3 Զինուոր` Մէկ Ընտանիքէ. Սուրիահայ Գազանճեան Եղբայրները Կը Ծառայեն Հայոց Բանակին Մէջ


17ամեայ Մեսրոպ Գազանճեանը իր ընտանիքին հետ Հայաստան եկած է 2 տարի առաջ, Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն: Այնտեղ անոր հայրը մեքենաներու վերանորոգութեամբ կը զբաղէր, եղբայրները սափրիչ էին:

Սուրիական պատերազմը հայրենիք բերաւ նաեւ այս ընտանիքը: Հայաստան տեղափոխուելէ ետք մօտ 1.5 տարի Գազանճեաններու ընտանիքը կ՛ապրէր Մեծամօր քաղաքին մէջ: Վերջին ամիսներուն, սակայն, անոնք տեղափոխուած են մայրաքաղաք, Զէյթուն թաղամասին մէջ մէկ սենեականոց բնակարան մը վարձած են, 5 հոգինոց ընտանիքը այդ մէկ սենեակին մէջ կը բնակի:

Ընտանիքը 5 արու զաւակ ունի. անոնցմէ 4ը հարազատ եղբայրներ են՝ Պօղոսը, Գէորգը, Սագօն ու Մեսրոպը, իսկ Թորոսը տղոց մօրաքրոջ որդին է: Թորոսին հայրը շատոնց մահացած է, եւ տղուն խնամքը Գազանճեանները ստանձնած են:

Ժամանակաւոր անյարմարութիւնները, սակայն, չեն ընկճած այս ընտանիքը, աւելին՝ ընտանիքին 2 տղաքը՝ Գէորգն ու Թորոսը, այսօր կը ծառայեն հայոց բանակին մէջ: Գէորգը արդէն 9 ամսուայ ծառայող է, Թորոսը՝ ընդամէնը երկու: Երկուքն ալ Ղարաբաղի զօրամասերուն մէջ կը ծառայեն, գոհ են ծառայութենէն, ոգեւորուած, ու արդէն կը սպասեն իրենց երրորդ եղբօրը՝ Մեսրոպին:

Մեսրոպին 18ամեակը 2 ամիսէն կը լրանայ, բայց տղան արդէն անհամբեր կը սպասէ, թէ երբ պիտի զօրակոչուի բանակ, կ՛ուզէ անպայման եղբայրներուն կողքին ըլլալ՝ Արցախի մէջ: «Տղաներուս յաճախ կ՛ըսեմ՝ ինչո՞ւ կ՛երթաք ծառայելու, դուք օտար երկրի քաղաքացի էք, կրնաք չծառայել, բայց ես միշտ կը հակադարձեմ՝ եթէ իրենք չծառայեն, ապա ո՞վ պիտի ընէ ատիկա: Օտարը պիտի չգայ մեր բանակը շէնցնէ, ասիկա մեր հողն է, Ղարաբաղն ալ նոյն Հայաստանն է, ամէնքս ալ հայ ենք», «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին կը պատմէ ընտանիքին հայրը՝ Դաւիթ Գազանճեանը:

Մեսրոպը քչախօս է, համեստ, ինքնամփոփ, ու զրոյցը դժուար կը ստացուի… օգնութեան կը հասնի ընտանիքի բարեկամուհին՝ տիկին Նաթալին. «Գիտէ՞ք, ամբողջ օրը հայրենասիրական, ազգային երգեր կը լսէ: Կրնայ ամբողջ օրը տունը փակուած մնալ: Իր տարիքի տղաներուն նման չէ, փողոցի մէջ հետաքրքրութիւններ, ընկերներ չունի, միայն եղբայրներուն հետ յաճախ կը խօսի, կ՛ըսէ՝ երթամ, ախբօրս հետ կռուիմ…»: Բանակին մէջ ծառայելու մասին մտքերը այնքան զբաղեցուցած են Մեսրոպին, որ բացի ծառայութենէ, ուրիշ բանի մասին չի մտածեր: Կը հարցնեմ՝ որ ծառայես, վերջացնես, ինչո՞վ պիտի զբաղիս: «Դէ, երկու տարի դեռ կայ, կը մտածեմ: Գուցէ զինուորական գործը շարունակեմ», կ՛ըսէ ապագայ զինուորը:

Ի դէպ, Մեսրոպին աւագ եղբայրը՝ Գէորգը, որ Հատրութի զօրամասերէն մէկուն մէջ կը ծառայէ, ապրիլեան օրերուն մասնակցած է թէժ մարտերուն: Հասցուցած է այդ օրերու մարտական ոգին, ոգեւորութիւնը փոխանցել կրտսեր եղբօրը: Դիրքերէն կը զանգէր հարազատներուն, զանոնք կը հանգստացներ՝ ըսելով. «Առիւծի պէս պիտի առաջ երթանք մինչեւ վերջ»: Այսօր Գէորգը արդէն հմուտ հրետանաւոր է, իսկական ռազմիկ:

Հայաստան տեղափոխուելու առաջին օրերէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այս ընտանիքին կողքին է: Ինչպէս նախարարութիւն դիմած բոլոր սուրիահայերուն, Գազանճեաններուն եւս գերատեսչութիւնը օգնած է առողջապահական, կեցութեան հարցերով: Նախարարութեան օժանդակութեամբ ընտանիքը կրցած է մասնակցիլ աւագ որդիին՝ Գէորգին, զինուորական երդման արարողութեան:

Հայաստան տեղափոխուած շատ սուրիահայերու նման Գազանճեաններուն խնդիրները նոյնպէս բնակարանին ու աշխատանքին կը վերաբերին: Մեծամօրի մէջ ապրած ատեն անոնց օգնած են բնակարանի վարձը վճարելով, այսօր այդ նոյն խնդիրը ունին Երեւանի մէջ: Սփիւռքի նախարարութիւնը այս հարցով եւս կը փորձէ օգնել ընտանիքին՝ բնակարանի վարձի համար դիմելով տարբեր մարդասիրական, հասարակական կազմակերպութիւններու:

Երեւանի մէջ Գազանճեանները իրենց սեփական գործը հիմնած են: Քաղաքին մէջ փոքրիկ տարածք մը վարձակալած են, ուր թարմ հաց, լահմաջուն կը թխեն ու կը վաճառեն: Գործը նոր է, բայց դժգոհ չեն, կրնան իրենց օրուայ հացը վաստակել:

Ի վերջոյ, աշխատող, հայրենասէր մարդը ամէն տեղ իր հացը կը գտնէ, բայց հայրենիքի հացը անուշ է, միայն թէ խաղաղութիւն ըլլայ…