Քրիստափոր Արթինի եւ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակին


Րաֆֆի Սարգիսեան
Թորոնթօ, Գանատա
 
Վերացար երկնային դիւցազներուն մօտ,
Ուրճալի եւ սրբազան փաղանգի գրկին։
Արեամբդ օծուած Վարանգաթաղը միացաւ,
Հերոսարան Վիտոշի, Մշոյ եւ Սասնոյ շարքին։ 
 
Ազնիւ հոգիդ, շերտեր դարձած`
Մեր սրտերն ծարաւի անոր իջեւան,
Սուզուեցաւ, մեր մէջ թարմացած
Արտասուալից բիբեր` վրիժափայլ դարձան,
Իսկ փխրուն բազուկը դարձաւ պողպատ,
Մարտակոչդ շեփորելու, մարտնչելու,
Իսկ խոնջ ձայներն դարձան որոտում` 
Կամքդ երգելու, այդ օծուն հողին հետ 
Հաղորդուելու, 
Մե՛ր արեամբ ալ, հայրենիքը բեղմնաւորելու։