«Տեղահանուածներուն պէտք է վերադարձի կարելիութիւն տրուի»․ Արցախն այս շաբաթ


«Արցախէն տեղահանուածներուն պէտք է ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի կարելիութիւն տրուի». Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար

Եւրոպական խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյատովիչ, իր դիտարկումները հրապարակելով`16-էն 23 հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստան եւ Ազրպէյճան, ներառեալ Արցախ կատարած իր այցելութիւններէն ետք, յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ Արցախէն տեղահանուածներուն պէտք է կարելիութիւն տրուի ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի:

Տունիա Միյատովիչ` ելոյթի պահուն (լուսանկարը՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վերաժողովի կայքէն)

«Մինչ հնարաւոր վերադարձը, պէտք է անյապաղ ուղիներ գտնել, որոնց կարգին՝ ապահովական երաշխիքներ հաստատելով, որպէսզի ղարաբաղցի հայերը ժամանակաւորապէս մուտք գործեն իրենց տուները կամ սովորական բնակութեան վայրերը եւ այցելեն գերեզմաններ, ուր թաղուած են իրենց հարազատները: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է՝ ապահովել, որ ղարաբաղցի հայերուն ձգած ունեցուածքը պաշտպանուած ըլլայ գողութենէն կամ տիրանալէն: Այն սակաւաթիւ բնիկ հայերը, որոնք մնացած են Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, նոյնպէս պէտք է օգտուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութենէն, նաեւ՝ ապահովելով անոնց ազատ տեղաշարժը», յայտարարեց Միյատովիչ:

Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ բոլոր տեղահանուածները, որոնք կ’ուզեն վերադառնալ՝ կարենան կարելի եղածին չափ արագ վերադառնալ:

«Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան ֆինանսական աջակցութեան վրայ` ապահովելու համար, որ տեղահանուած անձերը եւ զանոնք ընդունող բնակչութեան մարդասիրական կարիքները բոլորովին բաւարարուին։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է իրենց խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին կեդրոնանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ եւ հաստատեն մարդու իրաւունքներու ուժեղ երաշխիքներ՝ հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն համար», ըսաւ Միյատովիչ՝ աւելցնելով.

«Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման եւ հակամարտութեան գծով մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու մասին բոլոր մեղադրանքները պէտք է արդիւնաւէտ եւ անյապաղ հետաքննուին, յանցաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին եւ արդար, անկախ ու անաչառ դատավարութեններէ ետք յանցաւոր ճանչցուին, դատապարտուին եւ պատժուին»:

 

Ազրպէյճանը հաստատեց իր մօտ 23 հայ գերիներ ունենալը, իսկ հայկական կողմը ունի յաւելեալ 32 գերիներու փաստացի տուեալները

Ազրպէյճան հաստատեց, որ իր մօտ ունի 23 հայ գերիներ, հակառակ անոր, որ հայկական կողմը փաստացի տուեալներ ունի յաւելեալ 32 գերիներու մասին:

«Լուրեր»-ուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան կը հաստատէ, որ 23 հայ գերիներ կը պահէ իր մօտ, որոնցմէ 17-ը 2023-ի յարձակումին պատճառով գերի տարուած անձեր են: 

«44-օրեայ պատերազմէն ետք 32 անձի բռնի անհետացման վերաբերեալ ունինք փաստական տուեալներ, որոնք ներկայացուած են վերպետական ատեաններուն», յայտնեց ան՝ նշելով, որ անոնցմէ 22-ին վերաբերեալ կան նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին որոշումներ, սակայն Ազրպէյճան կը հերքէ այդ անձերուն բռնի անհետացման փաստը:

9 Յունուարին, Արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան ներկայացուց կառավարութիւնը ձեռնարկած քայլերը  Ազրպէյճանի մէջ պահուող գերիներուն վերադարձին գծով՝ շեշտելով, որ աշխատանքներ կ’ընթանան երկու ուղղութեամբ՝ դիւանագիտական եւ իրաւական:

 

Ազրպէյճանի 19-20 սեպտեմբերի յարձակումին պատճառով Արցախ 223 զոհեր տուած է 

Ազրպէյճանի 19-20 սեպտեմբեր 2023-ի յարձակումին պատճառով, Արցախ տուաած է 223 զոհեր, որոնցմէ 25-ը քաղաքացիներ են. անոնց մէջ կան 5 անչափահասներ: Տուեալները հրապարակեց Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը՝ Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Ազրպէյճանի 19-20 սեպտեմբերի յարձակումը (լուսանկարը՝ Մարութ Վանեանի)

Ըստ անոր՝ հայկական կողմի վիրաւորներու թիւը 244 է, որոնցմէ շուրջ ութ տասնեակը քաղաքացիներ, անոնց կարգին՝ 10 անչափահաս: Կան 20 անհետ կորսուածներ, որոնցմէ 5-ը՝ քաղաքացիներ:

Յիշեցնենք, որ ըստ վերջին տուեալներուն՝ 218 քաղաքացիներ զոհուեցան 25 սեպտեմբերին, Արցախի մէջ վառելանիւթի պահեստի պայթումին պատճառով. 120-ը վիրաւորուեցան, իսկ 21 քաղաքացիներ անհետ կորսուած կը նկատուին: 

Ազրպէյճանցիները հաղորդեցին 19-20 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, առնուազն 191 զոhեր ունենալու մասին: 

 

Կրօնական ազատութիւններու գծով՝ Ազրպէյճան Ուաշինկթընի կողմէ հսկողութեան տակ կը դրուի 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց կրօնական ազատութիւններու գծով իր տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ նման ազատութիւններ ոտնահարողներու ցանկին վրայ աւելցուած է Ազրպէյճանի անունը։

Ցանկին վրայ յայտնուող երկիրները կրնան պատժամիջոցներու թիրախ դառնալ, եթէ կացութիւնը բարելաւելու քայլերու չդիմեն։

Այս առիթով կատարած իր յայտարարութեան մէջ, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կ’ըսէ հետեւեալը. «Կառավարութիւնները պէտք է վերջ տան այնպիսի չարաշահումներու, ինչպէս՝ յարձակումները կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու անդամներուն եւ անոնց պաշտամունքի վայրերուն վրայ, համայնքային բռնութիւնը եւ ազատ արտայայտութեան պատճառով երկարատեւ բանտարկութիւնը, անդրազգային ճնշումները եւ կրօնական համայնքներու նկատմամբ բռնութեան կոչերը, ի շարս այլ խախտումներու, որոնք տեղի կ’ունենան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ»։

Աւելի կանուխ, Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ յանձնաժողովը կոչ ըրած էր երկրի իշխանութիւններուն, որ Ազրպէյճանը ներառեն կրօնական ազատութիւնները խախտողներու գծով հսկողութեան ենթակայ երկիրներու ցանկին վրայ: Զեկոյցին մէջ նշուած էր, թէ Ազրպէյճանի կրօնական ազատութեան եւ հաւատացեալներու իրաւունքներու խախտումը կը վերաբերի թէ՛ Արցախի եւ անոր բնակչութեան եւ թէ՛ իսլամ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն:

Արցախի վերաբերող զեկոյցին մէջ կը յիշատակուի Բերձորի միջանցքի շրջափակումը եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցին առաւել քան 100 հազար հայերու զանգուածային գաղթին: Նոյն ատեն կը խօսուի Արցախ մնացած պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու, ներառեալ՝ կրօնական, պահպանման վտանգներու մասին:

Վերոնշեալ զեկոյցը յղումներ կ’ընէ Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch հետազօտական նախաձեռնութեան, որ արբանեակային պատկերներով կ’արձանագրէ Ազրպէյճանի բռնագրաւած տարածքներու մէջ հայկական եկեղեցիներու քանդումը։

 

Պաքու կը փորձէ Ղազանչեցոց եկեղեցին ներկայացնել իբրեւ ռուս ուղղափառ եկեղեցի. Monument watch-ի ղեկավար

«Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Monument Watch ծրագիրի գիտական ղեկավար Համլետ Պետրոսեան խօսեցաւ Արցախի մէջ մնացած եկեղեցիներուն, յուշարձաններուն եւ կոթողներուն մասին ու յայտնեց, որ անկախութեան շրջանին Արցախի մէջ գրեթէ բոլոր հատուածներուն մէջ կանգնեցուած են յուշարձաններ, բայց նկատի ունենալով, որ այդ բնակավայրերը ամայի են, շատ դժուար է անոնց հետեւիլ եւ տեսնել, թէ որոնք ոչնչացուած են։

«Վերջինը, որ մեր գործընկերները հրատարակեցին, ատիկա Մարտակերտի մէջ կանգնեցուած խաչքարի աւերումն է: Յստակ կ’երեւի, որ խաչքարը ջարդած են եւ կտորները թափուած են յուշաքարին առջեւ: Այդ պատկերը բոլոր բնակավայրերու մէջ կայ», ըսաւ ան։

Լուսանկարը՝ Արցախի պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան

Ըստ  Պետրոսեանի՝ շատ կարեւոր է իմանալ, թէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը որքանով հետեւողական եւ սկզբունքային պիտի ըլլայ: «Մենք կը տեսնենք, որ մէկ կողմէն Ազրպէյճանին կը մեղադրեն, միւս կողմէն անընդհատ կը հանդիպին, կը յորդորեն: Նոյնը կարելի է ըսել այլ մշակութապահպան կառոյցներուն մասին: Անոնց յայտարարութիւնները այնքան ալ միանշանակ չեն, անոնց քայլերը հետեւղական չեն եւ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման վտանգը այսօր վերացուած չէ», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ՝ ան ըսաւ. «Ղազանչեցոցը կարծես լիտմոսաթուղթ է: Ատիկա ակնյայտ կառուցած են հայերը, կառուցած են Ղազանչի գիւղէն տեղահանուած եւ Շուշիի մէջ բնակեցուած հայերը: Բայց հիմա Ազրպէյճանը կը փորձէ խաղաքարտ դարձնել այս եկեղեցին: Քանի որ այս պարագային չեն կրնար զայն վերագրել Աղուանքի կաթողիկոսութեան, կը փորձեն զայն ներկայացնել որպէս ռուս ուղղափառ եկեղեցի: Եթէ նայիք, անոնք յատուկ ոսկեգոյն ներկած են գմբէթը եւ այդպէս ձգած: Սա շատ խորամանկ քաղաքականութիւն է: Ղազանչեցոց եկեղեցին արդէն երկու տարի ձեւական այդ ցանցերով փաթթելը, ըստ էութեան, նման փորձարկման հիմնաքար է: Կ’ուզեն տեսնել` ինչպէ՞ս կ’արձագանգեն ռուսերը: Ազրպէյճանի մէջ ռուսական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները միանշանակ հակահայ քաղաքականութիւն կը վարեն, որ բացարձակ սպասելի չէր քրիստոնէական քոյր եկեղեցւոյ կողմէ»։

Ղազանչեցոց եկեղեցին ազրպէյճանցիներու կողմէ «վերանորոգութեան» կ’ենթարկուի (լուսանկարը՝ monumentwatch․org-ի)

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր քանի՞ հայկական եկեղեցիներ կան Արցախի մէջ՝ Պետրոսեան ըսաւ. «Ատիկա ամենաբարդ հարցն է: Պաշտօնական ցուցակներով մօտաւորապէս 4-4.5 հազար են:

Մեծ յուշարձանները հնարաւոր է տիեզերքէն վաւերացնել, եւ գոնէ մօտաւոր վիճակը հասկնալ, բայց փոքրերը հնարաւոր չեն: Պէտք է ամբողջ Արցախի տարածքը վերցնել հսկողութեան տակ, որ բաւական թանկ գործ է: Պէտք է ինչ-որ գործիքակազմ մշակել աւելի փոքր յուշարձաններու քարտէսագրման եւ անոր հետեւելու համար: Ես վստահ չեմ, թէ Դադիվանքը, Գրչավանքը, Ամարասը, Սուրբ Յակոբը եւ միւսները կրնան քանդուիլ, բայց Ազրպէյճանը հիմա ուրիշ թէզ մը առաջ կը տանի, որ հայերէն արձանագրութիւնները հայերը միտումնաւոր ըրած են: Իրենք կ’ըսեն` միջազգային մասնագէտներ պիտի հրաւիրեն եւ եթէ ինչ-որ բան պէտք է ջնջուի, ապա այդ մասնագէտներու եզրակացութեան վրայ: Ես վստահ եմ, որ նման միջազգային մասնագէտներ ուղղակի գոյութիւն չունին: Հայագիտական գրագիտական գիտակարգերը 99 տոկոսով հայագիտութեան մենաշնորհն են: Հազիւ թէ ոեւէ մէկը կարենայ զանոնք կարդալ ու հասկնալ, եւ յետոյ ալ մեկնաբանել: Ազրպէյճանը պետական մակարդակով լծուած է այդ գործին, իսկ մենք ի՞նչ կ’ընենք: Մենք ունինք առանձին անհատներ կամ խումբեր, որոնք ստանձնած են պետութեան դերակատարումը: Սա շատ ծանր վիճակ է: Մշակութային պատերազմի ոլորտին մէջ մենք այնքան ալ կազմակերպուած ու հետեւողական չենք: Ես նկատի ունիմ պետական կառոյցները»։

 

Մոսկուա փաստեր կը պահանջէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներուն վերաբերեալ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարած են փաստաթուղթով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներուն գծով պնդումներուն` ռուսական կողմը փաստեր կը պահանջէ։

«Եթէ կայ որեւէ փաստաթուղթ միջազգային կազմակերպութիւններէ, զորս Երեւան հեղինակաւոր կը նկատէ, օրինակ՝ ՄԱԿ կամ այլ կազմակերպութիւն, եթէ կայ փաստաթուղթ կամ յայտարարութիւն, որ կը վկայէ, թէ այդպիսի ցեղային զտումներ կատարուած են, խնդրեմ, բարի եղէք մեզի յղումներ տրամադրեցէք», յայտնեց Զախարովա:

Ըստ անոր՝ Մոսկուա ապակառուցողական եւ իրականութեան չհամապատասխանող կը նկատէ ռուս խաղաղապահներուն հասցէին Հայաստանէն հնչող մեղադրանքները եւ փաստերը շահարկելու փորձերը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի՝ այդպիսի յայտարարութիւնները «փաստերը կեղծելու փորձեր են», որոնց նպատակը «պատասխանատուութենէ խուսափիլն է»:

Զախարովա չյստակացուց, թէ ռուս խաղաղապահներու հասցէին Հայաստանէն հնչող ո՛ր մեղադրանքները «կեղծ» են: Հայաստանի իշխանութիւնները ռուս խաղաղապահները կը մեղադրեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը չպաշտպանելուն մէջ:

 

«Լեռնային Ղարաբաղ՝ վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» ցուցահանդէսը Ֆրանսայի մէջ

«Լեռնային Ղարաբաղ՝ վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով բացօթեայ ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող 30 բացառիկ լուսանկար։

Լուսանկարները՝ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրի էջէն

Ցուցահանդէսը բացուած է 4 դեկտեմբերին Փարիզի նշանաւոր Պաստիլի հրապարակին վրայ եւ պիտի գործէ մինչեւ Յունուար 15։ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ցուցահանդէսը կազմակերպած են Փարիզի քաղաքապետարանն ու «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութիւնը:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ընթացքին՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքապետարանին եւ «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան՝ մշտապէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար եւ նշած, որ ցուցահանդէսի կազմակերպումը այդ համերաշխութեան հերթական դրսեւորումն է։

Հայաստանի դեսպանը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ ցեղական զտում իրականացնելէ ետք՝ այժմ Ազրպէյճանը քայլեր կը ձեռնարկէ վերացնելու այնտեղ հայկական բազմահազարամեայ ներկայութեան հետքերը, որոնց խօսուն ապացոյցներն են ցուցադրուող լուսանկարներուն մէջ պատկերուած եկեղեցիները, կոթողներն ու յուշարձանները։ Այս ծիրէն ներս ան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ նշած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման եւ պահպանման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերուն գործադրումը։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են եւ խօսքով հանդէս եկած նաեւ Փարիզի փոխքաղաքապետներ Առնօ Նկաչան եւ Գարին Ռոլանը, «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան նախագահ Ժան-Իւ Դոլոն, նոյն կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, գերաշնորհ Փասգալ Կոլնիշը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։