Չհամակերպինք Արցախի կորուստին (խմբագրական)


Թող Արցախը մեր կեանքի մէկ մասնիկը մնայ

Սալբի Սաղտըճեան

Անցեալ տարուան հոկտեմբերի վերջը եւ նոյեմբերի սկիզբը կը գտնուէի Արցախ։ Անասելի ուրախութիւն էր, որ վերջապէս Արցախ եմ, 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամ, սակայն․․․ ցաւօք սրտի՝ վերջին։ Քանի մը օր տեւած այցելութեանս ընթացքին առիթը ունեցայ շփուելու մադոց հետ, որոնք կը խօսէին իրենց յուզող խնդիրներուն, սպասումներուն եւ ապագայի հանդէպ իրենց պատկերացումներուն մասին. մարդիկ մտահոգ էին, տակաւին կը կոտտար պատերազմի կորուստներուն ցաւը, խնդիրները շատ էին։ Մեծ դժուարութիւններով հանդերձ, կեանքը կը շարունակուէր․ արցախցին կը պայքարէր, կ’արարէր։ Այդ օրերուն մասնակցեցայ Ստեփանակերտի բազմամարդ հանրահաւաքին, երբ արցախահայութիւնը իր վճռական խօսքը ըսաւ՝ պայքարիլ եւ տէր ըլլալ հայրենի հողին։ Հայութեան այդ քաջարի տեսակը դժուար իրավիճակի մէջ իսկ չէր կորսնցներ ապագայի հանդէպ յոյսը։

Ո՜վ կը պատկերացնէր, որ ատկէ մէկ տարի ետք Արցախը ամբողջութեամբ պիտի հայաթափուի, հազարամեակներու կեանք ունեցող հայկական բնօրրանը պիտի յայտնուի Ազրպէյճանի ճիրաններուն մէջ։

44-օրեայ պատերազմէն ետք արցախահայութիւնը հազիւ սկսած էր իր վէրքերը դարմանելու, աւերուածը վերաշինելու, այս անգամ դարանակալ թշնամին շրջապատեց Արցախը՝ կեղծ բնապահպանական պատրուակով եւ փակեց Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը` ժողովուրդը մատնելով սովի։ Հայաստանէն Արցախ մտնող կազի եւ ելեկտրականութեան ընդհատումով, բնակավայրերու վրայ պարբերաբար կրակելով՝ ժողովուրդի կեանքը անտանելի դարձուց։ Այդ օրհասական վիճակին մէջ իսկ արցախահայութիւնը չվհատեցաւ, հազար ու մէկ հնարք գտաւ կեանքը շարունակելու հայրենի հողին վրայ։

Ազրպէյճանը այսքանով չբաւարարուելով՝ 19 սեպտեմբերին, 44-օրեայ պատերազմէն երեք տարի անց, լայնածաւալ յարձակում գործեց Արցախի ողջ երկայնքով։ Արցախը մեն-մենակ մնացած էր` սպառազինութեամբ եւ թուաքանակով անհամեմատ աւելի հզօր Ազրպէյճանի բանակին դէմ։ 24 ժամ տեւած անհաւասար պատերազմէն ետք, մեծ կորուստներ կրելով, Արցախի իշխանութիւնը ստիպուած եղաւ ստորագրելու անձնատութեան համաձայնագիր․ լուծարել Արցախի պատական հաստատութիւնները։ Արցախի ժողովուրդին կը մնար կա՛մ ապրիլ թշնամիին լուծին տակ, կա՛մ հեռանալ իր բնօրրանէն։ Արցախահայութիւնը ընտրեց երկրորդը։ «Աշխարհը անտարբեր կը հետեւի, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ’ունենայ հայոց այլ ցեղասպանութիւն մը ու հայերու բռնի տեղահանութիւն», արձանագրեց «Ճենըսայտ ուոթչ»-ը՝ Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը։

Միջազգային անհամաչափ դատապարտող կոչերը ոչինչով օգնեցին արցախահայութեան, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալով, վարած սխալ քաղաքականութեամբ հեշտացուց թշնամիին ծրագիրները ՝ պատճառ դառնալով Արցախի անկումին եւ աւելի քան հարիւր հազար հայերու բռնի տեղահանութեան։ Համազգային իմաստով նոյնպէս չկրցանք համարժէք հակազդել։ Ազգային աղէտին դիմաց մնացինք ականատեսի կարգավիճակին մէջ՝ լոկ ցաւելով ու ափսոսանք յայտնելով։

Հարիւր հազարէն աւելի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնելու եւ անոնց առաջնային կարիքները հոգալու փութացին անհատներ եւ կազմակերպութիւններ՝ տրամադարելով սնունդ, առաջին անհրաժեշութեան ապրանքներ։ Գնահատելի ըլլալով հանդերձ, տրուած օգնութիւնները բաւարար չեն, իր հերթին՝ Հայաստանի կառավարութիւնը չունի համապարփակ ծրագիր գաղթականի կարգավիճակ տուած արցախահայութեան կենսական խնդիրները լուծելու։

Հարկաւոր է հայրենի պետութիւն ու սփիւռք, ամէն կարելիութիւններով շատ արագ լծուին Արցախի տեղահանուած բնակչութեան կեցութեան եւ աշխատանքի խնդիրները լուծելու, որպէսզի անոնք յուսահատութենէ մղուած չարտագաղթեն, այլ՝ մնան Հայաստան եւ հայրենի Արցախ վերադառնալու հաւատքը չկորսնցնեն։

Օրեր առաջ Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախը լուծարելու մասին նախագահի հրամանագիրը այլեւս գոյութիւն չունի։ Այս կը նշանակէ, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը չէ լուծարուած, ան գոյութիւն ունի եւ վտարանդի կառավարութիւնը կը շարունակէ գործել արցախահայութեան իրաւունքները վերականգնելու եւ անոր վերադարձի ուղութեամբ աշխատանք տանելու։
«Ձմեռ պա՛պ, քեզ ուղարկուած հազարաւոր նամակներում տես իմ տարիքի երիտասարդները ինչ են ուզում, մի բան էլ ինձ բեր, բայց խնդրում եմ քեզ, որ իմ նուէրը տանես նորից նոյն հասցէով` Արցախ, քանի որ քեզ ու ամանորեայ հրաշքին հաւատացող մանուկը մնացել է այնտեղ, տար նուէրը թող նա երջանկանայ ու նորից հաւատայ, որ հրաշքներ լինում են աշխարհում, ու ասա նրան, թող հաւատով սպասի` մի օր հաստատ յետ եմ գալու…»։ Արցախցի Օֆելիա Անտոնեանի եւ բազմաթիւ արցախցիներու ցանկութիւնն ու մաղթանքն է կրկին վերադառնալ Արցախ։

***

«Թորոնթոհայ»-ը ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս շարունակեց շաբաթական դրութեամբ իրազեկել իր ընթերցողները Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին։ Արցախի հայաթափումէն ետք, մենք որոշեցինք շարունակել մեր «Արցախն այս շաբաթ»-ուան ամփոփումները, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Արցախի հարցը չէ փակուած, այնքան ատեն որ արցախցին կայ եւ Արցախը իր մէջ վառ կը պահէ։

Նոր տարուան սեմին կը ցանկանք, որ Արցախը միշտ մեր կեանքին մէկ մասնիկը մնայ, ապրի իւրաքանչիւրիս մէջ։ Չհամակերպինք Արցախի կորուստին, այլ՝ գործենք այնպէս, որ մօտ ապագային մեր հայրենի չքնաղ Արցախը դարձեալ իր բնիկներով լեցուի։ ֍

«Թորոնթոհայ» յունուար 2024 թիւ (ԺԸ տարի թիւ 12 [197])