Հանրապետութեան լուծարման մասին հրամանագիրը այլեւս գոյութիւն չունի․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի Հանրապետութեան լուծարման մասին հրամանագիրը այլեւս գոյութիւն չունի

Արցախը լուծարելու մասին հրամանագիրն այլեւս գոյութիւն չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը` ընդգծելով, որ ատոր համար հիմք կը հանդիսանայ նախագահի 19 հոկտեմբերի հրամանագիրը, որուն համաձայն 1 հոկտեմբերէն Արցախի նախագահը, պետական նախարարը, կառավարութեան անդամները, դատաւորները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, խորհրդարանը, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, իրաւապահ մարմինները, Ստեփանափակերտի քաղաքապետն ու վարչական շրջաններու ղեկավարները կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմունքներով, այսինքն` առանց վարձատրութեան:

Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի այդ հրամանագիրին մէջ նաեւ կը նշուի, որ 1 հոկտեմբեր 2023-էն ետք Արցախի Հանրապետութեան անունով տրուող փաստաթուղթերը վաւերական են:

Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը հաղորդէ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 22 դեկտեմբերին հանդիպած է այն պետական մարմիններու ղեկավարներու հետ, որոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմունքներով: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բռնի տեղահանումէն ետք արցախցիներու հիմնախնդիրները, անոնց լուծման ուղղութեամբ ներկայացուած են առաջարկներ:

Ներկայացնելով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները` նախագահ Շահրամանեանը ընդգծած է 2024 թուականին զանոնք շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, Ստեփանակերտի քաղաքապետին եւ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարած է շարունակել ցանկագրել բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու խնդիրներն ու պարբերաբար ներկայացնել կառավարութեան:

Անդրադառնալով վերջին շրջանին լայն քննարկում ստացած նախագահի` 26 սեպտեմբերի հրամանագիրին` Սամուէլ Շահրամանեան ընդգծած է, որ Արցախի Հանրապետութեան իրաւական դաշտին մէջ գոյութիւն չունի փաստաթուղթ, որով կը նախատեսուի լուծարել պետական հաստատութիւնները:

Ստեփանակերտի վառելիքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնէն զոհուած է 218 քաղաքացի. Քննչական կոմիտէ

Ստեփանակերտի վառելիքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով զոհուած է 218, վիրաւորուած` 120 մարդ, Հանրային հեռուստաընկերութեանը յայտնած է Հայաստանի Քննչական կոմիտէն:

Զոհուած 218 քաղաքացիներէն 3-ի ինքնութիւնը դեռ յստակ չէ: 218 անձէն 135-ի ինքնութիւնը պարզուած է դատածինական փորձաքննութեան արդիւնքով:

Պայթիւնի ժամանակ պահեստի փակ տարածքին մէջ եղած է շուրջ 1000 քաղաքացի:

Ըստ քննչականի՝ վառելիքի պահեստին մէջ եղած է 300 հազար լիթր ամառնային, 77 հազար լիտր ձմեռնային տիզելային վառելիք, շուրջ 42 հազար լիտր պենզին:

 

Լուիս Օքամփօ Արցախի ղեկավարներուն գերութիւնը ցեղասպանութեան մէկ մասը կը նկատէ

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ ցեղասպանութեան միջազգային համաձայնութեան մասին խօսելով՝ յայտնեց, որ Արցախի մէջ դարերէ ի վեր ապրած հայերուն դէմ ցեղային զտումները ցեղասպանութիւն են, իսկ տեղահանութիւնը՝ մարդկութեան դէմ ոճիր։

Ան յիշեցուց, որ դեկտեմբեր 2023-ին կը լրանայ ցեղասպանութեան համաձայնութիւնը ընդունելուն 75-ամեակը, սակայն աշխարհը այս տարի եւս ականատես դարձաւ այլ իրավիճակի մը, երբ հետեւողականօրէն անտեսուեցաւ Արցախի հայերուն դէմ իրագործուող ցեղասպանութեան մասին տեղեկատուութիւնը։

«Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութեան համար պատժելու պարտաւորութեան, մասնակցող պետութիւնները, ինչպէս՝ Ֆրանսա կամ Բրիտանիա, կրնան նպաստել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի քննարկումին, հարցը Միջազգային քրէական ատեան հասցնելով», աւելցուց Օքամփօ։

Ըստ անոր՝ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամենէն հրատապ քայլը՝ Արցախի երեք նախկին նախագահներուն եւ հինգ այլ քաղաքական առաջնորդներուն բանտարկութեան վերջ տալն է։

«Անոնց գերութիւնը ցեղասպանութեան մէկ մասն է եւ ուղերձ հայերուն՝ եթէ վերադառնաք Լեռնային Ղարաբաղ ձեզ եւս սովամահ պիտի ընեն, պիտի բանտարկեն կամ սպաննեն», շեշտեց Օքամփօ։

Ան հրապարակեց նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի մասին տեսանիւթը, որուն մէջ կը ներկայացուի անոր կեանքի պատմութիւնը, թէ ինչպէս անոր հայրը զոհուած է Արցախի առաջին պատերազմին, իսկ ինք պայթումի մը պատճառով կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը։

Օքամփօ աւելցուց, թէ 1 Փետրուար 2024-էն սկսեալ, երբ Հայաստան պիտի դառնայ Միջազգային քրէական ատեանի անդամ, ատեանը իրաւասութիւն պիտի ունենայ հետաքննելու Հայաստանի նկատմամբ Ալիեւի վարչակարգի յանցագործութիւնները։

 

Փարիզի քաղաքապետը Արցախի ներկայացուցչին յանձնեց Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութեան վկայականը

Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութեան վկայականի տուչութիւն (լուսանկարը՝ «Նոր յառաջ»-ի)

«Նոր Յառաջ»-ը կը տեղեկացնէ, որ Փարիզի քաղաքապետարանը հաստատած էր արցախահայութեան՝ Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհել նախատեսող բանաձեւը։ 13 դեկտեմբերին, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած է քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի կողմէ համապատասխան վկայագիրին յանձնումի արարողութիւնը՝ Ֆրանսայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանին, որ զայն ստացած է յանուն բոլոր արցախցիներուն։ 

 Այս առիթով, Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց հետեւեալը. «Իր պատուոյ քաղաքացիութիւնը շնորհելով Ազրպէյճանի կողմէ իրենց երկրէն վտարուած արցախցիներուն՝ Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը կը վերականգնէ անոնց վիրաւորուած արժանապատւութիւնը: Փարիզցի չենք դառնար Փարիզ ծնելով, այլ՝ հոն վերածնելով (Սաշա Կիթրի): Արցախ պիտի վերածնի Փարիզէն: Մենք մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյին եւ Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդին, արցախցի մեր բոլոր հայրենակիցներուն անունով»:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան առաջին ընկերային ձեռնարկը 

Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, 18 դեկտեմբերին, արցախեան մթնոլորտով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան առաջին ընկերային ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Արցախի տարբեր շրջաններէ առաւել քան 50 պատանիներ:

Ընկերային ձեռնարկի մասնակիցները (լուսանկարը՝ Արցախի պատաներկան միութեան Դիմատետրի էջէն)

Յայտագիրին ընթացքին, պատանիները կարելիութիւն ունեցան իրարու ծանօթանալու, խաղալու, երգելու եւ ճաշակելու արցախեան ուտելիքներ: Ծրագիրին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան խումբ մը անդամներ:

Հաւաքին աւարտին, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ պատանիները նուէր ստացան դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ:

 

Արցախի կիներու արտադրութիւնը «Վըսկէ ձերքեր» փառատօնին

Երեւանի «Էլիթ փլազա» առեւտրական կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ հարիւրաւոր տաղանդաւոր արցախցիներու ձեռքի աշխատանքը։ Կազմակերպիչները փառատօնը վերնագրած էին` «Վըսկէ ծերքեր»-ի (ոսկի ձեռքեր):

Արցախեան տօնավաճառ (Լուսանկարները՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի և Հրայր Բադալեանի)

Արցախի Մարտունի շրջանի Եմիշճան գիւղին մէջ նախատեսուած փառատօնը ողբերգական հանգամանքներու բերումով իրականութիւն դարձաւ Երեւանի մէջ: Ասիկա արցախցի կիներու ձեռքի ու մտքի աշխատանքի արդիւնք է. անոնք յաղթահարելով բազում կենցաղային, հոգեբանական եւ ընկերային հարցեր` իրենց մէջ ուժ գտան շարունակելու իրենց սիրած գործը, վերջին միջոցներով ձեռք բերել անհրաժեշտ գործիքներն ու հումքը, կոկիկ դասաւորել իրենց աշխատանքներն ու ժպիտի տակ քողարկելով ցաւը` սիրալիր դիմաւորեցին իրենց սեղաններուն մօտեցողները:

Տօնավաճառ-ցուցահանդէսի կազմակերպիչը «Արցախի մայրիկներու աջակցման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնն է, որ հիմնուած է «Արցախի մայրիկներու ակումբ» խումբի հիման վրայ, որ Արցախի մէջ տարբեր հասարակական, բարեգործական ծրագիրներ կ’իրականացնէր անցած հինգ տարիներու ընթացքին:

Արցախեան տօնավաճառ (Լուսանկարները՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի և Հրայր Բադալեանի)

«Շրջափակման ընթացքին Արցախի մայրիկներուն աջակցելու նպատակով արձանագրուած էինք իբրեւ կազմակերպութիւն, նախատեսած էինք Մարտունի շրջանի Եմիշճան գիւղը կազմակերպել: Երեք ոստիկաններու սպանութեան, այլընտրանքային ճանապարհի փակման եւ ընդհանուր շրջափակման պատճառով ծրագիրը չիրականացաւ», նշեց կազմակերպութեան համահիմնադիր Տաթեւիկ Խաչատրեանը:

Անոր խօսքերով, մայրերը ճիշդ հիմա ամենէն լուրջ աջակցութեան կարիքը ունին, տկարանալու ժամանակ չկայ, եւ պէտք է բոլոր ջանքերը ներդնել` Արցախի կիներուն աջակցութեան համար:

Տաթեւիկի խօսքով, դիմորդները շատ էին, եւ իրենք միօրեայ ձեռնարկով մը չեն սահմանափակուիր, նպատակը` գոնէ եռամսեակը, վեցամսեակը մէկ կրկնելն է:

Օրը յագեցաւ` մշակութային կատարումներով, անակնկալ նուէրներով, սիրուած եւ ճանչցուած հայերու այցելութեամբ եւ, ի հարկէ, արցախեան հիւրասիրութեամբ: Ելոյթներ ունեցան ջութակահարուհի Լիլիթ Ռուշանեանը, Արցախի վաստակաւոր արուեստագէտ Վիթալի Ղազարեանը եւ Լիլիթ Աւանեսեանը:

 

«Մենք կանք» Արցախեան երաժշտական եւ պարային համոյթներու համերգ Երեւանի մէջ

Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ «Մենք կանք» խորագիրով բարեգործական համերգ` Արցախի երաժշտական եւ պարարուեստի խումբերու եւ համոյթներու մասնակցութեամբ:

Նախաձեռնող «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ապրես Մարգարեան տեղեկացուց, որ բարեգործական համերգին նպատակը Արցախի մէջ ստեղծուած մշակոյթի, արցախեան համոյթներու պահպանման եւ գործունէութեան նպաստելն է:

«Մենք կանք» համերգը (լուսանկարը՝ «Հրապարակ» կայքին)

«Նախաձեռնութեան միացան արցախեան գրեթէ բոլոր համոյթներն ու երաժշտախումբերը, ինչպէս նաեւ անհատ կատարողներ: Անոնք նախապատրաստական փորձերը իրականացուցին անցնելով մեծ դժուարութիւններու մէջէ եւ յաղթահարելով զանոնք, կայացուցինք այս համերգը», նշեց Մարգարեան:

Մարգարեան յայտնեց, որ բեմ բարձրացան` Արցախի ազգային նուագարաններու պետական եւ Արցախի պետական ճազ նուագախումբերը, պարի պետական համոյթը, Արցախի պետական եւ «Մռակած» երգչախումբերը, «Ղարաբաղ» էսդրատային ու «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական, «Արցախի ձայներ» համոյթները, «Նովապենտ Արցախ» (NovaBand Artsakh) խումբը, ինչպէս նաեւ անհատ կատարողներ` Վարդան Բադալեանը, Արտեմ Վալտերը եւ ուրիշներ:

 

Արցախէն բռնի տեղահանուած աւելի քան 17 հազար աշակերտ կը յաճախէ Երեւանի եւ մարզերու դպրոցներ

Արցախի Հանրապետութենէն աւելի քան 17 հազար աշակերտ արդէն ընդգրկուած է Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերու դպրոցներ, յայտնեց ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի  եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արաքսիա Սվաջեանը: 

Փոխնախարարը տեղեկացուց, որ Արցախէն 200 ուսուցիչ աջակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս գործուղուած է ՀՀ մարզեր` ստանալով նաեւ որոշակի արտօնութիւններ ու յաւելավճար: Եւս 200 ուսուցիչ ընդգրկուած է Երեւանի հանրակրթական դպրոցներ կամ ալ մարզերու դպրոցներ, բայց ոչ պետական ծրագրով: 

 

Արցախի «Մունք» տեխնոդպրոցը պիտի գործէ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի եւ Ջաւախքի մէջ

2024-ին Արցախի «Մունք» տեխնոդպրոցը (արուեստագիտութեան դպրոց) կը նախատեսէ ընդլայնել ծրագիրը` նոր շարժական տարրրալուծարաններ գործարկել Սիւնիքի մարզի Կապան, Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս, Արագածոտնի մարզի Թալին համայնքներուն եւ Ջաւախքի մէջ։

NEWS.am-ի փոխանցմամբ, ընդլայնումէն ետք ծրագրին հնարաւոր պիտի ըլլայ ընդգրկել աւելի քան 900 ուսանող:

Կրթական ծրագիրը կը ներառէ 3 մասնագիտական ուղղութիւն` ռոպոթաշինութիւն, ձեւաւորում եւ ծրագրաւորում: Իւրաքանչիւր ուղղութիւն իր մէջ կը ներառէ ընդհանուր 10-էն աւելի մասնագիտութիւն:

 2023-ի սեպտեմբերին տեխնոդպրոցի ամբողջ անձնակազմը Արցախէն բռնի տեղահանուելէն ետք ընդամէնը հաշուած օրերու ընթացքին վերսկսաւ իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ երեք ամսուան ծրագրին մէջ ներգրաւեց աւելի քան 300 ուսանող` Լոռիի վեց գիւղերու մէջ:

 «Մունք» տեխնոդպրոցը Արցախի մէջ հիմնադրուած կրթական նախագիծն է, որուն ռազմավարական նպատակը Հայաստանի հեռաւոր շրջաններէն երիտասարդներու արտագաղթը կանխել եւ նոր համահայկական կրթական եւ դաստիարակչական համակարգ ստեղծելն է: Տեխնոդպրոցի առաքելութիւնն է տաղանդներու բացայայտումը, անոնց բարձր մակարդակի ժամանակակից, որակեալ մասնագիտական կրթութիւն տալը եւ առանց իրենց բնակավայրը լքելու համաշխարհային գիտելիքի շուկայ դուրս գալը:

«Արցախի մէջ 2021-ի աւարտին մեկնարկեց առաջին տեխնոդպրոցի հիմնադրման դրամահաւաքը: Այդ ընթացքին ոչ ոք կը հաւատար, որ ամէն ինչէն կտրուած, սարերու վրայ գտնուող, ընդամէնը 170 բնակիչ ունեցող Հաղորտիի մէջ տեխնոդպրոց կառուցելու համար աւելի քան 67 միլիոն դրամ պիտի հաւաքուի: Սակայն քանի մը ամսուան մէջ գումարը հաւաքուեցաւ եւ մեկնարկեց շինարարութիւնը: 2022-ին Արցախի մէջ արդէն երկու տեխնոդպրոց կար` Հաղորտիի եւ Ստեփանակերտի մէջ», նշեց ծրագրի զարգացման տնօրէն Հայկ Տրունեանը: