«Գերնպատակ ունինք` յաղթական վերադարձ Քրիստոսով Արցախ»․ Արցախն այս շաբաթ


«Այսպիսի ելք չէինք սպասեր․ գերնպատակ ունինք` յաղթական վերադարձ Քրիստոսով Արցախ»․ Արցախի թեմի առաջնորդ

Արցախցիին ձայնը Աստուծոյ ձայնն է, կ’ըսէ Արցախի թեմի առաջնորդ տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը` աւելցնելով, որ արդարութիւնը հանարուոր չէ սպանել, որովհետեւ արցախցին ի սկզբանէ արդարութեան ձայնը բարձրացուցած է:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանալ ան ընդգծած է` տեղի ունեցածը գիտակից մարդու տեսանկիւնէ անբացատրել է:

«Մենք այսպիսի ելք չէինք սպասեր` բռնի տեղահանում, արմատախիլ ըսած են ծառը: Բայց այստեղ գիւղացիներ կան, որոնք կը հասկնան, որ երբ ծառը արմանտախիլ կ’ընես, գլխաւոր արմատը կը մնայ հողին մէջ: Մեզի կը մնայ, որ Քրիստոսով յաղթանակած վերադառնանք մեր գլխաւոր արմատին, որ մնացած է  հայրենի հողին մէջ: Մեր առջեւ նպատակ ունինք, գերնպատակ ունինք` յաղթական վերադարձ Քրիստոսով Արցախ: Սա իւրաքնաչիւրիս նուիրական ցանկութիւնն է: Որքան շուտ, այնքան լաւ», «Այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Հայր սուրբը:

***

66 քոնկրեսականներ կ’առաջարկեն 250 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախի ցեղասպանութեան զոհերուն եւ Հայաստանի պաշտպանութեան

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու տան 66 անդամներ նամակով մը Յատկացումներու յանձնախումբի ղեկավարներուն կոչ ըրին՝ 250 միլիոն տոլար յատկացնելու Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու եւ Հայաստանի պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու նպատակով ռազմական աջակցութիւն տրամադրելու համար։ Անոնք նաեւ կոչ ըրին՝ ամբողջութեամբ դադրեցնելու Պաքուին ռազմական աջակցութիւնը եւ քննարկելու Ազրպէյճանի ռազմական ոճիրներուն նկատմամբ պատժամիջոցներ սահմանելու կարելիութիւնը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող այս նախաձեռնութեան տակ ստորագրած են հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներ, առաջնորդութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի։

Նամակին մէջ կը պահանջուին հետեւեալները.

 – 200 միլիոն տոլար յատկացում Արցախէն տեղահանուածներուն․

 – Պաքուի տրամադրուող բոլոր ռազմական օգնութիւններու կասեցում եւ ատրպէյճանցի ղեկավարներու դէմ պատժամիջոցներու քննարկում․

 – 30 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն.

 – 10 միլիոն տոլար՝ իրաւապահ համակարգի բարեփոխումներու համար.

 – 10 միլիոն տոլար՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար:

 Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը։ 

***

«Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը դառն պտուղներ պիտի բերէ»․ Ռուստամեան

«Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը տակաւին դառն պտուղներ պիտի բերէ». «Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան կազմակերպած «Հայաստանի արդի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման այլընտրանքային ուղիները» կլոր սեղան-քննարկման ժամանակ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը:

Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը աւելցուցած է անվտանգութեան ոլորտի մարտահրաւէրները, Ազրպէյճանը Հայաստանը պիտի ներկայացնէ իբրեւ յարձակողապաշտ, նոյնը կը վերաբերի Տաւուշի գիւղերուն, եւ փոխանակ Երեւանը ցեղային զտումներու յանցանքով մեղադրէ Պաքուն, դեռ հայկական կողմին պիտի մեղադրեն այդ յանցանքով:

Անոր համաձայն, կարելի չէ թոյլ տալ, որ բանը հասնի անշրջելիութեան կէտին, իսկ ատոր համար պէտք է ձեւաւորուի հանրային համախմբում, ամրապնդուի անվտանգութեան ոլորտը եւ վարուի աշխուժ դիւանագիտութիւն:

Ռուստամեան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բացի յարձակումներ կը կատարուի Հայաստանի երկու այլ շրջանի եւ կառոյցի վրայ, որոնցմով ան հետաքրքրական է արտաքին աշխարհին, խօսքը Սիւնիքի եւ Հայկական հիւլէական կայանի մասին է:

«Ամէնէն գլխաւոր հարցը այն է, որ կարո՞ղ ենք արդեօք պահպանել մեր ինքնութիւնը: Ժողովուրդին մէջ քարոզչութիւն կ’իրականացուի, որպէսզի ապացուցուի մեր իբրեւ թէ անզօրութիւնը: Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը խնդիր դրած են զրկել մեզ ուժի արտաքին աղբիւրներէն, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը չորցնեն այդ աղբիւրները ներսէն: Նոյնինքն ատով պայմանաւորուած է անվերջ զիջումներու շղթան: Իշխանութիւններուն կարծիքով` Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի երաշխաւորներն են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը: Ժողովուրդը կ’ընդունի՞, որ այդ դերին մէջ պէտք է ըլլան Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը: Նման ապագայ ան կը պատկերացնէ՞», հարց տուած է Ռուստամեան: Անոր կարծիքով` եկած է ճշմարտութեան պատմական պահը, որպէսզի հայ ժողովուրդը ապացուցէ իր կենսունակութիւնը:

***

Ազրպէյճանի պատկան մարմինները կը մերժեն Արցախի մէջ մնացած հայերու թիւը յայտնել

Ազրպէյճանի պատկան մարմինները չեն յայտներ, թէ 19 սեպտեմբերի յարձակումէն ետք, Արցախի մէջ քանի հայեր մնացած են:

«Թուրան» գործակալութիւնը դիմեց Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին` խնդրելով յայտնել, թէ Արցախի մէջ քանի՞ հայեր մնացած են, անոնք ի՞նչ պայմաններու մէջ կ’ապրին, եւ թէ անոնք ո՞ր երկրի քաղաքացիներ են:

Ստեփաակերտ, լուսանկարը՝ Reuters-ի

Պատասխան նամակը միայն հաստատեց, որ 28 մարտին, պաշտպանը հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ։ Յաւելեալ տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ, այլ միայն նշուեցաւ, որ, ըստ օրէնքի, մարդու իրաւունքներու գրասենեակը տեղեկատուութիւն տրամադրելը սահմանափակելու իրաւունք ունի:

Արցախի մէջ խնամքի տան մէջ գտնուող հայերուն պարէն ապահովելը վստահուած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան, որ, նոյնպէս «Թուրան»-ի հարցումներուն չպատասխանեց։ Գործակալութիւնը հրապարակեց լուսանկար մը, որուն մէջ խնամքի տան մէջ կը ճաշեն 7 տարեցներ, ենթադրաբար միայնակ, հիւանդ եւ անտուն մնացած հայեր:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի ապրիլի սկիզբը «Ազատութեան» յայտնած էր, որ ընդհանուր առմամբ, առաւել քան 50 անձերու՝ իրենց փափաքով, հոկտեմբերին օգնեցին տեղափոխուիլ Հայաստան:

Ըստ հայկական կողմի ստոյգ գնահատականներուն` ներկայ դրութեամբ՝ Արցախի մէջ մնացած հայերու թիւը երկու տասնեակէն նուազ է։

***

Ազրպէյճանի մէջ կը խոստովանին` Քարին տակը հիմնայատակ աւերած են Տեղը միայն մէկ` անհասկնալի շինութիւն կը կառուցուի

Ազրպէյճանի մէջ կը խոստովանին, որ հիմնայատակ աւերած են Շուշիի մօտակայ քարին տակ գիւղը` քանդելով տուներուն ինիսուն տոկոսը: Տեղը, ըստ արբանեակային լուսանկարներու, միայն մէկ` անհասկնալի շինութիւն կը կառուցուի, ըստ PanArmenian-ի՝ կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը:

Քարին տակ գիւղը հիմնայատակ աւերուած (լուսանկարը՝ Վարուժան Գեղամեանի)

Կը նշուի, որ պետական մարմիններէն տեղեկութիւն չեն կրցած ստանալ այն մասին, թէ ինչ կը կառուցուի այնտեղ:

«Դատելով արբանեակային լուսանկարներէն` Շուշիի մօտակայ Թաշալթի (Քարին տակ) գիւղը գրեթէ հիմնայատակ քանդուած է: Աւելի ճշգրիտ, քանդած են տուներուն ինիսուն տոկոսը: Իշխանութիւնները չեն յայտներ վերակառուցման կամ զերոյէն կառուցման որեւէ յատակագիծի մասին: Արբանեակային լուսանկարներէն կ’երեւի միայն մէկ շինութեան  շինարարութիւն, որուն նշանակութիւնը դժուար է հասկնալ: Եթէ համեմատենք երկու ամիս առաջուան լուսանկարներու հետ, ապա այնտեղ տուները դեռ կանգուն են: Ղարաբաղի մէջ շինարարական աշխատանքները համակարգող պետական մարմիններէն այս հարցի մասին մեկնաբանութիւն չկրցանք ստանալ», ըսուած է հրապարակման մէջ:

***

Աւելի քան 40 երկրի կրօնական առաջնորդներ եւ հասարակական գործիչներ հանդիպումներ պիտի ունենան բռնագրաւուած Շուշիի մէջ

Միջմշակութային երկխօսութեան 4-րդ համաշխարհային համախմբումի ծիրին մէջ Պաքուի եւ բռնագրաւուած Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի քան քառասուն երկրի կրօնական ղեկավարներու եւ հասարակական գործիչներու հանդիպումներ:

Շուշիի Ղազանչեցող եկեղեցին ազրպէյճանցիները մզկիթի կը վերածեն

Այս մասին յայտարարած է Կովկասի իսլամներու գրասենեակի նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ արտաքին բաժինի ղեկավար, պատրիարք Քիրիլի փոխանորդ, մեթրոփոլիթ Անաթոլիի հետ հանդիպումի ընթացքին:

Փաշազատէ ընդգծած է, որ Կովկասի իսլամներու գրասենեակի եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան վրայ: Ան բարձր գնահատած է պատրիարք Քիրիլի` հայ-ազրպէյճանական տագնապը կրօնականի վերածուիլը չարտօնելու ջանքերը:

***

Ռուս խաղաղապահներու ամբողջ զօրակազմը Արցախը ամբողջութեամբ կը լքէ մինչեւ մայիսի վերջ

Ռուս խաղաղապահ գրեթէ ամբողջ զօրակազմը արդէն լքած է բռնագրաւեալ Արցախը, իսկ մնացած մասը զայն պիտի լքէ մինչեւ մայիսի վերջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը:

Կը նշուի նաեւ, որ խաղաղապահներուն ամբողջ սպառազինութիւնը, ներառեալ 90 զրահապատ մեքենայ եւ 380 այլ փոխադրամիջոց, արդէն դուրս եկած է տարածքէն:

***

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամՀայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս հիւրընկալուեցաւ Երեւանի մէջ

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը հիւրընկալեց Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը եւ 2003 թուականին իր կողմէ հիմնադրուած HART /Humanitarian Aid Relief Trust/ հիմնադրամի տնօրէնութիւնը: Վերջին շրջանին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը եւ HART-ը համագործակցեցան` իրականացնելով մարդասիրական ծրագիրներ տեղահանուած արցախցիներու համար:

Հանդիպումը մեկնարկեց «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ վերջերս բացումը կատարուած Հադրութի ստեղծագործական կեդրոնի աշակերտներու աշխատանքներուն եւ լրագրող, ազատամարտիկ Զոհրապ Ըռքոյեանի Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններու լուսանկարներու` «Արցախն ապրում է» խորագրով միացեալ ցուցահանդէսի շրջայցով:

Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Թէքէեան կեդրոնին մէջ (լուսանկարը՝ Թէքէեան կեդրոնին)

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ` «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ Բագրատ Նազարեանը եւ Ռուբէն Միրզախանեանը, լոնտոնահայ բարերար Թոնի Քահուեն, «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներ» հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ փրոֆեսոր Գուրգէն Մելիքեանը, Ստեփանակերտի Ք. Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Վարդան Թադէոսեանը:

Ներկայացուեցաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի գործունէութիւնը կրթութեան, մշակութային, ընկերային ոլորտներու մէջ, քննարկուեցան Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներ: Անդրադարձ կատարուեցաւ HART-ի կողմէ Հայաստանի մէջ նախատեսուող ծրագիրներուն: Մասնակիցները տեսակէտներ յայտնեցին նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ առկայ անվտանգային եւ մարդասիրական իրավիճակին մասին եւ երախտիքի խօսքեր արտասանեցին պարոնուհի Քոքսին` Արցախին մնայուն սատարումին համար:

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան եւ հոգաբարձու Բագրատ Նազարեան հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Քերոլայն Քոքսին յանձնեցին կեդրոնի յուշամետալն ու պատուոյ գիրը` ի գնահատում Հայաստանին եւ Արցախին մատուցած իր երկարամեայ գովարժան ծառայութիւններուն:

Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեան պարոնուհի Քերոլայն Քոքսին յանձնեց ՀԹՄՄ պատուոյ-յուշատախտակ` հայ ժողովուրդի յարգարժան եւ անսասան աջակիցին` խորին երախտագիտութեամբ եւ հիացմունքով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով գնահատանքին համար` Քերոլայն Քոքս նշեց. «Աշխարհը պէտք է երախտապարտ ըլլայ հայ ժողովուրդին, որ կանգնած է ազատութեան, քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէութեան պահպանման առաջնագիծին վրայ»:

***

Ապրելու ձայնը միշտ պիտի հնչէ. Արցախի բարբառին նուիրուած ձեռնարկ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ 30 ապրիլին կայացաւ գրական երեկոյ` նուիրուած Արցախի բարբառին, կը հաղորդէ գրասենեակը:

Միջոցառման ընթացքին «Դիզակ արտ» մշակութային կեդրոնի սաները հանդէս եկան արցախեան բարբառով գրուած շարք մը երգերով:

Արցախի բարբառին նուիրուած ձեռնարկ՝ (լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին)

Արցախի գրողներէն ընթերցուեցան Գուրգէն Գաբրիէլեանի, Վարդան Յակոբեանի, Վազգէն Օւեանի, Ալեքսանդր Մանասեանի, Արիս Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ` երիտասարդ գրող Վաչիկ Դադայեանի ստեղծագործութիւններէն:

Երեկոն կը վարէր Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը:

Արցախի բարբառը, որպէս մեր ոսկեղենիկ մայրենիի մէկ ճիւղ, ունի իր առանձնայատկութիւնները, որուն անդրադարձաւ երիտասարդ բարբառագէտ Ռենա Մովսիսեանը:

Խօսք առին «Դիզակ արտ» կեդրոնի հիմնադիր Երազիկ Աւանեսեանը, գրականագէտ Նոնա Դաւթեանը, հրապարակախօս, թարգմանիչ Միքայէլ Հաճեանը, Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի դերասանուհի Ռուզան Գասպարեանը:

Ընթերցուեցան նշխարներ Արցախի բանահիւսութենէն, որուն շուրջ կազմակերպուեցաւ հետաքրքրական հարցուպատասխաններ:

Ներկաները անդրադարձան Արցախի սովորոյթներուն, օրհնանքներուն, տարածուած շրջասոյթներուն, կիսուեցան իրենց տպաւորութիւններով:

Երեկոն ամբողջացաւ շնորհալի երգիչ Արթուր Խաչէնցի` Արցախի բարբառով գրուած երգերով:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատուն խոստացաւ, որ «Ապրելու ձայնը» նախագիծը շարունակական պիտի ըլլայ` Համազգայինի շուրջը համախմբելով Արցախի գրողներն ու արուեստագէտները: