Կոչ՝ զգօնութեան եւ միասնականութեան. օնթարիոբնակ բոլոր հայերուն


ԹՈՐՈՈՆԹՕ–27 Սեպտ. 2022-ին, Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը հետեւեալ կոչը կ’ուղղէ օնթարիոբնակ բոլոր հայերուն: 

Այսօր, մեր ինքնիշխանութիւնն ու լինելութիւնը կը գտնուին լրջագոյն սպառնալիքներու դիմաց։ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները կ’ահազանգեն, որ ազգովին մեր միասնական ուժը վերաիմաստաւորելու հրամայականին տակ կը գտնուինք:

Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը կը սպառնայ մեր պետականութեան անվտանգութեան՝ նո՛ր պատերազմով մը։ Ժամը հասած է որ ազգովին պատրաստուինք դիմագրաւելու գալիք այս վտանգը, տէր ու պաշտպան կանգնելով մեր պետութեան տարածքային ամբողջականութեան ու մեր ժողովուրդի ապահովութեան։

2020ին կեանքի կոչուած Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը, որ կ՚ընդգրկէ օնթարիոհայ քաղաքական կուսակցութիւնները, եկեղեցիները, կազմակերպութիւններն ու ընկերակցութիւնները, կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2022-ին, հանդիպում մը ունեցան՝ նպատակ ունենալով հաւաքել եւ օգտագործել համայնքիս միջոցներն ու աղբիւրները, ի նպաստ հայրենիքի անվտանգութեան:

Այս օրհասական հանգրուանին, Խորհուրդս կը վերահաստատէ որ իր ներուժը ի սպաս դնէ մեր հայրենիքի գոյատեւումին եւ կոչ կ՚ուղղէ օնթարիոհայութեան ըլլալու զգօն եւ պատրաստ՝ զօրաշարժի որեւէ վայրկեանի։


Read the English version here.