Պաքու երկարաձգեց Արցախի նախկին ղեկավարներուն կալանքը․ Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները հաղորդեցին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները երկարաձգեցին գերի պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, պաշտպանութեան նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանի եւ զօրավար Դաւիթ Մանուկեանի կալանքի ժամկէտը՝ հինգ ամիսով։

Պաքուի մէջ գերի պահուող Արցախի նախկին ղեկավարները

Պաքուի Սապաիլի շրջանային դատարանը 16 մայիսին յաւելեալ հինգ ամիսով երկարաձգեց նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նախնական կալանքի ժամկէտը: Վարդանեանի նախնական կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու խնդրանքով դատարան դիմած էր Ազրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան քննչական վարչութիւնը:

Վարդանեան կը մեղադրուի «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման», «պետական սահմանը անօրինական կերպով հատելու» եւ «անօրինական զինուած կազմաւորումներու ստեղծման մասնակցելու» յօդուածներով:

 

Ռուբէն Վարդանեանին ընտանիքը միջազգային հանրութեան դիմեց

Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած, Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը Վարդանեանի եւ միւս 22 հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցով դիմեց միջազգային հանրութեան:

17 մայիսին տարածուած յայտարարութեան մէջ, Վարդանեանի ընտանիքը նշեց, որ ութ ամիս շարունակ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արհամարհեցին միջազգային իրաւունքը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը` Ռուբէն Վարդանեանը պահելով անազատութեան մէջ` առանց դատավարութեան եւ պատշաճ գործընթացի: Ըստ ընտանիքին` Պաքու նաեւ չի տեղեկացներ, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենան պատշաճ դատավարութիւն կամ լսումներ։ Վարդանեանի կալանքը յաւելեալ հինգ ամիսով երկարաձգելու 16 մայիսին հրապարակուած որոշումը, ըստ յայտարարութեան, տեղի ունեցած է առանց պատշաճ իրաւական ընթացակարգի, եւ կը հանդիսանայ մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւս մէկ կոպտագոյն խախտում:

«Կոչ կ’ընենք միջազգային հանրութեանը` կառավարութիւններու, գործարարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն, պահանջել Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս 22 հայ բանտարկեալներու անվերապահ ազատ արձակումը, եթէ Ազրպէյճանը կը ցանկայ պահպանել COP 29-ը հիւրընկալելու արտօնութիւնը, որ Ազրպէյճանը հռչակած է որպէս «խաղաղութեան COP», նշուեցաւ ընտանիքին յայտարարութեան մէջ։

 

Արցախի ժողովուրդի վերաբերեալ որոշումները կը կայացուին առանց ռազմավարութեան, նպատակը Արցախի էջը մէկընդմիշտ փակելն է. Արտակ Բեգլարեան

«Արցախի ժողովուրդի շահերի ու իրաւունքների պաշտպանութեան միութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, Արցախի նախկին Մարդու իրաւունքներու եւ նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ կը գրէ, որ արցախցիներու բնակարանով ապահովելու ծրագիրը ունի քանի հիմնարար խնդիրներ:

Արտակ Բեգլարեան

Ան մասնաւորապէս գրած է. «ՀՀ կառավարութեան կողմէ երէկ ընդունուած` արցախցիներու բնակապահովման ծրագիրը ունի քանի մը հիմնարար խնդիրներ, մասնաւորապէս`

1. Այս ու մնացած բոլոր որոշումները այդպէս ալ չընդունուեցան հանրային քննարկումներու արդիւնքով, այլ` նախագիծը մշակուեցաւ ու շրջանառուեցաւ0 գաղտագողի կերպով` խախտելով ներառականութեան ու ժողովրդավարութեան թէ՛ ներպետական օրէնսդրութիւնը, թէ՛ միջազգային սկզբունքները: Մեր հասարակական ճնշման ներքոյ մարտին քանի մը օր արհեստական քննարկումներ կատարեցին որոշ խումբերու հետ, բայց անհատ արցախցիներու հետ կայացած այդ հանդիպումները շատ հեռու էին ներառականութենէն: Աւելին, իշխանութիւնները ամբողջութեամբ անտեսեցին նաեւ Արցախի ժողովուրդի կարիքներու ապահովման նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներու շարունակական պատրաստակամութիւնն` աջակցելու ծրագրի մշակման աշխատանքներուն:

2. Ակնյայտ է, որ ՀՀ կառավարութիւնը Արցախի ժողովուրդի վերաբերեալ որոշումները կը կայացնէ առանց ռազմավարութեան, իսկ աւելի ճիշդ` շարք մը հիմքեր կան պնդելու, որ եղած ռազմավարութիւնը արտագաղթը խթանելն ու Արցախի էջը մէկընդմիշտ փակելն է:

3. Հաստատուած ծրագիրը սկզբունքային խնդիրներ ունի ընտրուած մօտեցումներու առումով, որոնք պիտի չլուծեն ո՛չ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի թեմայի պահպանման հարցը, ո՛չ տեղահանուած անձերու մեծամասնութեան մարդասիրական խնդիրները, ո՛չ ալ ՀՀ ժողովրդագրական խնդիրները: Աւելի մանրամասն կարծիքս կը յայտնեմ յառաջիկայ օրերուն, երբ հասցնեմ աւելի խորութեամբ ուսումնասիրել ու վերլուծել հրապարակուած նիւթերը»:

 

Ժամանակն է լուծարելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը. Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿ-էն պահանջեց լուծարել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման երկարամեայ միջնորդ՝ Մինսքի խումբը։

Անոր համաձայն՝ հայկական կողմը այդ հարցով ընդդիմանալու պատճառ չունի։

Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարեց ԵԱՀԿ-ի նախագահ Եան Պորկի հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք։

Ալիեւ կրկին քննադատեց Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած միջնորդական առաքելութիւնը եւ պնդեց, որ եռանախագահներու հիմնարկը ծառայած է «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի շարունակութեան»։

Պորկի հետ տեսակցելով՝ այս մէկը կրկնեց նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

Պայրամովը նաեւ անդրադարձաւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին եւ յայտնեց, որ վերջին կէս տարուան ընթացքին «մեծ աշխատանք տարուած է այդ ուղղութեամբ»:

Ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ-ի նախագահը ըսաւ. «ԵԱՀԿ-ը կը լսէ երկու կողմերը: Մենք պէտք է ընդունինք նոր իրողութիւնները: Յոյսով ենք, որ շուտով կողմերուն միջեւ համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր ձեռք կը բերուի»:

 

ՄԱԿ-ը «խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ միջազգային օրէնքի խախտումներուն նկատմամբ

ՄԱԿ-ի Չարչարանքի դէմ յանձնախումբը Ազրպէյճանի վերաբերեալ իր պարբերական զեկուցումին՝ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութիւն» բաժինին մէջ կը գրէ. «Յանձնախումբը խորապէս մտահոգ է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ պատերազմական գերիներու եւ հայերու դէմ միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու օրէնքի դէմ կատարուած խիստ եւ ծանր խախտումներու, ներառեալ՝ արտադատարանային սպանութիւններու, չարչարանքի եւ այլ վատ վերաբերմունքի մասին տեղեկութիւններով, եւ տարածումով այնպիսի տեսանիւթերու, որոնք կը ցուցադրեն ողջ անձերու դէմ գլխատում ներառող ահաւոր արարքներ, դիակներու պղծում եւ անդամահատումներ, եւ տեսախցիկին առջեւ այսպիսի վատ վարմունքներու պատասխանատուութեան ստանձնումը այնպիսի ձեւով մը, որ զանոնք գործողները չեն վախնար հաշուետուութեան ենթարկուելէ:

«․․․Յանձնախումբը կ’ընդգծէ, որ կարիքը կայ անկախ, անկողմնակալ, թափանցիկ եւ ազդու հետաքննութեան այդ արտադատարանական սպանութիւններուն, չարչարանքներուն եւ վատ վերաբերմունքին շուրջ, եւ կարիքը կայ դատական հետապնդումի ենթարկելու պատասխանատուները:

«Յանձնախումբը նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ պետութեան նկատմամբ, անոր հակաահաբեկչական նկատած գործողութիւններու ընթացքին վարմունքին, ներառեալ՝ 23 անհատներ կալանաւորելը, որոնք ահաբեկչութեան եւ առնչակից յանցագործութիւններու հետ կապ ունեցող կը նկատուին»:

 

Օքամփօ կոչ կ’ընէ Միջազգային քրէական դատարանին՝ ընդունելու Ալիեւը ցեղասպանութեամբ ամբաստանելու դիմումը

«Փոլիթիքօ» թերթին մէջ 10 մայիսին լոյս տեսած յօդուածով մը, Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ կոչ կ’ընէ այդ ատեանին, որ անյապաղ ընդունի անցեալ ամիս Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնին (CFTJ) այն դիմումը, որ հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործադրելու յանցանքով կ’ամբաստանէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, յստակացնելով, թէ Ալիեւի ծրագիրը ոչ միայն Արցախի հայութեան դէմ ցեղասպանական արարքն է, այլ նաւ՝ ան թիրախ ունի նաեւ Հայաստանի հայութիւնը։

Ըստ «Ասպարէզ»-ի, Օքամփօ կը մանրամասնէ, թէ Քալիֆորնիոյ Օրէնճ գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Կասիա Աբգարեանի գլխաւորութեամբ ներկայացուած ծաւալուն դիմումին մէջ ներկայացուած են Ալիեւի ցեղասպանական դիտաւորութիւններուն մասին բացայայտ փաստեր, սկսելով ատելութիւն հրահրող անոր յայտարարութիւններէն ու հասնելով մինչեւ անոր հակահայ սպառնալիքները եւ ռազմական գործողութիւնները, որոնք բռնի տեղահանութեան մղեցին 120,000 արցախահայեր։

Օքամփօ նաեւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պաքուի հակահայ քաղաքականութեան, Արցախի պատերազմին ընթացքին արձանագրուած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն մասին, որոնց պատճառով Արցախի բնիկ ժողովուրդը բռնի կերպով տեղահանուեցաւ։ Ան կ’աւելցնէ, թէ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնին կողմէ ներկայացուած դիմումին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Ալիեւ այժմ նոյնը կը փորձէ իրականացել այս անգամ Հայաստանի Գեղարքունիք, Սիւնիք, Վայոց Ձոր ու Արարատ մարզերուն մէջ, ուրկէ արդէն իսկ հազարաւոր հայեր հեռացած են։

Օքամփօ կը յիշեցնէ, թէ Պաքու ոչ միայն «Զանգեզուրի միջանացք»-ը կը փորձէ ապահովել, այլ ամբողջ Հայաստանը սկսած է կոչել «Արեւմտեան Ազրպէյճան», պնդելով, թէ այդ տարածքները եւս ազրպէյճանական եղած են։

Յօդուածը եզրակացնելով, ան ցաւ կը յայտնէ, որ հակառակ այս բոլորին, Պրիւքսէլ կը շարունակէ «կարեւոր գործընկեր» նկատել Պաքուն։

 

Քանդուած է բռնագրաւեալ Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին

«Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ արբանեակային վերջին լուսանկարներէն բացայայտուած է, որ Ազրպէյճանի ցեղասպան եւ մշակութակործան վարչախումբը հիմնայատակ ոչնչացուցած է նաեւ բռնագրաւեալ Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին։

Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցի

Նշենք, թէ եկեղեցւոյ հիմքը դրուած էր 1996-ին, իսկ օծումը կատարուած էր 31 մայիս 1998-ին։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն էր Հրաչեայ Գասպարեանը, իսկ շինարարութիւնը ղեկավարած էր Գէորգի Առաքելեանը։ Եկեղեցւոյ գեղարուեստական յարդարանքի հեղինակներն էին անուանի քանդակագործ Արտաշէս Հովսէփեանը, նկարիչ Կարօ Մկրտչեանը, փայտագործ վարպետ Վանօ Դադոյեանը եւ ուրիշներ։

Յիշեցնենք, որ տակաւին 2021 թուականէն Ազրպէյճանի «Յուշարձաններու պահպանութեան հասարակական կազմակերպութիւն»-ը ներկայացուցած էր եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծ։

 

Բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանը կը շարունակէ ոչնչացնել յաղթանակի եւ անկախութեան խորհրդանիշ յուշարձանները

Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանի գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանը կը շարունակէ ոչնչացնել յաղթանակի եւ անկախութեան խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձանները: Ազրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը գործած է նաեւ խորհրդային ժամանակներուն։

Ըստ տարածուած հաղորդահրութեան, 13 մայիսին karabakhrecords թելեգրամեան ալիքը հրապարակած է լուսանկարներ, որու ուսումնասիրութենէն ակնյայտ կը դառնայ, որ ազրպէյճանի վանդալիզմի թիրախ դարձած է Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղի Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամլիրը: Ազրպէյճանական մշակութային ցեղասպանութեան թիրախ դարձած են յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներու բազմաթիւ յուշահամալիրներ եւ յուշարձաններ: Մասնաւորապէս` Ազոխ գիւղի մէջ պղծուած է Հայրենական պատերազմի եւ Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը, ոչնչացուած է Բերձոր քաղաքի Փառքի յուշահամալիրը, Անատոլի Զինեւիչի կիսանդրին:

Ազրպէյճանցի բարբարոսները աւերած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտ քաղաքի յուշարձան-խաչքարը, Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս գիւղի աղբիւր-յուշարձանը, Մարտակերտի շրջանի Գետաւանի յուշարձանը:

Ադրբեջանցիները պղծած են նաեւ Շուշիի Նելսոն Ստեփանեանի անուան պուրակը, Ստեփանակերտի Ադմիրալ Իսակովի կիսանդրիի քանդումը, Շուշիի մէջ պղծուած է ԽՍՀՄ քաղաքական գործիչ Յովհաննէս Թեւոսեանի կիսանդրին, աւերուած են Վազգէն Սարգսեանի արձանը, Արմենակ Խանփերեանցի կիսանդրիի եւ «Միգ-17» կործանիչի աւերումը Մեծ Թաղերի մէջ: Ստեփանակերտի մէջ քանդած են Մարշալ Բաղրամեանի յուշարձանը:

Այս ցանկին մէջ ընդգրուած յուշարձաններու աւերման փաստերը հրապարկուած են MONUMENT WATCH անկախ ակադեմիական հարթակին եւ Հայկական լեռնաշխարհի մշակոյթի պաշտպանի գրասենեակի պաշտօնական էջերուն մէջ: Այս ցուցակը ամբողջական չէ եւ պարբերաբար կը համալուին վանդալիզմի նոր փաստերով:

Նշուած փաստերը եւս մէկ անգամ վկայում են, որ ամբողջ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի վտանգի տակ: