Արամ Ա․-ի ի պատիւ ճաշկերոյթին շարք մը թորոնթոհայեր շքանշաններու արժանացան


Շաբաթ, 10 յունիս 2023-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին։

Ըստ Ազգային առաջնորդարանի հրապարակած հաղորդագրութեան, ճաշկերոյթին ներկայ էին՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ տէր Թորգոմ  եպս. Տօնոյեան, Լիբանանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի մէջ պատուոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Հայ  յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, միաբան հայրեր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Ճաշկերոյթի հանդիսավար Գրիգոր Պէպէճեանը բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ  երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ հայրապետի, իր նուիրուածութեան եւ ծառայութեան համար։ Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ  յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ներկաներուն։

Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը ընթերցեց Օնթարիոյի վարչապետին՝ Տակ Ֆօրտին բարի գալուստի խօսքը՝ ուղղուած Վեհափառ հայրապետին։

Գանատայի հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ տէր Բաբգէն արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան ճաշկերոյթի յաջողութեան համար։

Ճաշկերոյթի ընթացքին շքանշաններով գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներ ծառայած են Թորոնթոյի համայնքին։ Վեհափառ հայրապետի ձեռամբ «Կիլիկիան ասպետ»-ի շքանշանին արժանացան՝ Վազգէն Թերզեան, Արմէն Կէտիկեան, Օսիկ Մխսիարթինեան, Ժիւլիէթ Ճանպազեան եւ Ժիւլիէթ Սարգիսեան։ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացան ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի երկարամեայ ուսուցիչներ Սիլվա Փայիլեանն ու Յասմիկ Պապեանը, ինչպէս նաեւ Ալիս Շիթիլեանը։

Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, Գանատայի մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականներուն, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան, Երեսփոխանական ժողովին, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ շքանշանակիրներուն՝ անոնց կատարած երկար տարիներու ծառայութեան համար։

Հայրապետը իր ուղերձին մէջ շեշտեց պատկանելիութեան կարեւորութիւնը ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է ունենայ պատկանելիութեան խոր ու ամուր գիտակցութիւն։ «Ես կ’ուզեմ երեք բառերու մէջ խտացնել մեր հայութիւնը՝ ճանչնալ, մասնակցիլ եւ փոխանցել։ Ինքնաճանաչողութիւնը կարեւոր է մեզի համար։ Պատմութեան պէտք է նայինք, ճանչնանք մեր անցեալը եւ փոխանցենք նոր սերունդին։ Իսկ այս բոլորին կողքին պէտք է հայութիւնը ապրինք, մեր մասնակցութիւնը բերելով հայ կեանքէն ներս», ըսաւ Վեհափառը:

Հանդիպում՝ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Նոյն օրը, 10 յունիս 2023-ի առաւօտեան, Վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հետեւելով Վեհափառ հայրապետի 2023 տարուան հռչակագիրին, Թորոնթոյի մէջ եւս կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէս կարելի է վերակազմաւորել սփիւռքը։ 

Ըստ Ազգային առաջնորդարանի հրապարակած հաղորդագրութեան, աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն  ու երկխօսութիւնը սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին եւ թէ ինչպէս կրնանք այդ մարտահրաւէրները յաղթահարել։

Հանդիպման աւարտին միութիւններու ներկայացուցիչները առիթն ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Վեհափառ հայրապետին: