«Արցախի էջը փակուած չէ, ազգովին պիտի պայքարինք»․ Արցախն այս շաբաթ


«Արցախի էջը փակուած չէ հայ ժողովուրդին համար, ազգովին պիտի պայքարինք». Արամ Ա

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․-ը ամանորեայ հայրապետական պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ մեր ազգին համար անցնած տարին եղաւ ահաւոր յուսահատութեամբ, խոր յուսախաբութեամբ լեցուն տարի մը: Իսկ ներկայիս կ’ապրինք անկանխատեսելի վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ հրամայական կարիքը ունինք ներկայ անորոշ կացութենէն մեզ դուրս բերող համահայկական նոր ռազմավարութեան մը, առաջին հերթին Արցախի գծով։

«Արցախի էջը փակուած չէ հայ ժողովուրդին համար, ազգովին պէտք է պայքարիլ միջազգային օրէնքին համաձայն երաշխաւորելով Արցախի հայութեան վերադարձը», ըսաւ ան: 

Վեհափառին ամբողջական պատգամը՝ տեսանիւթին մէջ

 

 «Այնպէս ընենք, որ արցախցիներուն մէջ երբեք չմարի հայրենի Արցախ վերադարձի տեսիլքը». Գարեգին Բ-ի ամանորեայ ուղերձը

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առթիւ իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ Արցախի բռնազաւթման եւ հայաթափման, Հայաստանի շուրջ ստեղծուած լրջագոյն իրավիճակին։ Ան յորդորեց հայ ազգի զաւակներուն նոր տարուան մէջ նորոգուինք հոգիով ու մտքով, զօրանանք յոյսով, ինքնաքննութեամբ անդրադառնանք մեր ընթացքին ու գործերուն, սրբագրենք թերացումներն ու սայթաքումները, թոյլ չտանք, որ ազգային կեանքին մէջ սերմանուի ատելութիւն ու պառակտում, արմատաւորուի կործանարար յարմարուողականութիւնն ու անտարբերութիւնը:

«Միասնական ըլլանք Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ եւ մեր համախումբ ջանքերը ծառայեցնենք յանուն համազգային շահերու պաշտպանութեան, հայրենեաց ու ազգի կեանքի նոր արշալոյսի կերտման: Գիտակցինք, որ հայրենիքը այն միակ սրբազան վայրն է, ուր ամբարուած են բոլոր ժամանակներու հայ սերունդներու աղօթքներն ու երազները, ուր շարունակ պիտի կերտուի հայոց ինքնութիւնը, եւ որուն սրբազան հողէն է յաւէտ ուժ առնելու հայ ժողովուրդը:

«Հոգածու սիրով շրջապատենք Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերն ու եղբայրները, անոնց մէջ առատացնենք յոյսը, որ երբեք չմարի հայրենի Արցախ վերադարձի տեսիլքը, եւ զօրեղ մնայ հաւատն առ Աստուած: Աջակից ըլլանք կարիքաւորներուն ու նեղեալներուն եւ Բարձրեալի օգնականութիւնը հայցենք անյայտ կորած եւ գերեալ մեր զաւակներուն ու անոնց ընտանիքներուն», իր ուղերձին մէջ ըսաւ Գարեգին Բ․ կաթողիկոսը։

 

Արցախի պետական կառոյցներու գոյատեւումը Մայր Հայաստանի մէջ պիտի հիմքը ըլլայ վերադարձի Տէր Վրթանէս եպս Աբրահամեան

Ազրպէյճանի կողմէ յատուկ նպատակով իրագործուած իննամսեայ շրջափակման եւ մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքով հիւծուած մեր ժողովուրդը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ նաեւ ռազմի դաշտին մէջ. ցաւօք ուժերը անհաւասար էին, իսկ Արցախը մինակ, եւ տասնամեակներ շարունակ իր անկախութեան համար մաքառող Արցախը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ենթարկուեցաւ ամբողջական հայաթափման:

Տէր Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան ճրագալոյցի պատարագի ընթացքին (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Սուրբ ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնի առիթով մատուցուած Ճրագալոյցի պատարագի ժամանակ իր քարոզին մէջ յայտարարեց Արցախի թեմի առաջնորդ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը` ցաւով շեշտելով, որ այս տարի տասնեակ հազարաւոր արցախցի հայորդիներ առաջին անգամ ամանօրեայ եւ Սուրբ ծննդեան տօները կը դիմաւորեն իրենց փայփայած օջախներէն հեռու:
 
Սրբազանը պատգամեց հաւատացեալներուն սիրով ու ջերմութեամբ պարուրել Արցախի քոյրերն ու եղբայրները, որ անոնք նորէն սկսին հաւատալ իրենց լուսաւոր գալիքին, իսկ արցախցիներուն յորդորեց լցուիլ աստուածային յոյսով եւ լաւատեսութեամբ, ապրիլ ու արարել Մայր Հայաստանի մէջ, որովհետեւ միայն այս ձեւով կրնայ արթուն մնալ եւ իրագործուիլ վերադարձի յոյսը:
  
Վերջաւորութեան Վրթանէս եպիսկոպոսը աղօթեց հայոց երկրի եւ պետականութեան անսասանութեան, նահատակ քաջորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան, անյայտ կորած եւ գերեալ հայորդիներու շուտափոյթ վերադարձին, ինչպէս նաեւ այս պահուն սահմանը հսկող հայ զինուորներու համար:
  
Ճրագալոյցի Սուրբ պատարագին ներկայ էին նաեւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատար անձիք` նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի գլխաւորութեամբ:

 

«2024 թուականի մեր կարգախօսը պէտք է ըլլայ` ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՐՑԱԽ». Վրթանէս սրբազան

Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ամանորեայ տօներուն առիթով, Արցախի Վաղուհաս, Քոլատակ, Շահմասուր գիւղերու կիրակնօրեայ դպրոցներու սաներուն համար հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ։ Անոնք իրենց հոգեւոր հովիւ տէր Յովհաննէս քհն․ Յովհաննիսեանի առաջնորդութեամբ եկած էին իրարմէ կարօտ առնելու:

 Հանդիպման ներկայ էր Արցախի թեմի առաջնորդ տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը:  60 փոքրիկներուն տրուեցան նուէրներ։

Սրբազան հայրն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ պէտք արժեւորել այն կարեւորը, որ մեզի տուաւ Աստուած` կեանքը․ «Պիտի հաստատուն պահենք մեր վերադարձը Արցախ եւ զայն ամրագրենք որպէս յաղթական վերադարձ: 2024 թուականի մեր կարգախօսը պէտք այդպիսին ըլլայ` ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՐՑԱԽ: Այդ գաղափարը պէտք է դառնայ ապրելակերպ»:

Վրթանէս սրբազանը աւելցուց, որ այդ գործին մէջ մեծ դեր ունին նաեւ երեխաները: Ան յորդորեց բոլոր արցախահայերուն չարտագաղթել Մայր Հայաստանէն. «Այստեղ կրնանք համախմբուած, միասնական ըլլալ մինչեւ տուն վերադառնալը»:

«Մենք կորսնցուցինք մեր չքնաղ Արցախը` մեր հայրենիքը, բայց չկորսնցուցինք յոյսը, որ պիտի վերադառնանք», ընդգծեց տէր Յովհաննէսը, ով Սուրբ Յակոբավանքի վանահայրն էր: 

Հանդիպման ընթացքին դրամական օգնութիւն տրուեցաւ պատերազմի ժամանակ զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն:

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու Քենետի կը խոստանայ աջակցիլ արցախահայութեան անվտանգ վերադարձին եւ անոնց ինքնորոշման իրաւունքին

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է զօրակոչի ենթարկէ միջազգային ընտանիքը, որպէսզի քայլերու ձեռնարկէ եւ ապահովէ Արցախի հայերու անվտանգ վերադարձը հայրենիք, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանէ անոնց ինքնորոշման իրաւունքը:

Այս մասին «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած իր տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է Ռապըրթ Քենետի կրտսերը, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին:

Ան նշած է, որ Ազրպէյճանը, 2020 թուականէն սկսեալ, անխնայ ցեղային զտումներ կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ: Քաղաքական գործիչը նշած է, որ այս տարուան սեպտեմբերին Ազրպէյճանը յարձակողական գործողութեան ձեռնարկեց եւ 120 հազար հայ` ամբողջ բնակչութիւնը, տեղահանուեցաւ:

Մինչ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Կազայի եւ Իսրայէլի վրայ, ոչ ոք ոչինչ կը լսէ «հայկական հնագոյն տարածքներէն մէկուն ամբողջ բնակչութեան զանգուածային արտաքսման» մասին, դժգոհած է Քենետի կրտսերը:

Ան վստահ է, որ այդ ցեղային զտման դատարկ պարսաւանքը բաւարար չէ: Անոր կարծիքով, ներկայիս կացութիւնը կարելի է փոխել:

Ան վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրուելու պարագային պիտի աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի վերականգնման:

«Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ես պիտի օգտագործեմ դիւանագիտութիւնը, մեր բարոյական հեղինակութիւնը, մեր տնտեսական լծակները եւ պատժամիջոցները Հայաստանի վերականգնման համար: Ես կ’ուզեմ նպաստել Հայաստանի, Արցախի գերիշխանութեան վերականգնման: Ես կ’ուզեմ ատիկա ընել խաղաղ միջոցներով:

«Տեղ մը նոր պատերազմ սկսելու փոխարէն պիտի ուզէի դադրեցնել պատերազմներէն մէկը», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր` Ռապըրթ Քենետիի որդին:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են 5 նոյեմբեր 2024-ին:

 

Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները դեկտեմբերին տեսակցեցան Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն հետ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին անգամ մը եւս տեսակցեցան Պաքուի մէջ բանտակրուած բոլոր հայ գերիներուն եւ բանտարկեալներուն հետ։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց ԿԽՄԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի` նշելով, որ տեսակցութիւններուն առանցքը անոնց կեցութեան պայմանները, առողջական վիճակը եւ անոնց հանդէպ վերաբերմունքն էր:

«Որեւէ նկատառում, որ կը վերաբերի այս հարցերուն, կը քննարկուի միայն պահող իշխանութիւններուն հետ», ըսաւ Ամատունի:

Ան տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ պահուող հայերը կարելիութիւն ունեցած են կապ հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ, առանձնազրոյցներ տեղի ունեցած են եւ ընտանիքները Կարմիր խաչին միջոցով, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցուած կարգով փոխանցեցին անձնական բնոյթի իրեր պարունակող ծանրոցներ:

«Ասիկա առաջին անգամ չէ, որ անոնք հարազատներէն ծանրոցներ կը ստանան. ասիկա պարբերաբար, որոշ ատենը մէկ կիրառուած է այս ընթացքին», յայտնեց Ամատունի:

Ան չնշեց, թէ քանի՛ անձերու հետ տեսակցած են, բայց ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը ընտանիքին հետ մնայուն կապի մէջ է:

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող գերիներու հարազատները ըսին, որ ուղարկած են շուրջ 30 քիլոկրամ ծանրոց ՝ տուրմ, չիրեր, ծխախոտ, տաք հագուստ եւ այլն:

 

Ստեփանակերտի վառելիքի պահեստի պայթիւնին հետեւանքով 21 հոգի կը համարուի անհետ կորսուած

Ստեփանակերտի մօտ գտնուող վառելիքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով կայ 218 զոհ, 21 հոգի կը համարուի անհետ կորսուած, կայ 3 չնոյնականացուած մարմին:

«Լուրեր»-ուն յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը․

Ըստ անոր` 120 անձ ստացած է տարբեր աստճանի մարմնական վնասուածքներ:  Հարցումին` պարզուա՞ծ են պայթիւնի հանգամանքները, պատճառները, Քեարմեանը նշած է․ «Այս վարոյթը կը քննենք այն ծիրէն ներս, որ ընդհանուր իրավիճակը կը բխի էթնիկ զտման իրողութիւններէն, որովհետեւ հարիւրաւոր մարդիկ, առանց իրարու հերթ տալու, գացած են, վառելիք փորձած են ձեռք բերել․ ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ մարդիկ անելանելի վիճակի մէջ գտնուած են»: 

Քարամեանը նաեւ նշած է, թէ Պաշտպանութեան բանակը պահեստը յանձնած է Արցախի իշխանութիւններուն, զոհերուն մէջ կան նաեւ երկու սպաներ, պահեստին մէջ եղած է մօտ 42 հազար թոն վառելիք: 

Ան նաեւ տեղեկացուցած է բռնի տեղահանութեան ժամանակ աւելի քան 70 մարդ մահացած է:

 

Կ’առաջարկուի անտունները տեղաւորել բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի դատարկ տուներուն մէջ

Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկուլիեւ առաջարկեց ազրպէյճանցի գաղթականները, որոնք նկուղներու մէջ կ’ապրին, տեղաւորել բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դատարկ տուներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Հայկական յարձակումին պատճառով մեր մեծ թիւով քաղաքացիներ մնացած են անտուն: Որքա՞ն պիտի սպասենք Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանցիները դատարկ տուներու մէջ տեղաւորելու հարցին: Մեր ընտրողները անընդհատ մեզի այս մասին կը հարցնեն: Թերեւս արտաքին գործոց նախարարութենէն մէկը այս հարցումին պատասխան ունի՞», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, «Ազրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութեան շինարարական նախագիծերու բաժինի ղեկավար Թուրալ Ապպասլի յայտնեց, որ ընկերութիւնը 2024-ին բռնագրաւուած Արցախի տարածքին մէջ պիտի սկսի Ակնա-Ստեփանակերտ նոր երկաթուղային գիծի կառուցման: Ըստ անոր, այս ճամբու նախագծումը սկսած է. արդէն կատարուած է տարածքի նախնական զննութիւնը եւ նախատեսուած է ճամբու նախնական երթուղին:

«Այս նախագիծին նպատակն է՝ Խանքենդին (Ստեփանակերտ) եւ Շուշան (Շուշի) միացնել երկրի երկաթուղային ցանցին, արտօնել այդ ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ճամբորդութիւններ եւ բեռնափոխադրութիւններ, ինչ որ պիտի նպաստէ երկարամեայ բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներու ամբողջական վերականգնման», ընդգծեց Ապպասլի:

Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով կը հաղորդէ, թէ Պաքուի բարբարոս վարչախումբը բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի փողոցներէն մէկը կոչած է հայերու դահիճ եւ ցեղասպան Էնվերի անունով։

«Ցեղասպանը՝ հազարամեակներու հայկական սրբազան հողի բռանզաւթուած մէկ կտորը կոչած է մէկ այլ ցեղասպանի անունով», գրած է Ոսկանեան։

 

«Արցախ. վտանգված ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհանդէսը՝ Երեւանի մէջ

ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանէն ներս, 27 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ «Արցախ. վտանգված ժառանգություն» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհանդէսը։ Անիկա լոյս տեսած է Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներուն նախաձեռնութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ։ Պատկերագիրքը կազմած է Հայկական Ճարտարապետական ուսումնասիրութիւններու հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանը:

Գիրքը հրատարակուած է Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարարութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին հետ համագործակցութեամբ։ Գիրք-ալպոմի կազմելուն օժանդակած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը։

Գիրքին կողքը (լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի դիմատերտի էջէն)

Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցան Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, փրոֆէսոըր Աշոտ Մելքոնեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆէսոր Վահրամ Բալայեանը, կազմողը՝ Րաֆֆի Քորթոշեանը, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, յուշարձանագէտ Սլաւա Սարգսեանը, Արցախի նախկին ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը։

Ներկաները կարեւոր համարեցին գիրքին գոյութիւնը իբրեւ թշնամիին կողմէ իրականացուող կեղծ քարոզչութեանը հակադարձող եւս մէկ միջոց։

«Մեզի կը թուէր ապահոված ենք թէ՛ մեր ժողովուրդի խաղաղ ապրուստը իր հայրենի հողին վրայ, թէ՛ նաեւ այդ ժողովուրդի միջոցով յուշարձաններու պահպանութիւնը։ Ցաւօ՛ք, այսօր այս իրավիճակի մէջ ենք», նշեց Րաֆֆի Քորթոշեան։

Ան ընդգծեց, որ ոչ միայն թուղթի վրայ, այլ թուղթի՝ գիրքի միջոցով պէտք է փորձենք պահել Արցախի յուշարձանները Արցախի մէջ:

լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի դիմատերտի էջէն