«Արժէքներն ու սկզբունքներն աւելի կարեւոր են, քան՝ նոյնիսկ կեանքը». Արցախն այս շաբաթ


«Արժէքներն ու սկզբունքներն աւելի կարեւոր են, քան՝ նոյնիսկ կեանքը»Ռուբէն Վարդանեանի ուղերձը Պաքուի բանտէն

Գրեթէ 8 ամիս արտաքին աշխարհէն ամբողջովին մեկուսացուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հաստատեց, որ չի զղջար ընտրած ճամբուն համար։

Aurora Prize մրցանակի շնորհման արարողութեան ժամանակ «Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնաբենդը ընթերցած է յայտնի բարերար Ռուբէն Վարդանեանի ուղերձը Պաքուի բանտէն:

Ուղերձին մէջ Վարդանեանը կը նշէ, որ աւելի քան երբեւէ համոզուած է, որ արժէքներն ու սկզբունքներն աւելի կարեւոր են, քան նոյնիսկ կեանքը:

Ռուբէն Վարդանեան (լուսանկարը՝ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան)

Ըստ անոր՝ իրենք այս նախաձեռնութիւնը սկսած են` հայ ժողովուրդին անունէն երախտագիտութիւն յայտնելու մերօրեայ հերոսներուն, մեծարելու զանոնք եւ օգնելու, որպէսզի շարունակեն իրենց դժուարին առաքելութիւնն ու բարի գործերը:

Իր Արցախ տեղափոխուելուն անդրադանալով ան դիտել կու տայ, որ այս որոշումը կայացուցած է «Աւրորա»-ի հերոսներուն շնորհիւ. «Ես որոշեցի ըլլալ այն մարդոց կողքին, որոնք օգնութեան կարիք ունէին ու կը փորձէի հնարաւոր ամէն ինչ ընել`անոնց օգնելու համար: Ես երբեք չեմ զղջար այդ ճանապարհը ընտրելու համար: Ես խորապէս երախտապարտ եմ ձեզի` զիս ոգեշնչելու ու ճիշդ գործի մղելու համար: Հիմա ես շատ աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ ինչը առաջ կը մղէր Մարգարիտ Պարանկիցէն, Թոմ Քաթինան եւ «Աւրորա»-ի միւս դափնեկիրները, եւ ինչո՛ւ անոնք այդպէս կը հաւատան մէկ մարդու ուժին․ մարդու, որ կրնայ փոխել աշխարհը դէպի լաւը: Մենք պարզապէս չունինք այլընտրանք` բացի փորձելէն:

«Ցաւօք, աշխարհը աւելի բարի չէ դարձած ձեր լաւ գործերուն շնորհիւ, բայց սա կը նշանակէ, որ այն, ինչ դուք կ’ընէք, հիմա աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ: Ուրիշներուն օգնելու ձեր յանձնառութիւնը ինծի այստեղ ուժ կու տայ: Ես հիմա, աւելի քան երբեւէ, համոզուած եմ, որ արժէքներն ու սկզբունքներն աւելի կարեւոր են, քան նոյնիսկ կեանքը», կ’ըսէ Ռուբէն Վարդանեան իր ուղերձին մէջ:

***

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը հասաւ Երեւան․  մօտ հարիւր հազար ցուցարարներ պահանջեցին Փաշինեանի հրաժարականը

4 մայիսին Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղէն` Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման երթը 9 մայիսի յետմիջօրէին հասաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր համախմբուած էին շուրջ հարիւր հազար հայորդիներ` Հայաստանի տարբեր շրջաններէն, հոն էին նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ ներկայիս Հայաստան հաստատուած արցախցիները, որոնց շարքին էին նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ տէր Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը, հոգեւորականներ Արցախի թեմէն, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւոնքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դավիթ Սարգսեանը, այլք։

Բագրատ Սրբազանը շարժումին միացած արցախցիներուն դիմելով շեշտեց, որԱրցախ վերադարձ պիտի ըլլայ` այլ ելք չկայ:

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման բազմամարդ հանրահաւաքը Հանրապետութեան հրապարակի վրայ, 9 մայիս 2024 (լուսանկարը՝ «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան)

«Չեմ կրնար առանց յուզումի խօսիլ իմ թանկագին, նուիրական, չքնաղ արցախցիներու մասին․ մեր հայրենակիցներուն, որոնց մենք ամբողջութեան մէջ չկրցանք ճշմարտապէս գնահատել, եւ յանձնեցինք մեր հայրենիքը, մեր սեփական ժառանգութիւնը, մեր տունը, ուր ջուրէն աւելի արիւն հոսած է, ուր մեր ընկերները, մեր եղբայրները, մեր հայրերը, դուստրերը, մայրերը ոտքի ելան` հայոց պատուի եւ արժանապատուութեան համար: Ցաւօք, այսպիսի վախճան ունեցաւ ապիկարութեան, տհասութեան պատճառով: Չըսեմ ալ միւս պիտակաւորումները: Արցախը կերան ուղղակի:

Արցախցիներս, իմ շա՜տ սիրելի ժողովուրդ․ դուք որեւէ բանով տարբեր չէք: Որոնք տարբերութիւն կը դնեն ձեր միջեւ, անոնք ուրացող են, Յուդայի բաժին են, 30 արծաթով ապրող մարդիկ են:

Արցախը մեր հայրենիքն է, մեր տունն է, Հայոց հարցի անբաժանելի մասն է: Եւ այո, մենք պիտի վերադառնանք Արցախ: Այլ ելք չունինք», ըսաւ Բագրատ սրբազանը:

Իր խօսքին մէջ Բագրատ սրբազան հաստատեց, որ ո՛չ երկինքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ իշխանութիւններ, ո՛չ պետութիւններ, որեւէ տեսակի ուժ չի կրնար ընկճել հայոց փառաւոր ոգին. «9 մայիսը` մեր երբեմնի եռատօնը, մեզմէ գողցուած ուրախութեան մէջ, այս անպատուութեան ժամանակներուն մենք միասին հաւաքուած ենք վերստին հաստատելու եւ ըսելու, որ ոչինչ եւ ո՛չ ոք, ո՛չ երկինքի, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ իշխանութիւններ, ո՛չ պետութիւններ, որեւէ տեսակի ուժ չի կրնար հայոց ոգին, փառաւոր ոգին ընկճել: Մենք Տաւուշէն կու գանք, Հայաստանի դարպասներէն, պատուով ժողովուրդէն դէպի պատուով քոյրեր եւ եղբայրներ:  Հոգին յաղթած է դուխին, եւ հիմա ժամանակն է, որ եռագոյնը յաղթէ սեւ ու սպիտակին»:

Ապա յայտարարեց, որ մէկ ժամ ժամանակ կու տայ Նիկոլ Փաշինեանին` ներկայացնելու իր հրաժարականը: Մէկ ժամ ետք Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ յաւելեալ 15 վայրկեան ժամանակ ալ կու տան Փաշինեանին` հրաժարական տալու համար:

Ի պատասխան` Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեանը նոյն պահուն «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ հրապարակեց Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարը` հետեւեալ գրութեամբ. «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան»:

Յաջորդ փուլով Բագրատ սրբազան յայտարարեց, որ առաջին քայլը պիտի ըլլայ Ազգային ժողովին մէջ անվստահութիւն յայտնելն ու պաշտօնանկութեան հոլովոյթի սկսիլը, նաեւ յայտարարեց, որ յաջորդ օրը պիտի սկսին խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւններու Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ուսանողներուն իրենց դժգոհութիւնը եւ հրաժարականի պահանջը ներկայացնելու դասադուլներու ճամբով: 

***

Պաքուն կը ջնջէ Շուշիի ազատագրութեան եւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի յիշողութիւնը

Բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ 1992 թուականի 8 մայիսի լոյս 9-ի առաւօտեան: Բացի ռազմական կարեւոր նշանակութիւն ունենալէն յաղթանակը սերունդներ պիտի կրթէր հայրենասիրական ոգիով, որ հնարաւոր կը դառնար մշակութային ժառանգութեան միջոցով:

Ազրպէյճանի հայատեացութեան քաղաքականութեան մէջ իր յստակ տեղը ունի Արցախի անկախութեան շրջանի յուշարձաններու, յաղթանակը խորհրդանշող յուշահամալիրներու, խաչքարերու ու հերոսներու յուշակոթողներու ոչնչացումը: Այս մասին կ’ահազանգէ Monument Watch-ը:

 Այս քաղաքականութիւնը բուռն թափ ստացաւ 2020 թուականի պատերազմէն ետք, որուն յետամուտ արդէն իսկ ոչնչացուած են բազմաթիւ յուշարձաններ: Ժառանգութեան ոչնչացման այս մեքանիզմը բուռն կերպով կը կիրառուի յատկապէս Շուշիի ազատագրման յաղթական յիշողութեան խորհդանիշները ջնջելու, հայ ժողովուրդը բարոյալքելու եւ հոգեբանական ցնցումի ենթարկելու նպատակով:

Արցախի մշակութային բնավայրը յագեցած էր Շուշիի ազատագրումը փաստող, զայն փառաւորող յուշարձաններով: Անոնցմէ էր Տանկ-յուշարձանը․ այն առաջին մեքենան էր, որ ազատագրուած բերդաքաղաք մտաւ 8 մայիս 1992-ին:

Հրասայլը Արցախի ազատագրական պայքարի ու յաղթանակի խորհրդանիշն էր, Շուշիի ազատագրման խորհրդանշական յուշարձանը, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցէին Շուշիի ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած հերոսներու յիշատակին: Ան  նաեւ սրբատեղի էր շատերու համար, հերոսներու սխրանքը յիշելու եւ յաւերժացնելու վայր: Բայց, սեպտեմբեր 2023-ին պարզ դարձաւ, որ Ազրպէյճանը կազմաքանդած, ապա ոչնչացուցած է Ստեփանակերտէն Շուշի տանող ճանապարհին տեղադրուած թանկը, ժառանգութեան ոչնչացմամբ վտանգելով նաեւ յաղթանակի յիշողութիւնը սերունդներուն փոխանցելու հնարաւորութիւնը:

Շուշիի ազատագրումէն ետք առաջին վայրը, ուր գացին հայկական յաղթանակած բանակի զինուորները` Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչոցոց եկեղեցին էր, ուր մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ: Այս իմաստով, Ղազանչեցոցը Շուշիի ազատագրման յաղթական աւարտի կարեւոր խորհրդանիշն էր, եւ պատահական չէր, որ 8 հոկտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ առաջին հարուածը ուղղուեցաւ եկեղեցիին՝ Միջազգային մարդասիրական օրէնքներու կոպիտ խախտումներով անիկա երկու անգամ թիրախի տակ առնուեցաւ, էական վնաս հասցնելով կառոյցի գմբէթին, արտաքին ու ներքին հատուածներուն:

Պատերազմի աւարտին Ազրպէյճանը ձեռնամուխ եղաւ եկեղեցւոյ անօրինական «վերափոխման» աշխատանքներուն: Եկեղեցու խոշտանգումը կը շարունակուի մինչ օրս, պատճառ դառնալով երկթէք ճակատներէն մէկուն վրայի խաչաձեւ լուսամուտի եւ անկէ վեր գտնուող պատկերաքանդակի ոչնչացմանը: Պատկերաքանդակը կը գտնուէր եկեղեցւոյ Արեւմտեան ճակատին` ներկայացնելով «Խաչակիր Քրիստոսը» թեման եւ համապատասխան արձանագրութիւնը:

Անկախութեան տարիներուն Շուշիի ազատագրման տօնական միջոցառումներէն էր 9 մայիսի առաւօտեան կազմակերպուող քայլերթը: Ան կը մեկնարկէր Ստեփանակերտի «Վերածնունդի հրապարակ»-էն դէպի եղբայրական գերեզմանոց, այնուհետեւ դէպի Թանկ-յուշարձան եւ ապա դէպի սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշակոթող:

2020 թուականի պատերազմէն 4 տարի անց, Ազրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն ոչնչացուած է Շուշիի ազատագրման եւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթական երթի ողջ ճանապարհային ուղին:

Այսպէս․ Իլհամ Ալիեւի անմիջական մասնակցութեամբ մարտ 2024-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակ»-ը վերանուանուեցաւ Խանքենդիի Յաղթանակի հրապարակ, վնասելով քաղաքի հայկական ինքնութիւնն ու սերունդներու մշակութային իրաւունքները: Քաղաքի անուանափոխումը, Ստեփանակերտ քաղաքի ինքնութեան եւ պատմութեան «ազրպէյճանականացումը» Ազրպէյճանի  հայատեաց քաղաքականութեան ապացոյցներէն են: Բացի այդ, պատերազմէն անմիջապէս ետք սրբապղծուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարջանը:

Վերջին շրջանին ոչնչացուած է նաեւ Շուշիի ազատագրական պայքարին մէջ մեծ դեր ունեցած, Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի յուշակոթողը: Ոչնչացուած է նաեւ Արցախեան ազատամարտին մասնակցած Սլաւիկ Սարգսեանի եւ Արցախեան ազատամարտին զոհուած հերոսներուն նուիրուած խաչքարը, որ կը գտնուէր Հադրութի Առաքել գիւղը:

Ազրպէյճանը կ’ոչնչացնէ նաեւ 9 մայիսի մէկ այլ նշանաւոր յաղթանակի գաղափար`Հայրենական Մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի յիշողութիւնը: Այս քաղաքականութեանը հետամուտ Ազրպէյճանը կ’ոչնչացնէ Հայրենական պատերազմին եւ Արցախեան ազատամարտին նուիրուած յուշահամալիրները, որոնք շատ յաճախ մշակութային մէկ միասնական բնավայրի  մէջ կը գտնուին: Ոչնչացուած են Շուշիի մէջ գտնուող հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտին նուիրուած յուշարձանը, ադրբեջանի զինուորականը կրակահերթի տակ էր յայտուել եւ ոչնչացուել Հադրութի յուշահամալիրը, ոչնչացուել է Արցախի Հակակու գիւղի զոհուածների յիշատակին նուիրուած համալիրը: Ոչնչացուած է նաեւ Գետաւանի յուշարձանը, Ազատամարտիկների միութեան շէնքը: Ադրբեջանցիներն աւերել են Արցախի Հադրութի շրջանի Ուխտաձոր գիւղի` Արցախեան ազատամարտին նուիրուած յուշարձանը եւ խաչքարը:

Կարեւոր է նշել, որ յուշարձաններու ոչնչացմամբ կը չէզոքանայ նաեւ 9 մայիսի տօնին խորհուրդն ու իրականացման խարիսխը: Տօնը կենդանի պահելու արցախահայ համայնքի ջանքերը, առանց այն խորհրդանշող ժառանգութեան մեծ մարտահրաւէր դարձած է:

Ըստ Monument Watch-ի՝ այս բոլորը բռնի տեղահանութեան եւ պատերազմական յանցագործութիւններու հետ մէկտեղ կրնան համարուիլ որպէս մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն։

***

Ազրպէյճանցիները ոչնչացուցած են Ստեփանակերտի «Հերոսներու պանթէոն»-ը

Ազրպէյճան պետական մակարդակով կը շարունակէ ոչնչացնել բռնագրաւուած Արցախի մէջ գտնուող եւ յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներուն նուիրուած համալիրները։ Այս մասին  ահազանգ կը հնչեցնէ «Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան միութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան Յովիկ Ավանէսով։

Ստեփանակերտի Հերոսներու պանթէոնը արբանեակային լուսանկարով (լուսանկարը հրապարակած է իրաւաբան Յովիկ Ավանէսովը)

