայի ջարդերուն քեսապցին ալ բռնեց գաղթի ճամբան: Երբ պատերազմը վերջացաւ եւ ժողովուրդը վերադարձաւ Քեսապ, թուրք պաշտօնեաները յաճախ անվայել ձեւով վարուեցան մարդոց հետ։ Թուրք բանակին չծառայելու համար Ովսիան կը ձգէ իր սիրելի գիւղը, կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ ու կը հաստատուի Փիցպըրկ քաղաքը: Կ’աշխատի զէնքի գործարանի մը մէջ: Ամերիկայի մեքենական կեանքը հաճելի չէր երիտասարդ Ովսիային, առաւել եւս հայրենի լեռները կը կանչէին զինք։ Ան կ’որոշէ քիչ մը դրամ շահելու պարագային վերադառնալ իր հարազատներուն եւ հայրենակիցներուն քով:
Համաշխարհային Ա. Պատերազմին, երբ ֆրանսական բանակին հովանաւորութեամբ կը կազմուի «Հայկական Լեգէոն»ը, իբրեւ օժանդակ գունդ՝ Միջին Արեւելքի՝ Պաղեստին-Սուրիա ճակատին վրայ Թուրքիոյ դէմ պատերազմող դաշնակից բանակներուն, Տային կարգ մը քեսապցիներու հետ կը կամաւորագրուի եւ կը մասնակցի Արարայի Ճակատամարտին, Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ ազատագրութեան մարտերուն: Պատերազմի աւարտէն ետք ան կը փութայ իր ծննդավայրը, երբ կ’իմանայ, որ Քեսապ վերադարձած ժողովուրդը ենթակայ էր թուրք «էշխիաներուն» եւ խուժանին խժդժութիւններուն։ Տասնհինգ օրեր քալելէ ետք կը հասնին Քեսապ եւ կ’՛ապաստանին Գարատուրանի լեռները․ «․․․ Տային եւ Միսաքոն (Միսաք Կիրակոսեան) կը ձգեն ֆրանսական բանակը եւ իրենց զինուորական տարազներով ու զէնքերով կ՛երթան իրենց ծննդավայրը` օգնելու իրենց համագիւղացիներուն: Ճամբան երկար էր եւ վտանգաւոր: Սակայն երկուքն ալ չեն յուսահատիր»:
Այդ շրջանին Քեսապի վիճակը անկայուն էր եւ անիշխան: Երկու քաջարի հերոսները չեն ուզեր յայտնուիլ ժողովուրդին: Տային եւ Միսաքոն ամէն օր Քեսապի տարբեր գիւղերուն մէջ կ’երեւէին եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգէին, որ մեծ թիւով զինեալներ կը շրջէին Քեսապի ու շրջակայքի գիւղերը։ Անոնք թշնամիին վախի ու սարսափի մէջ ձգած էին: Հետեւաբար, Քեսապի մէջ ապաստանած օտարները կամաց-կամաց կը փախչին, իսկ շրջանի թուրք բնակիչները վախէն դրդուած աւելի յարգանքով կը վերաբերին հայ գիւղացիին հետ։ Այս առիթով Դերենիկ Եպս․ Փոլատեան Տայիի մասին հետեւեալը վկայութիւնը կու տայ․ «Քեսապի եւ շրջակայքի ժողովուրդին համար իր անունը հոմանիշ դարձած էր Գայլ Վահան Մամիկոնեանին։ Յիրաւի, ան իր մէջ կը մարմնացնէր Մամիկոնեան տոհմին ասպետական հոգին։ …Դեռ ներսս կ’արձագանգեն մանկութեանս օերուն գիւղացիներուն յաճախ յեղյեղած սա խօսքը․ – Տային Քեսապ է, թուրքերը չեն կրնար մեր գիւղը գրաւել։ Ու չկրցան, որովհետեւ Տային՝ ցերեկ ու գիշեր՝ կը հսկէր Քեսապի եւ անոր մերձակայ գիւղերուն վրայ։ Ո՞ր թուրքը կը յանդգնէր մօտենալ այդ սահմաններուն»։
Ահա՛, այդ ժամանակ կը կազմուի Քեսապի պզտիկ հանրապետութիւնը (1919-1922) եւ կը սկսի նուիրական մեծ աշխատանքը: Քեսապցին, օգնելով իր համագիւղացիին, կը սկսի վերաշինել տուները, եկեղեցիները, եւ այս բոլորին ծրագրողը ու առաջնորդողը կ’ըլլայ Տային:
Տային բոլորին հայրիկն էր: Ան ո՛չ միայն օգնութեան ձեռք երկարեց Քեսապի որբերուն, այլ նաեւ բոլոր այն հայ որբերուն, որոնք հասած էին Կիլիկիայէն կամ Հայաստանէն: Քեսապի մէջ որբանոց մը հիմնուած էր: Տային եւ Միսաքոն, երբ լսէին, որ արաբ կամ թուրք, քիւրտ ընտանիքներու քով կը գտնուէր հայ անհատ մը, կ’երթային եւ զայն կը վերադարձնէին ազգին: Տային կը շրջէր տարբեր շրջաններ, որպէսզի այդ որբերուն հագուստ գտնէր:
Յակոբ Մանճիկեան հետեւեալ վկայութիւնը կ’ընէ․«Նախախնամութիւնը, քաջութեան, արիութեան կարգին, Ովսիան օժտած էր այլասիրութեան ու գորովանքի ամենաազնիւ առաքինութիւններով: Նկարագրային այս յատկութիւններով օժտուած` Ովսիան եղաւ կարիքաւոր քեսապցիներուն պահապան հրեշտակը: Մարդասիրական, բարի իր գործերուն համար Քեսապի հայերն ու դրացի այլազգները իրեն տուին «Տայի» (քեռի) պատուանունը»:
1928-ին կը հիմնուի Քեսապի Ազգային Միացեալ բարձրագոյն վարժարանը: Տային բահն ու բրիչը ձեռքին կ’ըլլայ անոր առաջին նախաձեռնողը: Քեսապի Տայիին համար դպրոց կառուցելը կարեւոր էր: Դպրոցի բացման օրը Տայիին ձեռքին մէջ մեծ Եռագոյն դրօշակը կը ծածանէր։ Ան ամենայն ուրախութեամբ խումբին առջեւէն քալելով կ’երթար մասնակից դառնալու բացումին:
Քեսապի Ազգային Միութեան մարմինը զայն կը նշանակէ իր բացած որբանոցին պատասխանատու` «Հայրիկ»ը, մինչեւ որբանոցին ցրւումը՝ սաներուն չափահասութեան հասնիլը: Կը պատմուի, որ իր կողակիցը՝ Մարի Ատուրեան եղած է որբանոցին անտէր-անտիրական վերջին որբը, որուն հետ կը պսակուի Տային: Անոնք կ’ունենան հինգ աղջիկներ` Երանուհի (փոքր տարիքին կը մահանայ), Խաթուն, Ռահել, Մանուշակ եւ հինգերորդը` Երանուհի, որ կոչուած էր մահացած քրոջ անունով:
Տային թէեւ անուս էր, բայց իր տունը վերածեց փոքր մշակոյթի կեդրոնի, ուր հաւաքուեցան Քեսապի մշակութասէր տնօրէնները, անհատները եւ միասին երգեցին, ասմունքեցին, պարեցին ու անմոռանալի պահեր անցուցին: Տային կը վայելէր բոլորին յարգանքը: Անուանի այցելուներէն յիշենք՝ Նիկոլ Աղբալեան, Վարդան Շահպազ, Սօսէ Մայրիկ, Բարսեղ Կանաչեան եւ ուրիշներ ։
Կեանքի վերջին շրջանին, երբ Տային քալելու անկարող էր, կը նստէր իր աթոռին եւ այցելունէր կ’ընդունէր։ Միսաքոն եւ Տային անբաժան ընկերներ էին, ան Քեսապի մեծ հերոսին տեսութեան կու գար միշտ, իսկ Քեսապ եկող այցելուները Տայիին հետ կ’երգէին ազգային-յեղափոխական երգեր, ու Տայիին աչքերէն յաճախ ուրախութեան արցունքներ կը հոսէին: Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիկեան երկար տարիներով ու մեծ սիրով Տայիին ամէնօրեայ այցելուն եղաւ։
Տային կը մահանայ 14 Յունուար 1953-ին` իր ետին ձգելով օրինակելի հայ մարդու եւ հերոսի տիպարը: Անոր թաղման օրը Քեսապի բոլոր դպրոցները եւ հաստատութիւնները, որպէս վերջին յարգանք, կը փակեն իրենց դռները: Ան կը թաղուի Քեսապի գերեզմանատան մէջ: Իր շիրիմին վրայ կ’արձանագրուին Դանիէլ Վարուժանի հետեւեալ տողերը.
«Քեզ հայ խրճիթ մը ծնաւ,
Հայ վիշտը քեզ օրօրեց,
Ու այդ վիշտին չափ մեծ եղար»։
Մեր ազգի անմահ հերոսներէն մէկը՝ «Քեսապի Տային», այս գիրքով անգամ մը եւս կ’անմահանայ եւ անոր սխրանքն ու ազնիւ ոգին արիութիւն կը ներշնչէ նոր սերունդին։ Ահա, թէ ինչո՞ւ թորոնթոհայութիւնը, եւ յատկապէս հայ նոր սերունդը՝ սոյն գիրքը կարդալու կը հրաւիրենք։
Յիշենք, որ «Քեսապի Տային» գիրքը կրնաք ձեռք բերել Թորոնթոյի Համազգայինի գրատունէն՝ նուիրատւութիւն մը կատարելով, իսկ նուիրատւութիւններէ գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան։
«Քեսապի Տային» գիրքէն առնուած պատկերներ