Պաքու երկարաձգեց Արցախի նախկին ղեկավարներու բանտարկութեան ժամկէտը


Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները 25 յունուարին հաղորդեցին, որ Պաքուի դատարանը 4 ամիսով երկարաձգեց Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի եւ զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի ու Դաւիթ Մանուկեանի բանտառկութեան ժամկէտը: Մեղադրող կողմը նախապէս այս գծով միջնորդութիւններ ներկայացուցած էր: 

Պաքու վերոյիշեալ անձնաւորութիւններուն նկատմամբ կ’ուղղէ ծանր մեղադրանքներ։ 

 

Արցախին նուիրուած համաժողով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ

Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործուող մշակութային սպանդը կանխարգիլելու հիմնական միջոցներէն են հոն միջազգային խաղաղապահներու ներկայութիւնն ու յստակ գործիքակազմերու գոյութիւնը:

Համաժողովէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի)

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ, 24 յունուարին, Պրիւքսելի մէջ համապարփակ քննարկումէ ետք նման եզրակացութեան եկած են Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած «Պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը» խորագիրով համագումարին մասնակիցները:

Մասնակից երեսփոխանները վստահեցուցած են, որ ամէն բան պիտի ընեն, որպէսզի հարցը նաեւ ուշադրութեան կիզակէտը դառնայ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինին:

Եւրոպական խորհրդարանի սլովաք երեսփոխան Միրիամ Լեքսման իր խօսքին մէջ նշած է, որ Եւրոպական Միութեան պարտքն է ամէն ինչ ընել Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը փրկելու համար:

«Եւրոպական խորհրդարանը բազմիցս բարձրաձայնած է ազրպէյճանական կեղծ թեզերու եւ միտումնաւոր կերպով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու մասին: Հակառակ ատոր` Եւրոպական Միութիւնը կարճաժամկէտ տնտեսական խաղի մէջ է եւ պայմանագիր ունի Ազրպէյճանի հետ: Ասիկա անընդունելի է, եւ մեր պարտքն է ամէն ինչ ընել հայկական ժառանգութիւնը փրկելու համար», ըսած է Լեքսման:

Գլխաւոր բանախօսներէն Փիեռ տը Արժանը, որ միջազգային օրէնքի յայտնի մասնագէտ է եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցերով ներկայացուցիչն է, իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Պաքուն այսօր կը փորձէ համագումարի վերնագիրին մէջ եղող երկու բառերը վերցնել` հայկականը եւ Լեռնային Ղարաբաղը: «Պաքուն հարցականի տակ կը դնէ հայկականը եւ անոր համար գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղը: Անոնք կ’ուզեն իրենց հսկողութեան տակ պահել պատմութիւնը: Խտրականութիւնը եւ պատմութեան խեղաթիւրումը այդ երկիրին մէջ պետական քաղաքականութիւն են: Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութիւնը կենդանի է, ապրող է, եւ անիկա կրնայ գոյութիւն ունենալ, եթէ արցախահայութիւնը զայն ապրեցնէ», ըսած է Տը Արժան:

«Եւրոպա Նոսթրա» (Քաղաքացիական հասարակութեան եւրոպական ձայնը` նուիրուած մշակութային ժառանգութեան) կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սնեշքա Քուաետվլիէկ Միխայլովիչի խօսքով` Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի խիստ հռետորաբանութիւն որդեգրէ կատարուածին վերաբերեալ եւ յստակ մեքանիզմով կանխարգիլէ մշակութային ողբերութիւնը, որուն ականատեսն ենք այսօր:

Եւրոպական եկեղեցիներու համախմբումի քարտուղար Փեթեր Փաւլովիչի դիտել տուած է, որ  Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ինքնութեան հետ անմիջական առնչութիւն ու շատերու վրայ ազդեցութիւն ունի: Ան եւս կարեւոր նկատած է առկայութիւնը միջազգային դիտորդական գործիքակազմի, որ պէտք է փոխարինէ խօսքերը:

Նոյն ծիրին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի իտալացի երեսփոխան Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալատոն առաջարկած է եւրոպական արբանեակները օգտագործել, հետեւելու եւ փաստագրելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող ամէն բան` հետագային զանոնք իբրեւ ապացոյց օգտագործելո միջազգային կառոյցներու մէջ: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը համոզուած է, որ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հզօր թղթածրարը միակ լուծումն է:

Համագումարի աւարտին մասնակիցները դիտած են Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան, համագումարի կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցած Կզավիէ Պլիամիի տեսաուղերձը: «Բռնապետ մը կ’ուզէ ջնջել ամբողջ ժողովուրդ մը եւ վերացնել անոր գոյութեան վերաբերեալ որեւէ հետք: Մենք գիտենք, որ ցեղասպանութիւնը տեղի կ’ունենայ ժխտողականութեամբ, իսկ ժխտողականութիւնը կու գայ աւերումով: Արցախահայերը այսօր զրկուած են իրենց պատմական շարունակականութենէն եւ իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւուքէն», ըսած է Պելիամին:

 

Ազրպէյճանը ԵԽԽՎ-էն առնուազն մէկ տարիով հեռացուեցաւ

24 Յունուարին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) քուէներու 76 թեր, 10 դէմ, 4 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ որոշեց չվաւերացնել Ազրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները: Այս որոշումով, Ազրպէյճան առնուազն մէկ տարիով հեռացուեցաւ ԵԽԽՎ-էն, իսկ մինչ այդ կրնայ վերադառնալ միայն իր կանոնակարգային պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային։

ԵԽԽՎ նիստէն պատկեր մը

Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին միջոցով տեղեկացուց Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեանը:

«Ընդունուած բանաձեւին մէջ վեհաժողովը կը վկայակոչէ 2023 թուականի յունիսին ընդունած «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը, ուր վեհաժողովը հաստատած է Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ երթեւեկութեան բացակայութիւնը`ցնցուելով այն փաստէն, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չէ ճանչցած շուրջ տասը ամիս ձգուած իրավիճակէն բխող լուրջ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու հետեւանքները: Վեհաժողովը խոր ափսոսանք կը յայտնէ, որ փաստահաւաք առաքելութեան ծիրէն ներս Լաչինի միջանցքի հարցով ԵԽԽՎ զեկուցողը հնարաւորութիւն չէ ունեցած մեկնիլ Լաչինի միջանցք: Վեհաժողովը կը յիշատակէ նաեւ 2023-ի հոկտեմբերին ընդունած «մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» բանաձեւը, որով ԵԽԽՎ-ն դատապարտած է 2023-ի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, ինչը յանգեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի ողջ հայ բնակչութեան փախուստին Հայաստան` յարուցելով էթնիկ (ցեղային) զտումներու կասկածներ: Նոյն այս բանաձեւին մէջ վեհաժողովը ընդգծած էր, որ Ազրպէյճանի` իր կանոնադրական պարտաւորութիւնները չկատարելու մասով իրավիճակի փոփոխութեան բացակայութեան պարագային Յունուարին պիտի չվաւերացնէ ազրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները: Խորհրդարանական վեհաժողովը կը նշէ, որ Եւրոպայի խորհրդին միանալէն աւելի քան 20 տարի անց Ազրպէյճանը չէ կատարած կազմակերպութեան անդամակցութենէն բխող հիմնական պարտաւորութիւնները», գրած է Ռուբինեանը։

Մինչ այդ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը կը դադրեցնէ համագործակցութիւնը ԵԽԽՎ-ի հետ` իբրեւ բողոքի նշան:

 

Հայաստան ականապատ դաշտերու 8 նոր տեղեկամատեաններ փոխանցեց Ազրպէյճանին

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ազրպէյճանին փոխանցած է ականապատ դաշտերու քարտէզները․

«Ինչպէս բազմիցս նշուած է, Հայաստանը, որպէս վստահութեան ամրապնդման միջոց, Ազրպէյճանին փոխանցած է ականապատ դաշտերու բոլոր քարտէզները, որոնք ունէր իր մօտ` ստանալով անոնք Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնեաներէն:

Յետագային, առաջնորդուելով մարդասիրական նպատակներով, Հայաստանը, հարցաքննելով Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեաները, պատրաստած է նոր քարտէզներ` անոնք Ազրպէյճանին փոխանցելու համար:

Ցաւօք, այս նախաձեռնութիւնը ադրբեջանական կողմէ անմիջապէս արժանացաւ խիստ բացասական եւ հեգնական արձագանգի, քննադատուեցան Հայաստանի վստահութեան ամրապնդման ջանքերը, շարունակուեցաւ շահարկուիլ թեման եւ Հայաստանի դրական քայլը վերածուեցաւ բացասական հռետորաբանութեան»:

Աւելի վաղ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդեց, որ վերսկսած է հարցուփորձի՝ Արցախի նախկին զինուորներու հետ, որուն իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած են ականապատ դաշտերու 8 նոր տեղեկամատեաններ, որոնք պիտի փոխանցուին Ազրպէյճանին: Անոնց կրկնօրինակները պիտի փոխանցուին միջազգային գործընկերներու։

 

«Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը հայկական կողմին չի վերաբերիր, ՄոսկուաՊաքու երկկողմ յարաբերութեան հարց է»Լաւրով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստերուն մասնակցելէ ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Մենք իսկապէս հոն` Ղարաբաղի մէջ, խաղաղապահներ ունինք, նոյնիսկ այն բանէն ետք, երբ բոլորը Ղարաբաղը ճանչցան իբրեւ ազրպէյճանական տարածք, սակայն այս հարցը այլեւս չի վերաբերիր հայկական կողմին, ասիկա Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է», ընդգծեց նախարարը:

Լաւրով նաեւ յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը անձամբ որոշիչ դեր խաղցած է այն հարցին մէջ, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղաւ 2020 ուականի նոյեմբերին դադրեցնել պատերազմը, եւ ինչպէս համաձայնեցուած են հայ-ազրպէյճանական-ռուսական բարձրագոյն մակարդակով քանի մը եռակողմ փաստաթուղթեր, որոնք կը սահմանեն լուծման հիմնական շրջագիծերը, ներառեալ` սահմաններու սահմանազատման, առեւտուրի եւ փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան հարցերը:

«Վերջերս մենք տեսանք, թէ ինչպէս այս համաձայնութիւնները ձեռք բերելէ ետք արեւմտեան գործընկերները որոշեցին, որ տեղ մը սխալ է, որ Ռուսիան կը յաջողի յառաջընթացի հասնիլ այս ուղղութեամբ, եւ անոնք սկսան հրապուրել հայերը եւ ազրպէյճանցիները` ուղղուելու դէպի Պրիւքսել, յետոյ Փարիզ, ապա Ուաշինկթըն, ապա Փրակ», աւելցուց Լաւրով:

 

ՀՕՄ-ի գլխաւոր օրակարգն է արցախահայութեան օժանդակելու հիմնահարցը

ՀՕՄ-ի կեդրենական վարչութիւնը ՀՅԴ բիւրոյի անդամներուն հետ (լուսանկարը՝ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան)

Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ իր 3-րդ լիագումար նիստը գումարեց 9-13 յունուար 2024-ին, իր գրասենեակէն ներս (Պոսթոն-ԱՄՆ), որու ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան միութեան՝ քարոզչական, ու կազմակերպչական գործելաձեւի վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկուեցան համահայկական հայրենիքի եւ սփիւռքի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները:

Մնայուն կերպով Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական բաժինները:

 

Հիմնուելով նաեւ ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայկական ժողովէն բխած արցախահայութեան առնչուող բանաձեւերուն եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը, Կեդրոնական վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել Հայաստանի գիւղերուն մէջ Արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու «Յոյսի օճախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:

Որոշում տրուեցաւ նաեւ սատարել եւ նիւթապէս հովանաւորել ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած, Արցախցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բանալ միտող «Վերելք» ծրագիրի երկրորդ փուլը:

 

Համահայկական հիմնադրամի աջակցութիւնը բռնի տեղահանուած արցախցիներուն

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը հաղորգարութեամբ մը կը նեկայացնէ 2023ի սեպտեմբերին բռնի տեղահանուած արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները իրականացնելու աշխատանքները։

լուսանկարը՝ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին

Ըստ հիմնադրամին, աջակցութեան ծրագրին մէջ ընդգրկուած են արցախցիներու առաւել խիտ բնակեցուած մարզրերը՝ Սիւնիք, Վայոց Ձոր, Արարատ, Արմաւիր, Արագածոտն, Կոտայք եւ Գեղարքունիք։

Նկատի առնելով մարդասիրական ճգնաժամի ահռելի ծաւալները եւ բռնի տեղահանուածներու բնակուելու աշխարհագրութիւնը, հիմնադրամը որոշեց աջակցութեան բաշխման գործընթացը կազմակերպել մարզային գործընկեր հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցով, որոնք թէ՛ հիմնադրամի, եւ թէ՛ Հայաստանի ոլորտային պետական կառոյցներու ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ սերտօրէն աշխատած էին դեռեւս 2020-ի պատերազմի ընթացքին եւ յետպատերազմեան ժամանակահատուածին, երբ Հայաստան կը գտնուէին աւելի քան 90,000 ժամանակաւոր տեղահանուածներ։ Իրականացուեցաւ մարզերու մէջ գործող եւ 2020-ի պատերազմէն ետք հիմնադրամի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան փորձ ունեցող հասարակական կազմակերպութիւնները։

Արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքով, 21 սեպտեմբերէն առ այսօր շուրջ 200 թոն մարդասիրական աջակցութիւն բաշխուած է նշուած մարզերուն մէջ տեղակայուած կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Աջակցութիւնը իր մէջ ներառած է սնունդի եւ առողջապահական պարագաներու փաթեթներ, տաք հագուստ, մահճակալներ, անկողնային պարագաներ, ծածկոցներ, տաքացուցիչներ եւ այլն։

Ընտրուած են առաւել խոեցի՝ ընկերա-տնտեսապէս անապահով, բազմանդամ ընտանիքներ, հաշմանդամութիւն ունեցող անձիք, ընտանիքի զոհուած անդամ ունեցողներ, տարեցներ եւ միայնակ մայրեր։

Ընդհանուր առմամբ, աջակցութենէն օգտուած է 62,000 շահառու։

Արցախցիներուն տրամադրուած մարդասիրական օգնութիւնը մեծամասամբ ֆինանսաւորուած է հիմնադրամի Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Պրազիլի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Թորոնթոյի տեղական մարմիններու, ինչպէս նաեւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հաւաքագրած միջոցներու հաշուին:

Հիմնադրամը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր տեղական մարմիններուն աջակցութեան հրատապ ծրագիրները ֆինանսաւորելու, իսկ գործընկեր հասարակական կազմակերպութիւններուն՝ աջակցութիւնը ժամանակին եւ թիրախային բաշխելու համար։

Այս փուլով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կ’աւարտէ իր՝ հրատապ արձագանգման աջակցութեան ծրագիները` անցնելով բռնի տեղահանուած հայրենակիցներուն աջակցելու համար միջնաժամկէտ ծրագիրներու մշակմանն ու իրականացմանը: