«Այսօրուան հրամայականն է՝ որեւէ ժամանակէ աւելի սփիւռքը հզօրացնել». Բաբգէն Արք. Չարեան


Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Բաբգէն Արք. Չարեանի այս խորհրդածութիւնները հրապարակուած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ վերջերս լոյս տեսած «Սփիւռքի տարի» յաւելուածին մէջ։


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»։ Վեհափառ հայրապետը իր հռչակագիրին մէջ հրամայական կը նկատէ սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ կը շեշտէ.- «Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ անոր հզօրացումն է. իսկ սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումն է. Եւ սա համազգային առաջնահերթութիւն է ու մարտահրաւէր։ Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշխատանքի»։

Հետեւաբար այսօրուան հրամայականն է՝ որեւէ ժամանակէ աւելի սփիւռքը հզօրացնել։

Վստահ պէտք է ըլլանք, որ «ամէն բան իր ժամանակը ունի»։ Երբեմն կը կարծենք որ մեր ուզած ատեն փոփոխութիւն կրնանք կատարել եւ կամ իրադարձութեանց հասու ըլլալ։ Երբեմն կը կարծենք, որ մեր ուզած ձեւով կ՚ընթանայ կեանքը եւ կրնանք յաջողութիւններու հասնիլ։ Ճիշդ ժամանակը ոչ ե՛ս եւ ո՛չ դուն, այլ Աստուած գիտէ։ Աստուածաշունչի Ժողովող գիրքին մէջ հետեւեալ ճշմարտութիւնը կը կարդանք.- «Ամէն բանի ժամանակը կայ, աշխարհի մէջ ամէն գործ ունի իր ժամանակը. ծնելու ժամանակը և մեռնելու ժամանակը, տնկելու ժամանակը և տնկածը քաղելու ժամանակը, սպաննելու ժամանակը և բժշկելու ժամանակը, քանդելու ժամանակը և շինելու ժամանակը, լալու ժամանակը և ծիծաղելու ժամանակը, սգալու ժամանակը եւ ուրախանալու ժամանակը, ողբալու ժամանակը և պարելու ժամանակը, քարեր կտրելու ժամանակը և քարերը հաւաքելու ժամանակը, գրկելու ժամանակը և գրկէն հեռանալու ժամանակը, փնտռելու ժամանակը և կորսնցնելու ժամանակը, պահելու ժամանակը և դուրս նետելու ժամանակը, պատռելու ժամանակը և կազմելու ժամանակը, լռելու ժամանակը և խօսելու ժամանակը, սիրելու ժամանակը և ատելու ժամանակը, պատերազմի ժամանակը և խաղաղության ժամանակը» (Ժողով. 3:1-8): Սփիւռքի կազմակերպման ժամանակը ճիշդ հիմա է եւ հրամայական է, այլապէս վաղը ուշ կ՚ըլլայ: Իմաստուն եւ արթուն պէտք է ըլլանք։ Պէտք է վստահինք միայն մեր ուժերուն եւ սակայն, միաժամանակ պէտք չէ անտեսենք եղած ուժերը այլ ընդհակառակը արժեւորենք, գնահատենք եւ պահպանենք։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետը կոչ կ’ուղղէ բոլորիս սփիւռքը վերակազմակերպելու ու վերակենսաւորելու։ Այո՛, պէտք է բոլորս միասին, մեր բոլոր ուժերով, այսօր մեր սեւեռակէտն ու նիզակէտը դարձնենք սփիւռքը։ Ճիշդ է մեր բոլորին վախճանական նպատակը վերադարձ է հայրենիք, սակայն պէտք է իրապաշտ ըլլանք, որ սփիւռքը իրողութիւն է եւ նոր իրողութիւն չէ, տարբեր հանգամանքներով եւ տարբեր ժամանակաշրջաներուն, այլազան պատճառներով, ցեղասպանութիւն, պատերազմ, տնտեսական տագնապ, անգործուոթիւն, սփիւռք ունեցած ենք եւ պիտի շարունակենք ունենալ։ Ի՞նչ պէտք է ընել ուրեմն, անտեսե՞լ սփիւռքը, ճահճացնե՞լ սփիւռքը, իր առաքելութիւնը աւարտած համարել, թէ այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց ըստ այնմ արժեւորել եւ կենսաւորել ու մանաւանդ հզօրացնել։

Այսօր, առաւել եւս համահայկական ազգային ռազմավարութիւն պէտք է ունենանք, միասին մտածելու, տագնապելու եւ ըստ այնմ վաղուան նայելու, մեր հաւաքական ապագան կերտելու։ Այսօր, առաւել եւս պէտք ունինք սփիւռքի մէջ նոր մտածելակերպի ու գործելաոճի։ Վաղուան առողջ ու գիտակից հայը դաստիարակելու, մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու՝ հաւատք, լեզու, մշակոյթ եւ հայրենի հողի հետ ամրակուռ կապ ու մանաւանդ մեր արդար ու անժամանցելի իրաւունքներուն հետապնդումը ապահովելու:

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մեր հայրերը սփիւռքի մէջ իրենց լաւագոյնը կատարեցին եւ մեզի փոխանցեցին ուժն ու կամքը հայրենի հողէն հեռու պահպանելու մեր ինքնութիւնը՝ հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը։ Այս բոլորը պահուեցան շնորհիւ մեր գաղութներուն մէջ կառուցուած ու հաստատուած եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ ակումբներով, մշակութային ու մարզական միութիւններով։

Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի յանձնառու պէտք է ըլլանք հաւաքական ճիգերով գործի լծուելու որպէս ղեկավարներ, պատասխանատուներ, կուսակցութիւններ, հոգեւորական եւ աշխարհական սպասաւորներ, ազգային մարմիններ, միութիւններ, կրթական մշակներ եւ պարզապէս հաւատաւոր հայորդիներ։ Քաջ գիտենք սակայն, որ սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր գաղութ, համայնք իր իւրայատուկ պայմաններն ու հնարաւորութիւնները ունին, սակայն հիմնական առաքելութիւնը նոյնն է, մարտահրաւէրը նոյնն է եւ առաջնահերթութիւնը նոյնն է։

Առաջին հերթին, պէտք է վերաքննենք ու արժեւորենք եղած աշխատանքը, տեսնելու, թէ որքանո՞վ անհրաժեշտ է փոփոխութիւն կատարել, նորարարութիւն մտցնել մեր մտածելակերպին ու գործելաոճին մէջ։ Վերանորոգումը միշտ ալ կարեւոր է ճահճացումէ դուրս գալու եւ նոր աւիւն ներարկելու։

Ցեղասպանութենէն ետք, սփիւռքի մէջ հայը կրցաւ հողէն հեռու ինքնութիւն պահպանել, հայոց լեզուն անաղարտ պահել ու հայ մշակութային ու հոգեմտաւոր արժէքներուն պահապանը ըլլալ։ Այո՛, ան կրցաւ պահել ինքզինք, երաշխաւորել իր գոյերթը, շնորհիւ իր եկեղեցիներուն, կրթական օճախներուն, մշակութային, մարզական միութիւններուն ու քաղաքական կազմակերպութիւններուն։

Սակայն, այսօր մենք ի՞նչ պէտք է ընենք սփիւռքը վերակազմաւորելու ու մանաւանդ հզօրացնելու հսմար։ Իրապաշտ պէտք է ըլլանք տեսնելու, որ այսօր սփիւռքի մէջ հայու ինքնութիւնը ենթակայ է զեղծուելու վտանգին, նամանաւանդ նոր սերունդին մօտ։ Ահաւասիկ, հո՛ս նոր շունչով պէտք է կարենալ վերակենսաւորել սփիւռքը եւ կերտել ապագան։

Հետեւաբար, մենք չենք կրնար կրաւորական եւ դիտողի ու մանաւանդ համակերպողի դերին մէջ մնալ։

Սփիւռքի կարեւոր թեմի մը որպէս հոգեւոր Առաջնորդը, պիտի կեդրոնանամ Գանատայի տարածքին մեր հաւաքական աշխատանքներուն։

Ա. Մեր տան հիմերը ամրացնել վաղուան առողջ սերունդները ապահովելու համար։ Առաջին հերթին, եղածներուն վրայ գուրգուրալ ու պահել, սակայն չբաւարարուիլ միայն եղածով։ Որո՞նք են այդ տան հիմերը, Եկեղեցի, Դպրոց, մամուլ, մշակոյթ, միութիւններ եւ կուսակցութիւններ։ Այս հիմերն են հիմնական ազդակները ազգապահպանման։

Համաշխարհայնացման այս դարուն, երբ դարպասները բաց են, ապահով պատնէշները քանդուած են, բնական է, որ սպառնալիք կայ մեր ազգային գիտակցութեան ու մտածողութեան, մեր լեզուին, մշակոյթին, մեր ինքնութեան ու հաւատքին։

Այսօր, հրամայական անհրաժեշտութիւն է հաւաքական ճիգը, մարդ ուժի համախմբումը, գնահատումը եւ օգտագործումը։

Այսօրուան մարհահրաւէրներուն դիմաց որդեգրել նոր մտածելակերպ եւ գործելաոճ։

Մեր համայնքները նոր պատկեր կը ներկայացնեն այսօր, հիներու եւ նոր եկողներու ներդաշնակում ստեղծել։

Մեր նիւթական միջոցներուն մեծագոյն բաժինը տրամադրել դաստիարակութեան՝ Քրիստոնէական թէ՛ հայեցի, առողջ կրթութիւն ջամբելու մեր նոր սերունդին, որպէսզի կարենանք ապահովել ինքնութեան եւ ազգային գիտակցութեան պահպանումը։ Սերունդներու շարունակականութիւնը ապահովելու համար պահպանել մեր դպրոցները առողջ եւ միաժամանակ հայեցի շունչ եւ ազգային գիտակցութիւն ներարկող ծրագիրներու մշակում։ Հետեւաբար, ապահովել կրթական այնպիսի համակարգ, որ իրապէս կ՚ամրապնդէ հայապահպանման մեր հաւաքական առաքելութիւնը։

Առաքելութիւն մը, որ կ՚ենթադրէ հաւաքական ճիգ եւ յանձնառութիւն, որպէս պատասխանատուներ, դաստիարակներ, ծնողներ եւ բարերարներ։ Զոհողութիւն եւ ոչ անտարբերութիւն։ Ներդրում եւ ո՛չ խնայողութիւն։

Բ. Եկեղեցին որպէս հոգեւոր ինքնութեան պահպանման աղբիւր ջրդեղել ու որոգման առաքելութեան ճանապարհը պայծառացնել հոգեւորական թէ՛ աշխարհական սպասաւորներով։

Գ. Բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւններն ու կուսակցական կազմակերպութիւնները վերակենսաւորել ու վերակազմակերպել, նոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Այնպէս ինչպէս անցեալին իրենց դերակատարութեամբ եղան բերրի անդաստաններ, ուր դարբնուեցան ջահակիրները մեր ազգի գոյերթին եւ պահանջատէրը մեր անժամանցելի իրաւունքներուն եւ ազատամարտիկները մեր գոյապայքարին ու պահապանները մեր արժէքներուն ու սրբութիւններուն՝ մեր արժանապատուութեան։

 Զգօն ու արթուն, զգոյշ եւ գիտակից լծուինք աշխատանքի, հաւաքաբար համադրելով մեր բոլոր աշխատանքները, այսօ՛ր, վաղը ուշ կ՚ըլլայ։

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան,
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի


«Հորիզոն» շաբաթաթերթի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ վերջերս լոյս տեսած «Սփիւռքի տարի» յաւելուածին մասին կարդալ այստեղ: