Սուրբ ծնունդը. որո՞ւն մասին է եւ ի՞նչ է անոր նշանակութիւնը


Զոհրապ Սարգիսեան

Նորէն տարի մը անցաւ, եւ ահա կը դիմաւորենք նոր տարի մը ու կը պատրաստուինք տօնելու Ս. ծնունդը։ Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ տօնել Ս. ծնունդ (Christmas). ի՞նչի մասին է, կամ աւելի ճշգրիտ արտայայտուելու համար, որո՞ւն մասին է եւ ի՞նչ է անոր նշանակութիւնը։

Մէկ կողմէն աշխարհը կ’առնչէ Ս. ծնունդը Կաղանդ պապային հետ։ Առասպելական հսկայ, գիրուկ, հարուստ, տարեց անձին հետ, որ ունի կարմիր հագուստ եւ ճերմակ մօրուք։ Ան, որ տարին միայն մէկ անգամ նուէր կը բաժնէ «բարիներուն», սակայն չի կրնար մեզի հետ ժամանակ անցնել, բացի շուկային մէջ նկարուելէ… եւ յետոյ կ’անհետանայ մէկ տարուան տեւողութեամբ։

Հիմնուելով այս մօտեցումին վրայ, շատերս կը վերագրենք Ս. ծննդեան օրը կամ տօնը նուէր գնելու հետ։ Այլ խօսքով, Ս. ծնունդը կը կապակցուի «առեւտրականութեան» (commercialization) հետ: Այս իմաստով, ան կը վերածուի գնումի եւ չափազանցուած ծախսելու բեռի մը։ Վերջինս կը դառնայ հիասթափութիւն, յոգնութիւն եւ պարտականութիւն։ Մեծ մասամբ, բոլորս ժամերով կը սպասենք շուկաներու կանգառներուն (parking lot) մէջ, որպէսզի կարենանք շուկայ մտնել եւ նուէրներ գնել, եւ կամ ժամերով համացանցի վրայ (online) ժամանակ կ’անցնենք լաւագոյն գնումը կատարելու։ Կարծես թէ Ս. ծնունդը դարձած է նիւթականի եւ ժամանակի սպառումի առիթ, եւ, հետեւաբար, շեղած է իր հիմնական իմաստէն եւ նպատակէն։

Միւս կողմէն, ուրիշներուն համար Ս. ծնունդը կ’առնչուի ընդունելի աւանդութիւններու հետ, օրինակ՝ ընտանիքներով, հարազատներով եւ կամ ընկերներով հաւաքուելու, արձակուրդի մեկնելու, հանգստանալու, նախասիրած ֆիլմեր դիտելու, ձիւն եւ սպիտակ փողոցներ տեսնելու, տօնածառեր զարդարելու եւ լուսաւոր տուներ եւ թաղեր պտըտելու։ Անշուշտ ասոնք յարգելի սովորութիւններ են, որ կը կատարենք Ս. ծնունդի եղանակին եւ անուան տակ։ Սակայն, վերոյիշեալ աւանդութիւնները Ս. ծնունդի երեւոյթային եւ արտաքին դիմագիծներն են, եւ պատեհ է որ պահենք։ Այսուհանդերձ, անոնք պէտք չէ փոխարինեն եւ կամ նսեմացնեն Ս. ծննդեան տօնին իսկական իմաստն ու նպատակը։ Յիշենք՝ ինչո՞ւ կը պահենք այս սովորութիւնները, ի՞նչ են շարժառիթները եւ խորհուրդը նուէր գնելու եւ ստանալու։ Պատասխանը՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդն է։

Թոյլ տուէք օրինակով մը բացատրեմ տեսանկիւնս։ Երեւակայէ, որ քու ծննդեանդ տօնն է. տարեդարձդ է, սակայն հրաւիրուած տօնախմբողները իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն օդի վիճակին, սենեակի զարդարումին, սեղանի վրայի նուէրներուն, երգի նուագին, ճաշի տեսականիին եւ այլ հիւրերուն։ Այսինքն՝ անոնց կեդրոնացումը ամէն ինչի վրայ է՝ բացի քու տարեդարձէդ։ Այլ խօսքով, եկած են տօնելու քու տարեդարձդ, առանց քեզի։

Կարծես թէ ամէն ոք ներկայ է, բացի քեզմէ: Այնպէս թէ դուն ներկայ չես այս տօնակատարութեան եւ անոր կեդրոնացումը դուն չես, հապա, քեզմէ զատ ամէն ինչ։ Կիզակէտը դուն չես կամ քու ծնիլդ չէ, ոչ ալ քու ծնունդիդ նշանակութիւնը շուրջիններուդ համար։ Չնշենք տակաւին թէ «Բարի տարեդարձ» ալ չ’երգուիր քեզի, ոչ ալ շնորհակալութիւն կը յայտնուի, որ դուն իրենց զաւակը, ամուսինը, հայրը, մայրը, քոյրը, եղբայրը, ազգականը եւ կամ բարեկամն ես։ Միթէ մենք այսպէ՞ս կը տօնենք մեր տարեդարձները։ Վստահ եմ՝ ոչ։

Այս բոլոր երեւոյթները որ նշեցի, միջոցներ են տարեդարձ մը յիշելու եւ տօնելու, ոչ թէ նպատակը։ Յիշատակին նպատակը այդ անձն է, եւ անոր ծննդեան նշանակութիւնը։ Միջոցները տօնին արտաքին տուեալներն են, անոնք լրացուցիչ են։ Ցնծալի տօնակատարութեան հիմնական եւ կարեւորագոյն պատճառը որոշ անձի մը տարեդարձը յիշելու ուրախութիւնն է, անոր ծննդեան եւ կեանքին ուրախութիւնը։

Նոյնը կը վերաբերի Ս. ծննդեան տօնին նկատմանբ։ Ս. ծնունդը իրարու հետ հաւաքուելու, բնակարաններ զարդարելու, նուէրներ գնելու, եւ Կաղանդ պապային մասին չէ միայն, հապա ցնծութեամբ, հրեշտակներուն հետ՝ տօնելու եւ հռչակելու Աստուծոյ Աւետիսը, Բարի լուրը, Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։

Ս. Ծննդեան եղանակը եւ օրը նախ եւ առաջ պէտք է ըլլայ Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութեան յիշեցումը։ Իսկապէս, Ս. ծնունդով մենք կը մտաբերենք եւ կը տօնենք Էմմանուէլ (Աստուած մեր հետ)։ Ամենակարող յաւիտենական Աստուած, իր վսեմութեան մէջ, կամաւորապէս մարդացաւ եւ յայտնուեցաւ մեզի Իր միածին որդիին միջոցաւ՝ ծնելով Ս. կոյս Մարիամէն իբրեւ փոքրիկ մանուկ մը, համեստ մսուրի մը մէջ, որպէսզի ապրի եւ զոհուի եւ բանայ դրախտի դռները մեզի համար «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։

Ս. ծնունդը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ անսահման սէրը, բարութիւնը, հաւատարմութիւնը, գուրգուրանքը, ողորմածութիւնը, բարեգթութիւնը մեզի հանդէպ։ Ս. ծնունդը սուրբ օր է. աւելին՝ ան մեր հաւատքի սրբազան օրն է, «Քանզի մեզի մանուկ մը ծնաւ… Ան Սքանչելի խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենական հայր, եւ Խաղաղութեան իշխան» է։ Աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ, Դաւիթի քաղաքին մէջ, Փրկիչ մը ծնաւ, ան է Քրիստոս տէրը։

Այս է Ս. ծննդեան տօնին ցնծալի ճշմարտութիւնը։ Չկայ Ս. ծնունդ առանց Քրիստոսի (There is no Chirstmas without Christ):

Սակայն այսօր ի՞նչ կը նշանակէ Ս. ծնունդը մեզի համար։ Ան Աստուծոյ Աւետիսն է, որ մեզի մանուկ մը ծնաւ, որովհետեւ

  • ա. Ան կը բերէ Աստուծոյ լոյսը մեր մտքերուն, հոգիներուն, սրտերուն եւ կեանքերուն մէջ՝ յաղթահարելու հոգեւոր խաւարը. Յիսուսն է աշխարհի լոյսը. Թող որ այս տարուան Ս. ծնունդը քեզի համար դառնայ բարի լոյս, որպէսզի լուսաւորուիս ճշմարտութեամբ եւ լուսաւորես շուրջիններդ։
  • բ. Ս. ծնունդը Աստուծոյ Աւետիսն է, թէ մեզի մանուկ մը ծնաւ, որ խաղաղութեան իշխանն է։ Ան է որ կրնայ ներքին խաղաղութիւն տալ մեր անհատական կեանքերուն եւ հայրենիքին։ Թող որ այս Աւետիսը տայ քեզի խաղաղութիւն՝ ընդունելով Խաղաղութեան իշխանը ու դուն ալ քու կարգիդ բերես խաղաղութիւն ուրիշներուն կեանքերուն մէջ՝ սփոփանքով, օրհնելով եւ կամ ականջալուր ըլլալով իրենց ցաւերուն կամ հոգերուն։
  • գ. Ս. ծնունդը Աստուծոյ Աւետիսն է թէ մեզի մանուկ մը ծնաւ, որ կը շնորհէ կենդանի յոյս եւ փրկութիւն։ Յիսուս (Եաշուայ) անունը կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ»։ Խոստացուած Մէսիան Քրիստոս ինքը փրկիչը ծնաւ. իրմով կայ յաւիտենական կեանք։ Խորհէ եւ խոկայ այս սքանչելի ճշմարտութեան վրայ։ Եւ եթէ ունիս այդ կենդանի յոյսը եւ փրկութիւնը, բաժնեկցիր ցնծութեամբ հռչակելով այդ։ Այս ձեւով դուն կը դառնաս Աստուծոյ Աւետիսի պատգամաբերը։
  • դ. Ս. ծնունդը Աստուծոյ Աւետիսն է թէ մեզի մանուկ մը ծնաւ որն է Աստուծոյ անպատում պարգեւը։ Մենք ի վիճակի չենք գնելու այս նուէրը, ոչ ալ կրնանք վաստակիլ կամ շահիլ զայն, սակայն կրնանք միայն ձրիօրէն ստանալ զայն։ Այս պարգեւը սուրբ է, անգին է, ձրի է, անթառամ եւ յաւիտենական։ Ուրեմն՝ ստացիր եւ բաժնեկցիր զայն

Եւ վերջապէս, այո, Ս. ծնունդը տալու եւ նուիրելու մասին ալ է նաեւ։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ «Աւելի երջանկաբեր է տալը քան առնելը»։ Տալու եղանակն է, որովհետեւ նախ Աստուած տուաւ Իր որդին մեզի։ Մենք կու տանք, որովհետեւ Աստուած տուաւ. Ան է նախաձեռնողը։ Ուստի տանք մեր ինչ որ ենք եւ ունինք։ Տանք մեր ընտանիքին, բարեկամներուն, դպրոցին, եկեղեցւոյ, կեդրոնին, ազգին, հայրենիքին եւ անշուշտ կարօտեալին։ Նուիրելը միայն ֆիզիքական նուէր տալուն մէջ չէ. մենք կրնանք տալ սէր, խաղաղութիւն, սփոփանք, յոյս, օգնութիւն, նիւթական դրամ, ժամանակ եւ կամ որեւէ բարի արարք կամ խօսք։ Ուստի, առատապէս տանք, որովհետեւ Աստուած առատապէս տուաւ ինքզինք՝ մղուած Իր սէրէն մեզի հանդէպ։

Եզրափակելով՝ կ’ուզեմ յիշեցնել, թէ Ս. ծնունդը մեր մասին կամ մեր չորս կողմի մասին չէ. Հապա Աստուծոյ Աւետիսին, թէ Աստուած ինչ կատարեց մարդկութեան համար Իր մարդեղութեամբ (Incarnation)։ Կը մաղթեմ, որ Ս. ծնունդը ցնծութեան եւ ուրախութեան տօն ըլլայ, յիշելով՝ թէ Աստուած ֆիզիքապէս մեր մէջ բնակեցաւ անցեալին եւ հիմա կը բնակի իր Սուրբ հոգիով։ Աղօթքս է, թէ Էմմանէուլը բերէ սէր, լոյս, յոյս, խաղաղութւին, խնդութիւն եւ փրկութիւն մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերուն մէջ, Իր որդիին միջոցով։

«Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն» (Ղուկաս 2:14)

Շնորհաւոր Սուրբ ծնունդ.

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»։ ֍


Զոհրապ Սարգիսեանը «Թինտէյլ» համալսարանի (Tyndale University) Աստուածաբանական բաժնի Մագիստրոսի թեկնածու է: