«Ձեռք երկարենք Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն» ձեռնարկին բացարձակ յաջողութիւնը


Ձեռնարկը արդարացիօրէն յաջողութիւն արձանագրեց եւ ունեցաւ մօտաւորապէս 15 000 տոլարի հասոյթ, որ պիտի յատկացուի արցախահայութեան օժանդակելու սուրբ նպատակին։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան 

Հայոց պատմութեան խաւարամած տարիներն ու ամիսները, իրենց դժուարին անցուդարձով եւ մղձաւանջային առօրեայով, կը գրաւեն աշխարհասփիւռ հայերուն սրտերը, իսկ Արցախի հայաթափումն ու արցախահայութեան բռնի ուժով տեղահանումը յուզական պահերու առիթ կու տան, որոնց արդիւնքով ձեռնածալ չմնացող հայը ջանք ու ճիգ չի խնայեր ձեռք երկարելու եւ օժանդակ դառնալու իր արիւնակից արցախահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

Այս էր պարագան նաեւ օժանդակութեան ձեռնարկներով անմասն չմնացող գանատահայութեանը, որ Արցախի շրջափակման, ապա տեղահանութեան առաջին իսկ օրերէն օժանդակող յանձնախումբեր կազմելով թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ արցախահայութեան։

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը տեղահանութեան առաջին իսկ օրերէն մեղուջան աշխատանք կատարեց եւ օժանդակութեան նպատակով ձեռնարկներ իրագործելով՝ օգնութեան ձեռք մեկնեց արցախահայութեան։ Այդ յաջող ձեռնարկներէն մէկը, «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընտանեկան ընթրիքն էր, որ 8 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։

«Ձեռք երկարենք Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն» խորագիրը կրող սոյն ձեռնարկին նպատակն էր ի մի բերել նուիրատուները, որոնց նուիրած լումաներով Հայաստան ապաստանած արցախահայը պիտի կարենայ արժանավայել կեանքի մը նախաքայլերը առնել։ Յանձնախումբի անդամները անխոնջ աշխատանք տարած էին գտնելու նուիրատուներ, որոնք ձեռնարկին ծախսերէն որոշ մաս մը իրենց ուսերուն վրայ կրած էին, եւ այդ գիշեր անոնք իրենց այս կեցուածքով մնացեալ նուիրատուներուն քաջալերող հանդիսացան, որպէսզի անոնք ալ իրենց քսակը լայն բանան եւ լիառատօրէն նուիրաբերեն։

Գէորգ Մանուկեանի ղեկավարած ՀՄԸՄ-ի (Homenetmen Toronto) փողերախումբի նուագած Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներէն ետք լսուեցաւ ՀՕՄ-ի քայլերգը եւ օրուան բեմավար, ընկերուհի Թամար Մաթոսեան ներկայանալով շնորհակալութիւն յայտնեց փողերախումբին եւ բարի գալուստ մաղթեց տէր Վարդան ծվ. Թաշճեանին, տէր Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանին, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներկաներուն եւ նուիրատուներուն, ապա՝ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ յարգելու յիշատակը Արցախի բոլոր նահատակներուն եւ 1988-ի երկրաշարժի զոհերուն։

Բեմավարը, արցախահայութեան դիմագրաւած չափազանց դժուարին պարագաներուն մասին խօսելով ըսաւ․ «Այսօր մենք հոս հաւաքուած ենք մեր օգնութեան ձեռքը երկարելով յոյս ներշնչելու մեր սիրելի արցախահայութեան, իրենց կեանքը շարունակելու ու գոյատեւելու։ Կամքն ու հայրենասիրութիւնը կը մնայ մեր բոլորին համար ներշնչման աղբիւր։ Մեր գաղութէն ներս զանազան միութիւններ օգնութեան ձեռք երկարեցին Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներուն, ՀՕՄ-ը անոնցմէ մէկն է։ Ան ճիգ չխնայեց կազմակերպելու զանազան ձեռնարկներ, ինչպէս վերջերս ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան կայացուցած ու յաջողութեամբ պսակուած առցանց աճուրդը ու մեր այսօրուան ձեռնարկը, որուն շահը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Արցախէն տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն»։

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը սկսաւ հայկական «Քոչարի» պարով, մասնակցութեամբ՝ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին), որուն անդամները իրենց պարով մարմնաւորեցին մեր լեռներուն ու հայ գիւղացիին խրոխտութիւնն ու խոյանքը։

Ս. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Վարդան ծվ. Թաշճեանը իր սրտի խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ՀՕՄ-ականներուն անձնուրաց զոհողութեան, անոնց անփոխարինելի դերին ու նուիրումին՝ ի սէր հայուն ու հայրենիքին։ Տէր Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան աղօթքով օրհնեց սեղաններն ու ներկաները, որմէ ետք որոշ ժամանակ մը տրամադրուեցաւ ներկաներուն՝ վայելելու բազմապիսի համադամ ճաշերն ու քաղցրեղէնները։

Կլոր սեղաններու շուրջ հաւաքուած թորոնթոհայերը, ընթրիքի ընթացքին նուիրատւութիւն կատարեցին եւ գնեցին Արցախի խորհրդանիշ «Տատիկն-պապիկ»-ի («Մենք ենք մեր լեռները») եւ Սուրբ Ղազանջեցոց եկեղեցւոյ փորագիր պատկերներով ապակեայ զարդերը, որոնց վրայի նշուած թիւերու վիճակահանութեամբ, բախտաւոր շահոյթով արժէքաւոր նուէրներու տէրերը պիտի դառնային։
Գեղարուեստական ճոխ եւ նոյնքան իմաստալից բաժինը շարունակուեցաւ ընկերուհի Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանի՝ «Պիտի հաւատամ» երկարաշունչ չափածոյ առակի ասմունքով, ուր բանաստեղծուհին անցնող վերջին տարիներու դառն իրականութիւններն ու անոնց մէջէն յաղթական դուրս գալու տեսլականը ներկայացուց ազդեցիկ բանաստեղծական շունչով։
Մեներգողներ Անուշ Գալստեանն ու Պետիկ Տաւուտեանը հիանալի երգեցողութեամբ կատարեցին «Արցախի եղնիկ» եւ «Կռունկ, բարով դառնաս» երգերը, անոնց անզուգական երգեցողութեան դաշնամուրով նուագակցեցաւ տիկին Թալին Գլըպոզեանը։

Հայաստանէն վերջերս Թորոնթօ ժամանած կիթառահար Սամուէլ Խաչատրեան վարպետօրէն նուագեց «Արցախ»-ն ու «Սարդարապատ»-ը։

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ ՀՅԴ-ԳՊՄ «Քրիստափոր» մասնաճիւղի պատանիներու «Արցախ» երգով, երբ նոր սերունդի մատղաշ շուրթերէն բիւրեղեայ հնչիւնով լսուեցաւ մեր սիրելի Արցախին նուիրուած երգը։

«Հայրենիքիս հետ, հայրենիքիս կարօտով» Հայաստանի մէջ նկարահանուած տեսերիզը, որ պատրաստուած է Hay Horizon – Հայ Հորիզոն-ի Արցախեան անձնակազմին ջանքերով (Հերմինէ Աւագեանի առաջնորդութեամբ) եւ շնորհիւ գանատահայ համայնքին նիւթական օժանդակութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ ձեռնարկի ընթացքին, երբ ներկաները ականատես դարձան մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենէն մութ էջերէն մէկուն։ Տեսան, լսեցին եւ զգացին Արցախի ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը, երբ անոնք տեղահանուեցան իրենց սեփական տուներէն, ետին ձգելով իրենց հայրենի հողը։

Այս տեսերիզին շնորհիւ թորոնթոհայութիւնը աւելի մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած Արցախահայութեան տխուր իրավիճակին եւ իր քսակը աւելի լայն բանալով լումաները նուիրեց՝ նպաստելու ձեռնարկին հասոյթին եւ նպատակին իրագործմանը։

Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի աղջիկներուն կատարած «Տաւիղ» հեզաճկուն պարով, ներկաները փոխադրուեցան հայրենի երկիր եւ հին ու խաղաղ օրերու երազանքը փայփայեցին իրենց բարձրորակ կատարողութեամբ։

Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Կիլիկիա» նուագախումբի մատուցած եւ իւրայատուկ ոճ ունեցող երաժշտական կտորներով․ երաժիշտներ Գէորգ Մանուկեան եւ Վրէժ Ղազարեան բացառիկ վարպետութեամբ ներկայացուցին հայկական բարձրաճաշակ մեղեդիները։

Ձեռնարկի աւարտին վիճակահանութիւն կատարուեցաւ եւ ներկաները գոհ մնացին իրենց բաժին ինկած նուէրները ստանալով։

Բարձրորակ ձեռնարկին նպատակն էր ՀՕՄ-ի եւ մեր գաղութի քոյր միութիւններով ու ընտանիքներով հաւաքուիլ ու օգնութեան ձեռք երկարել տառապեալ արցախահայութեան, հետեւաբար, այս ձեռնարկը արդարացիօրէն յաջողութիւն արձանագրեց եւ ունեցաւ մօտաւորապէս 15 000 տոլարի հասոյթ, որ պիտի յատկացուի արցախահայութեան օժանդակելու սուրբ նպատակին։ ֍