«Երնէկ թէ»-էն անդին


Դեկտեմբեր 2016-ին, յոյսերով լի ու անկատար երազներով հարբած խմբագրական մը գրեցի Armenian Weekly թերթի տարեվերջի թիւին մէջ: Գրութիւնը ներշնչուած էր Ռափայէլ Պատկանեանի «Նոր տարի» յուզիչ բանաստեղծութենէն, որ գրուած էր աւելի քան դար մը առաջ ու կ’արձագանգէր վիշտէ ու կռիւներէ զերծ Հայաստանի մը տենչը: Անոր խօսքերը՝ «Երնէկ թէ այս Նոր տարին», կ’ամփոփէր հայուն հաւաքական ցանկութիւնը, որ ազգը պիտի ազատուէր իր դժուարին պատմութեան կապանքներէն:

Այսօր, երբ կանգնած ենք 2024 թուականի շեմին, համայն աշխարհը ու յատկապէս հայ ազգը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին։ Վերջին քանի մը տարիները եղած են դառն ու դժուարութիւններով լի. 2020 թուականի ահաւոր 44-օրեայ պատերազմի հազարաւոր զոհերը, Արցախի կորուստն ու հայաթափումը եւ Հայաստանի ու սփիւռքի պառակտումի խորացումը։ Այս իրադարձութիւնները ոչ միայն փոխած են մեր ֆիզիկական իրականութիւնը, այլ նաեւ՝ խորապէս ազդած մեր հաւաքական հոգեկանին վրայ:

Ցաւօք սրտի, այս մարտահրաւէրներն ալ աւելի սրուած են Հայաստանի ներկայ վարչակազմի ապիկար գործունէութեան պատճառով: Ընտրուելով փտածութիւնը (կոռուպցիան) արմատախիլ ընելու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքները պաշտպանելու խոստումներով՝ ներկայ իշխանութիւնը կը ղեկավարէ երկիր մը, ուր անարդարութիւնը կը մոլեգնի, ուր համակարգուած կերպով կը լռեցուին կառավարութիւնը քննադատող ձայները, որուն արտաքին յարաբերութիւնները հիմնուած են զգացականին վրայ եւ, հաւանաբար, ամենէն ցաւալին ու կործարարը, ուր կը շարունակուի բոլորովին սխալ կառավարուիլ ժամանակակից հայոց պատմութեան ամենէն մեծ մարդասիրական ճգնաժամերէն մին:  

 

Վերջին քանի մը տարիները եղած են դառն ու դժուարութիւններով լի. 2020 թուականի ահաւոր 44-օրեայ պատերազմի հազարաւոր զոհերը, Արցախի կորուստն ու հայաթափումը եւ Հայաստանի ու սփիւռքի պառակտումի խորացումը:

 

Երբ կ’ակնարկեմ «հայ ազգ»-ին մասին, նկատի չունիմ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Թէեւ մեր ազգային պետութեան գոյութիւնը վճռորոշ է, սակայն հայ ազգը կը ներառէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ ան բնակի: Մեր ազգութեան այս աւելի լայն ըմբռնումը կենսական նշանակութիւն ունի. այն կ’ընդգծէ համաշխարհային մասշտաբով հայերու փոխկապուածութիւնը եւ այդ կապի պահպանման կարեւորութիւնը:

Նախակրթարանի իմ սիրելի ուսուցիչներէս մէկը յաճախ կ’ըսէր՝ «Կարծելով փիլաւ չ’եփուիր», դիպուկ կերպով ցոյց տալով սոսկ ցանկութիւններու անիմաստութիւնը դաժան իրականութեան դիմաց։ Նոյն սկզբունքով, «Երնէկ թէ»-ն ճամբայ պիտի չբանայ հայ ազգին համար ապահով եւ բարգաւաճ ապագայի մը: Այս խօսքերը, թէեւ մխիթարական են, նման են օդացոլութիւններու (միրաժ), որոնք միայն պատրանքային մխիթարութիւն կ’առաջարկեն:

Ժամանակը եկած է, որ հայ ազգը հաստատապէս ինքնիրեն վստահի։ Այս դարաշրջանը կը պահանջէ գործողութիւն, ձեռներիցութիւն եւ մեր հնարաւորութիւններու հանդէպ իրատեսութիւն: Թէեւ դաշինքները ռազմավարական անհրաժեշտութիւններ են, հարկ է ընդունիլ կոշտ ճշմարտութիւն մը. ոչ մէկ ժողովուրդ ընկերներ չի փնտռեր զուտ այլասիրական (altruistic) սկզբունքներով: Մեր գործընկերութիւնները պէտք է ըլլան ռազմավարական եւ հիմնուած փոխշահաւէտութեան ու յարգանքի վրայ. այլապէս, Հայասատնը կը դառնայ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ պատերազմի խաչմերուկ անգամ մը եւս:

 

«Երնէկ թէ»-ն ճամբայ պիտի չբանայ հայ ազգին համար ապահով եւ բարգաւաճ ապագայի մը:

 

Հայկական սփիւռքը որ իրար կապուած է ընդհանուր ժառանգութեան եւ պատմութեան մը շնորհիւ, վճռորոշ դեր խաղցած է մեր ազգի պատմութեան մէջ: Եւ հայկական սփիւռքը դեռ վճռորոշ դեր ունի խաղալիք մեր ազգի ներկայի ու ապագային մէջ: Նոյն ժամանակ Հայաստանէն դուրս «հայկականութեան» գոյատեւումը ապահովելու համար սփիւռքահայութիւնը ու աշխարհասփիւռ համայնքները պէտք է կապեր մշակեն ու զարգացնեն Հայաստանի հետ, իրական ու շօշափելի կապեր: Այնուամենայնիւ, որպէսզի հայրենիքի եւ սփիւռքի յարաբերութիւնները արգասաբեր ըլլան, անոնք պէտք է զարգանան խորհրդանշական ժեստերէ եւ պատահական ներգրաուածութիւններէ անդին: Սփիւռքը պէտք է շօշափելի կապեր հաստատէ հայրենիքի հետ, եւ իր հերթին, Հայաստանը պէտք է խորացնէ իր ըմբռնումն ու արժեւորումը սփիւռքի բազմազան փորձառութիւններու եւ հեռանկարներու վերաբերեալ:

Այս կապը միայն մշակութային փոխանակումներու կամ տնտեսական կապերու մասին չէ. սփիւռքի հետ Հայաստանի ներգրաւուածութեան աւելի ընդգրկուն, վարէն վեր մօտեցումը (bottom-up approach) կրնայ ճանապարհներ բանալ աւելի հարուստ, աւելի համագործակցական յարաբերութիւններու համար: Այս կը նշանակէ դուրս գալ աչք ծակող միջոցառումներ կազմակերպելէ կամ շքեղ գրասենեակներ հիմնելէ, խթանել ազնիւ երկխօսութիւն, որ կը յարգէ եւ կը գնահատէ սփիւռքի տեսակէտները, նոյնիսկ եթէ անոնք կը շեղուին պաշտօնական Երեւանի հայեցակէտէն:

Երբ կը նայինք եկող ապագային, փորձենք մոռնալ «Երնէկ թէ»-երը: Աս կոչ չէ հրաժարուելու մեր երազանքներէն ու նկրտումներէն, այլ զանոնք հիմնաւորելու իրականութեան մէջ, նախաձեռնողական քայլերով եւ գործնական լուծումներու անողոք հետապնդման մէջ: Հայ ազգի եւ յատկապէս Արցախէն տեղահանուած մեր քոյր-եղբայրներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները ահաւոր են, բայց անյաղթահարելի չեն։ Լուծումը կը կայանայ մեր հաւաքական կամքի եւ գործողութեան մէջ՝ «Երնէկ թէ»-երը շօշափելի ռազմավարութիւններու եւ չափելի արդիւնքներու վերածելու մեր կարողութեան մէջ:

Բայց որպէսզի իրական լուծումներ ըլլան մեր շատ իրական խնդիրներուն համար, Հայաստանի կառավարութիւնը նոյնպէս պէտք է ընդունի կտրուկ փոփոխութիւն՝ վերէն վար մօտեցումէն անցնելով կառավարման եւ սփիւռքի ներգրաւուածութեան աւելի ընդգրկուն, համագործակցական մոդելի: Այս կ’ենթադրէ ոչ միայն լսել, այլ աշխուժօրէն ներառել սփիւռքի պատկերացումներն ու փորձը ազգային որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ:

Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կամուրջը ցաւօք դեռ կառուցման փուլին մէջ է: Այդուհանդերձ, ճիշտ մօտեցումներով, յանձնառութիւնով եւ գործողութիւններով կամուրջը կրնայ ամուր հիմքը դառնալ աւելի ուժեղ հայ ազգի մը համար:

 

Լուծումը կը կայանայ մեր հաւաքական կամքի եւ գործողութեան մէջ՝ «Երնէկ թէ»-երը շօշափելի ռազմավարութիւններու եւ չափելի արդիւնքներու վերածելու մեր կարողութեան մէջ:

 

Հերթական «Երնէկ թէ»-երուն ընդմէջէն Պատկանեան իր բանաստեղծութիւնը կ’եզրափակէ դիպուկ եւ շատ այժմէական հրահանգ մը փոխանցելով. «Հայեր, երբեք չերկմտիք, կը կատարուի այդ ամէն, եթէ իսպառ մենք հանենք փոքրոգութիւն մեր սրտէն»։ Այս յուզիչ յիշեցումը պարզ կոչ է բոլոր հայերուն, որտեղ ալ որ անոնք կը բնակին, անցնելու նեղ մտածողութեան սահմանները:

Հայ մարդը՝ Թորոնթոյէն մինչեւ Երեւան, պարտաւոր է ընդունիլ Պատկանեանի խօսքերը ու աւելի լայն հեռանկարներու եւ համագործակցութեան ոգիի այս յանձնառութիւնը այն հիմնաքարն դարձնել, որուն վրայ կարելի է կառուցել տոկուն եւ ծաղկող հայկական ապագան:

Մեր պատմութեան այս առանցքային պահին եկէ՛ք «Երնէկ թէ»-ն փոխարինենք «Մենք կրնանք»-ով: