Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբ կազմուեցաւ


Կազմուեցաւ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբ 

Արցախի հիմնական քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեամբ, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբ մը կազմուեցաւ: 18 յունուարին այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան:

Ան նշեց, որ համաձայնած է յանձնախումբի անդամներուն առաջարկին՝ համակարգել անոր աշխատանքները:

«Առաջիկային, երբ ամբողջանայ յանձնախումբին կազմը, պիտի հրապարակուին միւս անդամներուն անունները, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ ընելիքներու մասին: Այս պահուն կրնամ ըսել, որ յանձնախումբին գլխաւոր խնդիրը պիտի ըլլայ միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւնը եւ հետապնդումը», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Օսկանեանը: 

Ըստ անոր՝ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին իրականացնումը կրնայ մնայուն եւ կայուն խաղաղութիւն բերել:

 

Ֆրանսայի ծերակոյտը ընդունեց Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը

Ֆրանսայի ծերակոյտը 336 կողմ եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունած է Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը, կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Ֆրանսայի ծերակոյտը երէկ կը քննարկէր 1 դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը` ուղղուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումը դատապարտելուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակումի հետագայ փորձերը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելը կանխելուն»:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ’ուղղէ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխիք:

Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ ազրպէյճանական զօրքերու եւ անոնց դաշնակիցներու անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, կը նշէ, որ Հայաստանը իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ` ապահովելու իր անվտանգութիւնը, այդ շարքին` ռազմական ճանապարհով:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւնները, կոչ կ’ուղղէ հեռացնելու Ազրպէյճանը զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէէն, կարեւոր կը նկատէ  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ փորձագէտներու միջազգային խումբի ստեղծումը եւ գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ` մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուական զեկուցում պատրաստելու համար:

 

Հայ դատը 25,000 տոլար կը նուիրէ Արցախի ուսանողներու եւ լրագրողներու

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 20,000 տոլար նուիրած է Հայ կրթական հիմնարկութեան՝ Արցախէն համալսարանական ուսանողներու համար, որոնք Արցախի հայաթափումէն ետք Հայաստան ապաստանած են։ Նաեւ, 5000 տոլար նուիրած է «Աջակցինք Արցախէն տեղահանուած լրագրողներուն» կազմակերպութեան։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս նուիրատուութիւնները կատարեց անցեալ 12 Նոյեմբերին տեղի ունեցած իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին Հայ դատի առատաձեռն համակիրներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։

«Մեր տարեկան ձեռնարկէն առաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութիւնը որոշեց ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը յատկացնել Արցախի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։ Քննելէ ետք բռնի տեղահանուած արցախահայերուն կարիքները, որոշեցինք այս ձեւով յատկացում ընել», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանը։

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը 1950-էն ի վեր կրթանպաստներ կը տրամադրէ հայ ուսանողներու եւ կը զօրակցի հայկական կրթական հաստատութիւններու։ Հայ դատին կատարած այս նուիրատուութեան շնորհիւ, հիմնարկութեան կողմէ արցախցի ուսանողներուն տրամադրուելիք կրթանպաստներուն թիւը 105-էն 138-ի պիտի բարձրանայ։ 

«Աջակցինք Արցախէն տեղահանուած լրագրողներուն» կազմակերպութիւնը օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուած լրագրողներուն, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել Արցախի եւ արցախահայութեան տագնապները լուսարձակի տակ պահելու իրենց ջանքերը։ Կազմակերպութիւնը նաեւ դիմած է առցանց դրամահաւաքի, որուն կարելի է աջակցիլ՝ այցելելով կայքէջը։

Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախագահ եւ «Աջակցինք Արցախէն տեղահանուած լրագրողներուն» կազմակերպութեան հիմնադիրներ Սքաթ Թիւֆէնքճեան եւ Սիմոն Մաղաքեան երախտագիտութիւն յայտնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին՝ կատարուած այս նուիրատուութեանց համար։

 

Պաքուի վերաքննիչ դատարանը մերժեց Վագիֆ Խաչատրեանի բողոքը

Պաքուի վերաքննիչ դատարանը քննարկեց Լաչինի միջանցքէն ապօրինի կերպով առեւանգուած եւ կեղծ մեղադրանքներով բանտարկուած Վագիֆ Խաչատրեանի բողոքը:

