Բացօթեայ թանգարանին փողոցներուն մէջ


Վահէ Թղլեան

Հաշուուած օրեր մնացեր էին Հայաստան գտնուելուս, շուտով պիտի վերադառնայի Գանատա, երբ Գիւմրիի «Հայբուսակ» համալսարանի հրաւէրով, Համահայկական գրողներու միութիւնը (ԳՄ) կը պատրաստուէր «Դէպի երկիր» ծրագիրով ու Գիւմրեցի Ղեւոնդին (Համլետ Աշոտի Մանուկեանի) նոր լոյս տեսած բանաստեղծական գիրքի շնորհանդէսին առիթով՝ մեկնիլ Գիւմրի։ Այս անգամ, ժամանակս շատ խիտ ըլլալով՝ բախտս պիտի չժպտէր, որ միանայի խումբին… Բայց եղաւ անսպասելին․ գործի բերումով վերադարձս յետաձգուեցաւ ու ի ուրախութիւն բոլորիս, պիտի միանայի Համահայկական ԳՄ-ի նախագիծին։

Գիւմրին ինծի համար անծանօթ վայր մը չէր։ 2019 թուականին գտնուելով այստեղ, ընկերոջս՝ Արա Նախշքարեանի առաջնորդութեամբ ու համբերութեամբ, ամբողջ օր մը շրջագայած ենք քաղաքի տարբեր վայրերը, հնարաւորինս ծանօթանալով տեղւոյն պատմութեան։ Բայց Հայաստան գտնուիլ ու Գիւմրին չտեսնել, կը նշանակէ Հայաստանը չտեսնել. իսկ միօրեայ այցելութեամբ Գիւմրիի մասին ամփոփ յուշագրութիւն գրելը չէր կրնար ամբողջական ըլլալ, հնարաւոր չէր։ Գիւմրին անձիդ մէջ կը դրոշմէ հայ մշակոյթը, գրականութիւնը, արուեստը, թատրոնը, ֆիլմը… Եթէ Լոռուայ բնութեան հզօր ոյժը ստեղծած է Թումանեանի նման բանաստեղծը, ապա Գիւմրին տուած է Շիրազներ։

Գիւմրի:

Այստեղ մշակոյթի առատութիւն կայ:

Մարմնամարզի նուաճումները ամբողջ աշխարհին ծանօթ են։

Դրական մթնոլորտի մէջ հոգիդ ուրախացնող ու ոչ միայն hայերուն, այլեւ ոեւէ այցելուի ժպիտը ապահովող ժողովուրդ, որուն ջերմութիւնն ու բարբառի քաղցրութիւնը, համն ու հոտը, անմահացած Պոլոզ Մուկուչով, Ֆայտոն Ալեքով, կ՚երանգաւորեն քաղաքին ներքին տեսքը։

Գիւմրեցիներուն հետ խօսակցութիւնդ պէտք է որ չափաւոր բնոյթ ունենայ, այլապէս կրնաս զոհը դառնալ իրենց զուարթախոհութեան։

Համահայկական ԳՄ-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայբուսակ համալսարանին մէջ՝ պրն. Աբգար Ափինեանի գլխաւորութեամբ։ Արդէն հիւրերը ժամանած էին, գրականագէտներ, բանաստեղծներ, համալսարանի տնօրէնն ու Մոսկուայի Հայագիտական ամբիոնի հիմնադիրը։ Հիանալի երեւոյթ էր տեսնել երիտասարդ համալսարանականներ, որոնք կը ձգտին տարբեր մասնագիտութեան տէր դառնալ, ու իրենց մէջ յատկապէս նկատելի է գրականագէտ դառնալու ձգտումը։

«Դէպի երկիր» ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուած էր ու Ղեւոնդի «Հեռացող մարգարէն» գիրքը լայն ընդունելութիւն գտած էր։ Ղեւոնդը՝ Գիւմրեցի հեռազգաց բանաստեղծը, որ անժամանակ հեռացաւ մեր կեանքէն նախազգացած էր մերօրեայ իրողութիւնները՝ եւ զանոնք ներկայացուցած իր բանաստեղծութիւններով: Անոնք յետ մահու ամփոփուեցան իր բանաստեղծութիւններու հատընտիրին մէջ, որուն շնորհանդէսը կատարուեցաւ իր զաւակին ներկայութեամբ։

Գտնուիլ Գիւմրի ու չտեսնել մշակութային գործիչներու, բանաստեղծներու տուն-թանգարանները, առնուազն` յացագործութիւն է։ Կը քալենք թաղերուն մէջէն: Անկարելի է պարզապէս «կողքով անցնիլ» ու չնշմարել «Մեծերը»։’

Կ’այցելենք Ասլամազեան քոյրերու նկարչական պատկերասրահ։ Թանգարանին անունը ծանօթ էր, բայց գործերուն անծանօթ էի։ Նկարները դիտելով՝ մեր դէմքերուն վրայ հիացմունք պատկերուեցաւ։ Պարզապէս՝ հիանալի էր։

Մեզի կը սպասէր աւելի լուսաւորը։

Շրջուեցանք դեպի վարպետաց փողոց, Ա. Իսահակեանի, Մ. Մկրտչեանի, Յ. Շիրազի տուն թանգարանները։ Այստեղ որքան շատ են լուսատու դեմքերը, արուեստագէտները, մշակութային գործիչները։

Կը հաւատամ, որ ծանօթանալով հանճարներուն՝ ինքդ որպէս հայ ինքնաճանաչումի բացայայտում կը կատարես։ Ու այսպէս, նորութիւններ պարզելով՝ կը շարունակենք մեր շրջագայութիւնը։

Փողոցի պատերուն վրայ արձանագրուած անեկդոտներ կան, որպէսզի երբ մարդ անտրամադիր ըլլայ, կարդայ ու դէմքին ժպիտը վերագտնէ։

Գիւմրին բացօթեայ թանգարան է։

 Կը մօտենանք յուշանուէրի խանութի մը ու ինչքան կը մօտենանք, այդքան աւելի յստակ ու բարձր կը լսենք Մանսուրեանի երաժշտական ստեղծագործութիւնները, հայկական ֆիլմերու գեղեցիկ մեղեդիները, որոնք այնքան հաճելի է լսել, մանաւանդ այն փողոցին վրայ, ուր ֆիլմը նկարահանուած է։ Այս փողոցը տեղ գտած է «Կտոր մը երկինք» ֆիլմին մէջ. երաժշտութիւնն ու տեսարանը քեզ կ՚առաջնորդեն հայկական դասական ֆիլմերու աշխարհը. կը մտնենք յուշանուէրի խանութը, յիշատակի զարդեղէն ու շիշ մը հայկական քոնիակ կը վերցնեմ։

Մօտեցած ենք Շիրազի տուն-թանգարանին, խաչմերուկի անկիւնը, հոն, ուր ժամանակին փոքրիկ Յովհաննէսը ջուր կը ծախէր։ Կը մտնենք տան շրջափակէն ներս, ապա գետնափոր տան, ցած ու նեղլիկ դռնէն կ՚անցնինք ներս, հոն կիսամութ սենեակին մէջ լուսանկարիչներ կան ու ըստ ցանկութեան՝ կարելի է հայկական տարազով նկարուիլ։

Ի դէպ՝ Շիրազը, իր կենդանութեան, քաղաքապետարանէն խնդրած է որ վերնայարկի տունը իրեն յատկացնեն, քաղաքապետարանը դրական արձագանգելով, սկսած է վերանորոգել վերնայարկը։ Բայց տան նորոգութեան աւարտը չտեսած, գնաց միանալու Անմահներու փաղանգին։ Գետնափոր տան կարասին ու Երեւանի տան կահոյքը փոխադրուած են վերնայարկ, որպէս տուն թանգարան։ Փոքր պտոյտով մը ծանօթացանք յիշատակի այս պատմական տանը։

Ինչպէս Պ. Սեւակը պիտի ըսէր. «Պատահաբար են պատահում կեանքում»:

Սուսաննայի ուխտի ցանկութեամբ՝ որոշած էինք եօթը եկեղեցիներու մէջ աղօթել ու մոմեր վառել մեր հայրենիքի խաղաղութեան համար։

Ու ամենատպաւորիչ պատահականութիւնը եղաւ այն՝ երբ զուգադիութեամբ եօթը եկեղեցիներու մեր ուխտը ի կատար հասաւ ու եզրափակուեցաւ Գիւմրիի «Եօթ վէրք» եկեղեցւոյ մէջ։

Ոչ մէկս համտեսած էր Գիւմրիի հռչակաւոր գեալլան (հորթի խորոված գլուխ)։

Երեւանէն սկսեալ, իրարու կը յիշեցնէինք, որ գեալլա ուտելու համար անպայման առիթ ստեղծենք։

Ուստի խանդավառ ու յօժար կամքով ենթարկուեցանք այդ փորձութեան։

Յետոյ՝ պարզելով համն ու տեսքը… ախորժակի անկում արձանագրուեցաւ ու որոշեցինք ալ երբե՛ք չվերադառնալ այդտեղ… հըբը՜:

Երեկոյան գացինք սրճելու կեդրոնի հրապարակ, հանրայայտ Պոնչիկ-Մոնչիկի բացօթեայ սրճարանը:

Զով քամին ու գիշերային եռուզեռը շատ հարազատ էին:

Ընտանիքներ, երիտասարդ զոյգեր, ընկերներ, մայթի վրայ կը ճեմէին սեմիչկա (արեւածաղիկի կուտ) չռթելով։ Պատահաբար հանդիպեցանք իրենց զրոյցով տարուած հաճելի մարդոց ու դերասաններու։ Խօսակցութեան ընդմէջէն այնպիսի տպաւորութիւն կար, որ իրենք մեզ աւելի լաւ կը ճանչնային…

Յաջորդ օրը Յարութը միացաւ մեզի։

Գիւմրիին բաւական ծանօթ ըլլալով՝ ան մեզ առաջնորդեց «Չէրքէզի ձոր»-ը։

Հանդարտութեան մէջ գալարուող, հրաշալի ձորամեջ ձկնարան։ Աւանդութիւնները պահուած՝ ախորժաբեր տեսքով ու իւրայատուկ կերպով մատուցուած ձուկը, մարդս անպայման խմելու կը տրամադրէ։

Ու ինչպէս տեղացիները կը փորձէին հաւատացնել մեզ՝ խմելով աւելի լուսաւոր կը դառնաս։

Այստեղ անսահմանափակ օղի սպառեցինք, բացի Յարութէն։Ան ինքնաշարժ պիտի վարէր։

Ու երբ մեր աչքերը սկսանք բանալ, հեռուէն կ՚երեւէր գիշերային լուսավառ Երեւանը։

(լուսանկարը՝ հեղինակին)