Կարօտ մայրական


Գրիգոր Հոթոյեան

Այսօր հոգիիս բուրաստանէն ես,
Փունջ մը ծաղիկ կը քաղեմ հլու,
Տանելու համար զայն, խունկի պէս,
Մօրս շիրիմին վրայ բուրելու:

Այսօր երկինքը պայծառ հոգիիս,
Թանձր ամպերով կը վարագուրուի,
Անմայր, անարեւ խռովքը սրտիս,
Անյոյս կը շրջին թախիծով առլի:

Դանդաղ քայլերով կը հասնիմ շիրիմին,
Պաշտելի մօրս արեւ չտեսած,-
Իր երիտասարդ կեանքի ընթացքին,-
Ու լո՜ւռ կը դիտեմ՝ մտքով խղճացած:

Դողդոջ ձեռքերով քարը կը գրկեմ,
Արցունքս կ’իջնէ առուակի նման,
Ժամեր շարունակ կու լամ տխրադէմ,
Թրջելով ծառը շիրիմին անթառամ:

Սրտիս ընդերքէն արձակուած ճիչով,
Դառնութիւն բուրող ձայնով ցաւատանջ,
Կ’անիծեմ բախտս, որ սեւ քմայքով,
Որբութիւն դրոշմեց ճակտիս վաղաժամ:

Ապա ուղղելով խօսքս շիրիմին,
Անհուն գորովով կ’ըսեմ անձկագին,-
Մա՛յր իմ սիրասուն, մա՛յր իմ կաթոգին,
Կարօտցա՜ծ եմ քեզ, կարօ՛տ՝ անցեալին…


Թորոնթոհայ բանաստեղծ Գրիգոր Հոթոյեանի «Կարօտ մայրական» կտորը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Սիրտը ափին մէջ» հատորին մէջ, հրատարակուած Թորոնթօ՝ 1987-ին: Հատորը նուիրուած է բանաստեղին մօրը՝ Մարիամ Հոթոյեանին անթառամ յիշատակին: