Քեսապի Մէջ «Միսաքեան» Մշակութային Կեդրոնի Վերանարոգման Մեկնակը Տրուեցաւ


“Միսաքեան” կեդրոնի վերանորոգման հիմնարկէքի արարողութենէն պատկերներ, 25 Մարտ 2021, Քեսապ, Սուրիա

Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021֊ին Քեսապի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ «Միսաքեան» Մշակութային Կեդրոնի Վերանարոգման ծրագիրին, կը տեղեկացնէ Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջը։

Նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, արարողութեան ներկայ էին նաեւ՝ եկեղեցւոյ Հովիւ Տիար Շանթ Ակիշեան, գիւղապետ Պրն. Վազգէն Չափարեան, Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու ժողովականներ, քեսապահայեր։  

Մշակութային կեդրոնի վերանորոգման այս ծրագիրը մշակութային կեանքի զարթօնքի նոր յոյս պիտի ներշնչէ քեսապահայ նոր սերունդին։

Յիշեցնենք, որ 2014-ին զինեալ ահաբեկիչներու ներխուժման հետեւանքով այրուած էին բազմաթիւ շինութիւններ՝ եկեղեցիներ, տուներ, մշակութային կերդրոններ, որոնց շարքին էր նաեւ «Միսաքեան» կեդրոնը։