«Պաքուի քաղաքականութեան հերթական թիրախը դարձաւ Ստեփանակերտի «Հերոսներու պանթէոն»ը։ Սոյն տեղեկութիւնը տարածուած է «Թելեկրամ»ի ատրպէյճնական ալիքներով», նշած է ան։

***

Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը Ազրպէյճանը դասեց կրօնքը չարաշահող երկիրներու շարքին

Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը իր ձայնը միացուց Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան Փրկենք Հայաստանը կազմակերպութեան՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարութեան, որ ընդունի Ազրպէյճանը «Յատուկ մտահոգութիւն յառաջացնող երկիրներ»-ու ցանկին վրայ դնելու՝ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին (USCIRF) յանձնարարականը։

լուսանկարը՝ Ամերիկայի հայ դատի գրասենեակին

Կոչը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարութեան շէնքին առջեւ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երբ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանը։  Յանձնաժողովը իր տարեկան զեկոյցին մէջ նաեւ կոչ կ’ընէ կառավարութեան, որ յատուկ գումար մը յատկացնէ Ամերիկայի միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Պաքուի մէջ ամերիկեան դեսպանատան` Արցախի եւ յարակից տարածքներուն մէջ պաշտամունքի վայրերու եւ կրօնական կամ մշակութային այլ վայրերու պահպանման եւ պաշտպանութեան համար:
 Զեկոյցին մէջ կը շեշտուի, որ Պաքու կրօնական ազատութեան համակարգուած, շարունակական եւ աղաղակող խախտումներ կը կատարէ, ոտնահարելով Միջազգային կրօնական ազատութեան մասին օրէնքին (IRFA) պայմանները:
 Նշեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Ռիչըրտ Ղազալ յայտնեց, թէ ինք թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու եւ դատապարտեց ցեղասպանութեան դիմած Ազրպէյճանին ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրելու քայլերը։

***

Ազրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպանը բռնագրաւեալ Շուշի այցելած է

«6 մայիսին, Ազրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Մարք Լիպի իր կնոջ հետ այցելեց Վարանդա եւ Շուշի: Ան հանդիպում ունեցաւ Պաքուի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ տեղացի ուսուցիչներու հետ։ Այս վերջինները մասնակցած էին Ամերիկայի դեսպանութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած անգլերէնով ծրագրաւորման դասընթացներու», կը նշուի դեսպանատան X-ի հաշիւի գրառումին մէջ։

Ազրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանՄարք Լիպի իր կնոջ հետ Շուշի կ’այցելէ (լուսանկարը՝ ԱՄՆ դեսպանատան X-ի էջէն)

Յատկանշական է, որ միայն 3 մայիսին, ազրպէյճանական լրասփիւռներու հետ հանդիպումին ընթացքին, դեսպանը յայտնած էր, թէ ինչո՞ւ կը մերժէ այցելել Շուշի։ «Ակնյայտ է, որ վերադարձուած տարածքները քիչ մը տարբեր են, հոն այցելութիւնները առաւել համակարգում կը պահանջեն։ Չեմ ուզեր երթալ հոն, ուր ոեւէ մէկուն ցուցադրութեան մասնակիցը պիտի ըլլամ։ Այնպէս որ, երբ ժամանակը գայ, այն ատեն կ’երթամ», ըսած էր Լիպի։

Աւելցնենք, թէ ամերիկացի դիւանագէտը՝ այս յայտարարութենէն ետք բուռն կերպով քննադատուած էր իշխանական մամուլին կողմէ։ Caliber.az-ը նոյնիսկ առաջարկած էր դեսպանը վտարել երկրէն։

***

Ռուս խաղաղապահները դուրս եկան բռնագրաւուած Արցախի Իվանեանի օդակայանէն

Ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ ռուս խաղաղապահները դուրս եկան բռնագրաւուած Արցախի Իվանեանի օդակայանէն։

Կը նշուի, որ երկաթուղագիծի կայարանին մէջ ռուս խաղաղապահներուն ինքնաշարժները բեռցուեցան վակոններուն մէջ` Ռուսիա փոխադրելու նպատակով։