Ստեփանակերտի մէջ բազմամարդ հանրահաւաք․ Արցախն այս շաբաթ


«Ո՛չ Արցախի էթնիկ զտմանը» շարժումին նախաձեռնութեամբ, 9 մայիսին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բազմամարդ  հանրահաւաք մը:

Հանրահաւաքը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ լռութեան վայրկեանով` ի յիշատակ Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ արցախեան պատերազմներու ընթացքին նահատակուածներուն:

Հանրահաւաքին ընթացքին «Ո՛չ Արցախի էթնիկ զտմանը» շարժման նախաձեռնող խումբի անդամները տեղեկացուցին, որ թղթային և առցանց եղանակով հաւաքուած է 120 000 ստորագրութիւն, ինչպէս նաև ներկայացուցին Արցախը ապաշրջափակելու իրենց պահանջքը, վերահաստատեցին հայրենիքի մէջ ազատ, անվտանգ ու անկախ ապրելու իրենց իրաւունքին տէր կանգնիլը, ցոյց տուին, որ Արցախը պիտի չյանձնուի և որ վճռական են՝ շարունակելու իրենց պայքարը, ինչպէս նաև զգօնութեան, սթափութեան, համախմբման ու պայքարի կոչ ուղղեցին մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ։

Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հակառակ ամիսներէ ի վեր շարունակուող շրջափակման, արցախցին չ’ընկճուիր եւ լի է պայքարը շարունակելու վճռականութեամբ:

«Մենք կը պաշտպանենք մեր տունը, քաղաքներն ու գիւղերը, գերեզմանները, մեր հողին վրայ ապրելու իրաւունքը: Մենք չենք ուզեր մէկու մը վրայ յարձակիլ, կ’ուզենք հանգիստ, երջանիկ ապրիլ մեր հայրենիքին մէջ: Պատրաստ ենք բանակցութիւններու, բայց անոնք  չեն կրնար ըլլալ ատրճանակը գլուխին դրած, այլ երկկողմանի յարգանքի պարագային միայն», ըսաւ Վարդանեան:

Հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

Հոգեհանգստեան կարգ եւ խաչերթ՝ Մեծ հայրենականի և Արցախեան գոյամարտին նահատակուածներու յիշատակին

1992 թուականին Շուշիի ազատագրման ու Պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով հազարաւոր արցախցիներ այցելեցին յուշահամալիր՝ յարգելու արցախեան պատերազմներուն նահատակուած հերոսներու յիշատակը։

Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, 9 մայիսին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ Մեծ հայրենականի, Արցախեան ազատամարտին, Ապրիլեան և 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներու, այնուհետև մեկնարկեց խաչերթ՝ դեպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Սարսանգի ջրային պաշարները հասած են ահազանգային սահմանի

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտարարութեան մը միջոցաւ ահազանգեց Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող ուժանիւթի, տնտեսական, մարդասիրական եւ բնապահպանական ահաբեկչութեան մասին՝ յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Սարսանգի ջրամբարի վիճակը, որ ահազանգային է, որովհետեւ անոր ջուրը՝ ջրելեկտրակայաններու կողմէ օգտագործման բերումով, մեծապէս նուազած է: 

Ըստ նախարարին՝ 146 օր շարունակուող շրջափակման պայմաններուն մէջ Ազրպէյճանը կը խափանէ Հայաստանէն եկող ելեկտրականութիւնը եւ կազը, որուն հետեւանքով Արցախի Հանրապետութիւնը ստիպուած է ուժանիւթ ստանալու համար օգտուիլ միայն ներքին 6 ելեկտրակայաններէն, որոնցմէ առնուած ելեկտրականութեան 70 տոկոսը բաժին կ’իյնայ Սարսանգի ջրամբարին, իսկ Արցախի ներքին արտադրանքը կը բաւարարէ պահանջարկի շուրջ 30 տոկոսը։ Այդ իսկ պառճառով կառավարութիւնը ստիպուած եղած է առաւելագոյն հզօրութեամբ շահագործել ջրաելեկտրակայանները։

 «Կանգնած ըլլալով Սարսանգի ջրային պաշարներու ու Արցախի ելեկտրականութեան ներքին հնարաւորութիւններու սպառման եւ մարդասիրական աղէտի մօտալուտ վտանգի առջեւ՝ եւս մէկ անգամ կոչ կ’ընենք ողջ միջազգային հանրութեանը, համապատասխան միջազգային կառոյցներուն, երկիրներու կառավարութիւններուն եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներով ու անվտանգութեամբ իսկապէս մտահոգ բոլոր անձերուն, չանտեսել ուժանիւթի, մարդասիրական, բնապահպանական եւ տնտեսական այս աղէտալի իրավիճակը եւ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու՝ ստիպելու Ազրպէյճանին հրաժարուելու նման միջնադարեան, ահաբեկչական ու դաժան պահուածքէն թէ՛ մարդկոց, եւ թէ՛ շրջակայ միջավայրի նկատմամբ», նշեց նախարարը:

Սարսանգի վիճակը արբանեակային նկարներով (լուսանկարները՝ Արցախի պեկական նախարարութեան)

Պետական նախարարը հրապարակեց նաեւ Սարսանգի ջրամբարի արբանեակային լուսանկարները՝ 1 յունուար 2023-ի եւ 28 ապրիլ 2023-ի դրութեամբ՝ ծովու մակերեսէն համապատասխանաբար 705.8 եւ 671.5 մեթր բարձրութեամբ մակերեւոյթով:

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարին եւ Պաքուի միջեւ քննարկումները արդիւնք չեն տուած 

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Ալեքսանտր Լենցով չկրցաւ յաջողութեան հասնիլ Պաքուի հետ ունեցած իր քննարկումներուն ընթացքին, յայտնեց Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:

Լենցով անցեալ շաբաթ գացած էր Պաքու՝ քննարկելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Ըստ անոր՝ քննարկումներու արդիւնքներով իրավիճակի դրական փոփոխութեան եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած պայմաններու վերականգնման շուրջ կարելի չէ եղած հասնիլ», նշեց Ներսիսեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կը նախատեսուի նոր հանդիպում՝ առանց յայտնելու, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ: 

Հայաստանի և Արցախի սահմանին մօտ 6000 ազրպէյճանցի յատուկ ջոկատային տեղակայուած է. Սիրանուշ Սահակեան

Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ հատուածներուն մէջ մօտ 6000 ազրպէյճանցի յատուկ ջոկատային տեղակայուած է։ Այս մասին մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ նշեց Համեմատական իրաւունքի կեդրոնի ղեկավար, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ, փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանը՝ ներկայացնելով նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյանի հետ համատեղ ստեղծած նոր յատուկ զեկոյցը։

Նշենք, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ ներգրաւուած էր ազրպէյճանական «Եաշմա» յատուկ ջոկատայիններու ստորաբաժանումը, որուն անդամները յատկապէս դաժան եղած էին Հադրութի մէջ։ 2022-ին ալ թրքական բանակի օրինակով ստեղծուած էր «Կոմանդօ» ստորաբաժանումը, որոնք պատրաստուած են թուրք զինծառայողներու կողմէ։
««Կոմանդօ» ստորաբաժանումը տեղակայուած է Հադրութի և Քարվաճառի մէջ։ Ներկայիս 5 միաւոր կայ, սակայն 3-ի գտնուելու վայրը գաղտնի կը պահուի։ Անոնց ղեկավար անձնակազմի հարցազրոյցներուն մէջ որպէս նպատակ արձանագրուած է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գործող ոչ կանոնաւոր զինուորական միաւորումներու դէմ պայքարը, որուն տակ անոնք կը հասկնան Արցախի պաշտպանութեան բանակը», նշեց Սահակեան։

Իրաւապաշպանը վստահ է` ազրպէյճանցի յատուկ ջոկատայիններու նպատակն է ոչնչացնել Արցախի զօրամիաւորումները։

Յիշեցնենք, որ դեռ 2022 թուականին Սիրանուշ Սահակեանը յայտնած էր, որ յստակ ապացոյցներ կան` Իշխանասարի դիրքերէն մէկուն մէջ՝ «Հովազ 1» բարձունքին հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան մէջ ներգրաւուած եղած է «Կոմանդօ» ստորաբաժանումը։

Շրջափակման ընթացքին Արցախ ներմուծուած է շուրջ 13 անգամ աւելի քիչ ապրանք 

Շրջափակման 150 օրուան ընթացքին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով գրեթէ 54 անգամ աւելի քիչ մեքենայի շարժ արձանագրուած է, քան պէտք է ըլլար առանց շրջափակման, տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը՝ 11 մայիսին հրապարակած իր արտահերթ եռալեզու զեկոյցի թարմացուած տարբերակին մէջ՝ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան հինգ ամսուան (150-օրեայ) շրջափակման հետևանքով մարդու անհատական և հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ:

«Նախքան շրջափակումը Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով երկկողմանիօրէն կ’անցնէր օրական միջինը 920 մեքենայ, որ կը նշանակէ, թէ 150 օրերուան մէջ սովորական պայմաններու մէջ պէտք է արձանագրուէր մեքենայի 138,000 մուտք և ելք, երբ շրջափակման ողջ ընթացքին Արցախի բնակիչներու ոչ մէկ մեքենայ անցած է Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով, այլ՝ միայն Կարմիր խաչի և ռուս խաղաղապահներու մեքենաներ՝ ընդհանուր առմամբ 2,558 մուտք և ելք, ներառեալ՝ դատարկ բեռնատարներու ելքը Գորիսէն մարդասիրական բեռեր ներմուծելու նպատակով», ըսուած է զեկոյցին մէջ:

ՄԻՊ-ը արձանագրած է, որ  նախքան շրջափակումը Արցախ ներմուծուած է օրական շուրջ 400 թոն բազմաբնոյթ ապրանք՝ մարդոց կենսական կարիքներու բաւարարման և տնտեսութեան գործունէութեան համար, ինչը կը նշանակէ, որ 150 օրուան ընթացքին պէտք է ներմուծուէր շուրջ 60,000 թոն ապրանք, երբ շրջափակման պայմաններուն մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի և ռուս խաղաղապահ առաքելութեան միջոցով Արցախ ներմուծուած է մօտ 4,623 թոն ապրանք՝ գերակշիռ մասը սնունդ ու դեղորայք՝ շուրջ 13 անգամ աւելի քիչ, քան այն որ պէտք է ըլլար: 

Ըստ զեկոյցին՝ 23 ապրիլէն, երբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ Հակարի կամուրջին մօտ տեղադրուեցաւ անօրինական հսկիչ անցագրային կէտը, մինչ օրս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ մարդասիրական բեռափոխադրումներ չեն իրականացուած։

Բժշկական շարժական ծառայութիւն` Արցախի շրջաններու բնակիչներուն

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի, Մարտակերտ եւ Ասկերան շրջաններու գիւղական համայնքներու բնակիչները առիթը պիտի ունենան օգտուելու բժշկական շարժական նոր ծառայութիւններէ։

(լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի)

«Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ՝ մեկնարկած է Արցախի երեք շրջաններու գիւղական բնակավայրերուն բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու ծրագիրը, որուն հիմնական գործընկերներն են «Հենար» բարեգործական հիմնադրամը եւ Sante Armenie միաւորումը։ Ծրագիրը կ’իրականացուի Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ։

Ծրագիրին նպատակն է՝ բժշկական խմբակներու գործարկման միջոցով, գիւղական վայրերու մէջ բնակողներուն բժշկական ծառայութիւններ մատուցել։ Անհրաժեշտ բոլոր բժշկական սարքերով յագեցած ինքնաշարժը 3 մայիսէն ի վեր անհրաժեշտ ծառայութիւններ կը մատուցէ բնակիչներուն։

«Հիմա, երբ շրջափակման պատճառով առաւել բարդացած է վառելիք ձեռք բերելու հարցը եւ Ստեփանակերտ հասնիլը աւելի դժուարացած է, այսպիսի խմբակի մը գործարկումը շատ լուրջ ընկերային հարցեր կը լուծէ», ըսած է «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութեան պատասխանատու Արմէն Մանգասարեան։

Նշենք, որ «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութիւնը հիմնադրած են Ռուբէն Վարդանեան եւ անոր գործընկերները։

Ազրպէյճանցիները քանդած են  Հադրութի կեդրոնական գրադարանը

Ազրպէյճանցիները քանդած են բռնագրաւուած Հադրութ քաղաքի կեդրոնական գրադարանը, «Արցախպրես»-ի հաղորդմամբ՝ տեղեկացուցած ՝ Հադրութի Աւ. Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանի տնօրէն՝ Վարսիկ Ամիրջանեանը, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեսանիւթին մէջ նկատած է, որ շինութիւնը չկայ։

«Հադրութի կեդրոնական գրադարանի շէնքը կառուցուած էր 1932 թուականին: Ազրպէյճանցիներու հրապարակած տեսանիւթէն կ’երեւի, որ գրադարանի շէնքէն գրեթէ ոչինչ մնացած է», ըսաւ գրադարանի տնօրէնը։ 

Անոր խօսքով՝ 2020-ի տուեալներով գրադարանի ֆոնտը կը կազմէր մօտ` 39 հազար 720 կտոր գիրք։ Մօտ 750-800 ընթերցող ունէինք: Այս պահուն գրքային ֆոնտէն տեղեկութիւն չկայ»,նշած է ան՝ աւելցնելով, որ պիտի դիմեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին՝ ազրպէյճանական մշակութային հերթական վանդալութեան դրսևորումը միջազգային ատեաններուն մէջ բարձրաձայնելու համար:

Ստեփանակերտի մէջ համերգնուիրուած Արցախեան շարժման 35-ամեակին

Մայրաքաղաքի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական շարժման 35-ամեակին նուիրուած համերգ, որուն ընթացքին հայրենասիրական երգերու կատարումով հանդէս եկաւ «Վէլանս» համոյթը:

«Համերգին համար ընտրուեցան հայրենասիրական երգեր` ուղերձ ունենալով այն, որ Արցախը կանգուն է, Արցախը կ’ապրի ու պիտի ապրի մի՛շտ», նշեց համոյթի անդամ Մարթա Բաղդասարեանը` աւելցնելով, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամն է, որ համերգ կ’ունենան:

Երեկոյի ընթացքին կայացաւ նաեւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Վիլեն Միքայէլեանի «Վերածնունդ» ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը: «Ստեղծագործութիւնը ծնաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Պատերազմի ընթացքին մեր ժողովուրդը մեծ ցաւ ապրեցաւ, բայց չկոտրուեցաւ: Ես կը հաւատամ, որ ամէնէն լաւը տակաւին մեր առջեւն է», նշեց Միքայէլեան:

Ստեփանակերտի մէջ բեմադրուեցաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան

Արցախի պետական ակադեմիական երգչախումբին կողմէ բեմադրուեցաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան։  

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ Արցախի պետական ակադեմիական երգչախումբի խմբավար Նինա Գրիգորեանը, երաժշտական արուեստին մէջ որպէս իրադարձութիւն կարևորելով բեմադրութիւնը, նշեց, որ անիկա նաև երկու գլուխգործոցի աստուածացումն է:

«Ամբողջ ներկայացումը կազմակերպուած է երգչախումբին ուժերով:

Մասսայական տեսարաններու ներկայացման կը մասնակցին երգչախումբի անդամները, իսկ մենակատարները կը կատարեն գլխաւոր դերերու սոլոները:

Բեմադրող Յովհաննէս Յովհաննիսեանը այնպիսի յստակ աշխատանք կատարած է, որ այս անգամ հեռավարի կարիք չունէինք, կը յիշէին ամբողջ բեմադրութիւնը», ըսաւ Գրիգորեան:  «Միշտ երազած եմ Անուշ երգել, որ իրականութիւն դարձաւ: Շրջափակման հետևանքով բեմադրիչը չկրցաւ գալ, փորձեցի յիշել որոշ դրուագներ ու փորձերէն ետք բեմ բարձրացայ», ըսաւ գլխաւոր  հերոսուհի Էլինա Ջամալեանը