Վագիֆ Խաչատրեան ազրպէյճանական դատարանին մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Խաչատրեանի փաստաբանը՝ Ռատմիլա Ապիլովա, որ Խաչատրեանի վերաքննիչ բողոքին հիման վրայ հրաւիրուած էր դատական նիստին՝ խնդրեց արդարացնել իր պաշտպանեալը: Խաչատրեան իր կարգին անգամ մը եւս պնդեց, որ ինք անմեղ է եւ խնդրեց արդարացնել զինք: Սակայն, դատարանը մերժեց Խաչատրեանի բողոքը:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի մէջ Վագիֆ Խաչատրեանին կեղծ մեղադրանքներ ներկայացուցած են 1991-ին Խոջալուի շրջանի Մեշալի գիւղին մէջ «ցեղասպանութիւն» իրականացնելու մէջ: Վագիֆ Խաչատրեան դատապարտուած է 15 տարուան բանտարկութեան։

 

Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածները ճամբորդելու ատեն անձնագիրին հետ պէտք է ունենան նաեւ ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայական

ՀՀ կառավարութեան 26 հոկտեմբեր 2023-ի որոշումով հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերը ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ վերցնելու, ժամանակաւոր պաշտպանութիւն ստացած փախստականի անձը հաստատող փաստաթղթի նկարագիրը եւ անոր տրամադրելու կարգը:

ՀՀ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ըստ ընդունուած կարգի` ժամանակաւոր պաշտպանութիւն ստացած փախստականի անձը հաստատող փաստաթուղթ են անձնագիրը եւ ժամանակաւոր պաշտպանութեան (փախստականի) վկայականը: 28 յունուար 2024-էն այս երկու փաստաթուղթերը Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս ելլելու եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործու ատեն վաւերական պիտի համարուին միայն միասին գործածելու պարագային:

 

Ազրպէյճանը վանդալութեան ենթարկած են Հադրութի գերեզմանատունը. Monument Watch

15 յունուար 2023-ին ազրպէյճանական Milli TV եութուպեան ալիքին մէջ տեղադրուած է տեսանիւթ մը, որ նկարահանուած է բռնագրաւուած Արցախի Հաթերք գիւղի` Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշահամալիրին եւ անոր յարակից տարածքին մէջ: 

Այս մասին կ’ահազանգէ Արցախի յուշարձաններու մշտադիտարկմամբ զբաղուող Monument Watch կազմակերպութիւնը:

Հաթերք գիւղի Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշահամալիրը պղծուած (լուսանկարը՝ Monument Watch)

«Տեսանիւթին մէջ կ’երեւի, որ Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն գիւղի ինքնապաշտպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրը եւ շրջակայ գերեզմանոցը ենթարկուած են վանդալութեան: Մասնաւորապէս շրջուած են Հաթերք գիւղի պաշտպաններու դիմանկարներով յուշաքարերուն մեծ մասը, ինչպէս նաեւ որոշ գերեզմանաքարեր: Տեսանիւթը նկարահանած են յուշահամալիրի մօտ ինչ-որ աշխատանքներ իրականացնող ազրպէյճանցիներ: Տեսանիւթին մէջ նաեւ կ’երեւի, որ աշխատանքային գործիքներ, կազի պալոն տեղադրուած են յուշաքարերու վրայ:

Monument Watch-ը կը տեղեկացնէ եւս, որ Արցախի Հակակու գիւղի զոհուածներու յիշատակին նուիրուած համալիրին մէջ յուշատախտակները ջարդուած են եւ պղծուած։

«Տեսանիւթին մէջ կ’երեւի, որ ազրպէյճանցի զինուորականները ինքնաձիգերով ցոյց կու տան այդ ջարդուած յուշատախտակները հայհոյախառը խօսքերով, կը շարժեն ջարդուած մասերը, կը հարուածեն: Հարկ է ուշադրութիւն դարձնել, որ զինուորականները ինքնաձիգերով կը շարժեն, կը դպնան ջարդուած յուշատախտակներուն: Որոշ յուշատախտակներու վրայ կ’երեւին կրակահերթի հետքեր:

Հակակու գիւղի զոհուածներու յիշատակին նուիրուած համալիրի յուշատախտակները ջարդուած (լուսանկարը՝ Monument Watch)

Տեսանիւթէն բարդ է ըսել, թէ երբ պղծուած է յուշահամալիրը: Հաշուի առնելով, որ բռնագրաւուած Արցախի Հադրութի շրջանի շատ վայրերու մէջ, ըստ ազրպէյճանական տեսանիւթերու, տեղակայուած են զինուորականներ, թերեւս անոնք ալ պղծած են համալիրը», կ’ըսուի կազմակերպութեան հաղորդած լուրին մէջ: