Հայերէնը պէտք է գործնական լեզու դառնայ


Րաֆֆի Սարգիսեան

Սփիւռքի մէջ սակաւ են այն գաղութները, ուր հայ լեզուն ու մշակոյթը առանց ճիգի կը մնայ գործնական` անձի մը առօրեային մէջ: Ըսել կ՚ուզեմ, թէ ընդհանրապէս, սփիւռքեան գաղութներէ ներս հայ մը իր օրը կրնայ անցնել ոչ թէ միայն՝ առհասարակ առանց հայերէն խօսելու պէտքը զգալու, եւ կամ գործածելու առիթը չունենալու: Ուրեմն ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ լեզուն չգործածուի: Ինչպէս յաճախ «Արաբերէնս կը մոռնամ»-ները կը լսեմ Միջին Արեւելքէն եկողներէն, Գանատա հաստատուելէ մի քանի տարիներէ ետք՝ այնպէս ալ կը լսենք նոյնը հայերէնի մասին, երբ լեզուն գործնական ըլլալէ կը դադրի անձի մը համար: Հայ լեզուն հարկաւոր է գործնական պահել: Այս աշխատանքին մէջ կարեւոր դերակատարներն են հայկական կազմակերպութիւնները, դպրոցներն ու ընտանիքները:

Ե՞րբ է, որ լեզուն կը դադրի գործնական ըլլալէ անձի մը համար արդեօք: Երբ անձ մը, կամայ թէ ակամայ, այլեւս պէտքը չի զգար գործածելու իր մայրենի լեզուն եւ կրնայ ապրիլ իր առօրեան առանց խօսելու, գրելու կամ կարդալու այդ լեզուով, լեզուի գործնականութիւնը կը դադրի: Այս մէկը տեղի կ’ունենայ անձի մը կեանքի տարբեր հանգրուաններու եւ պայմաններու պատճառաւ: Օրինակ՝ յիշենք երկու վայրեր, ուր անձիք ամենաշատը կը յաճախեն․

Դպրոցական կեանք

Հայկական դպրոց յաճախող աշակերտը փաստօրէն աւելի յաճախ պիտի գործածէ խօսակցական եւ գրական հայերէնը, քանի որ դպրոցական ծրագիրը այդ կը պահանջէ: Դպրոցէն ներս ան կը սորվի եւ կը գործածէ լեզուն նուազագոյնը գոնէ հայերէնի պահերու ընթացքին, կախեալ է աշակերտի տարիքէն եւ դպրոցի վայրէն: Այսինքն՝ որոշ տարիքներու աւելի ժամ կը տրամադրուի հայերէնին եւ հետզհետէ կը նուազի, երբ տեղական լեզուն կը սկսի աւելի ծանրանալ տեղական կրթական ծրագրի պատճառաւ. իսկ՝ որոշ քաղաքներ, տեղական կրթական ծրագրի պայմանները աւելի կը պահանջեն քան՝ այլ քաղաքներ: Ինչպէս նկատած ենք, հետզհետէ հայերէն լեզուի գործածութիւնը տան մէջ կը նուազի, հետեւաբար հայկական վարժարանները կը սկսին ստանձնել եւ տարբեր ձեւերու դիմել, աշակերտները հանրութեան կողմէ քաջալերելու առիթներ ստեղծելով եւ լեզուի գործնականութիւնը խրախուսելով (հրատարակել գրութիւններ, աւելի յաճախ կազմակերպել թատերական եւ համերգային ներկայացումներ, եւ այլն):

Որքան դժուար աշխատանք է այս, հաւատացէ՛ք, նամանաւանդ երբ հայ ծնողը, որ իր զաւկին ամէնէն օրինակելի անձն է, իր զաւկին հետ ինք այլ լեզուով կը հաղորդակցի: Բոլոր օրը հայ ուսուցիչները ջանք կը թափեն, որպէսզի հայ լեզուն ապրեցնեն աշակերտին մէջ եւ բոլոր այդ ջանքերը ի զուր են, երբ հայ ծնողը «հայը հայուն հետ հայերէն կը խօսի» կարգախօսին հակառակ կ՚աշխատի:

Տուն եւ ընտանիք

Սփիւռքի մէջ, տունը կը ներկայանայ որպէս հայ լեզուն պահելու վերջին ճակատը: Հոս է, ուր հայկական դպրոց չյաճախող (որպէս շրջանաւարտ) կամ չյաճախած աշակերտը առիթը կ՚ունենայ մայրենի լեզուն սորվելու, զարգացնելու եւ գործնական պահելու: Հոս է, ուր գործի անցած ծնողը կարողականութիւնը ունի իր լեզուն գործածելու, երբ տուն հասնի իր գործատեղիէն: Ո՞ր լեզուով կը պատմենք իրարու մեր օրուան մասին, ո՞ր լեզուն կը խօսինք ճաշի սեղանին շուրջ, ո՞ր լեզուով վարժեցուցած ենք մեր զաւակներն կամ կողակիցը, որ մեզի հետ հաղորդակցին, ո՞ր լեզուի երգերը եւ մշակոյթը կը գերազանցէ մեր տանը մէջ:

Այո՛, հայ լեզուի փխրուն ճակատագիրը սփիւռքի մէջ՝ ենթակայ է հայ ընտանիքի վճռական որոշումներուն: Հայ ծնողը կրնայ ներկայանալ որպէս հայ լեզուի պահպանման ջատագովը, ապա նպաստել անոր վերելքին, եթէ ուզէ:

Տան մէջ աւելի շատ փոփոխականութիւններ գոյութիւն ունին: Տան լեզուի գործածութիւնը կախեալ է քանի մը պայմաններէ, որոնցմէ օրինակներ են՝ խառն կամ հայկական ամուսնութեան գոյութիւնը, ծնողքի հայեցի կրթութեան մակարդակն եւ ըմբռնման կշիռը, ծնողքի ծնեալ վայրը, մեծ ծնողներու ներկայութիւնը ընտանիքի մէջ եւ ազդեցութիւնը անոր վրայ: Թէեւ՝ կրնայ հայրն ու մայրը հայ ըլլան բայց՝ տան մէջ հայերէնը չգործածուի կամ խառն ամուսնութիւն գոյութիւն ունենայ եւ բայց՝ տեղի ունենայ հայերէն խօսելու առիթներ, սակայն՝ որոշ պայմաններ աւելի տարբեր պատահմունքներ կ՚ընծայէ. ինչ որ ընդհանրապէս կախեալ է հայ ծնողի հայեցողութենէն, որ կը բխի իր խառնուածքէն եւ աշխարհահայեացքէն: Եթէ ծնողները առաջնահերթ չնկատեն հայեցի դաստիարակութիւնը, տան մէջ հայկական մթնոլորտ ստեղծելը եւ հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալու արժէքը, լաւագոյն հայկական վարժարան յաճախող աշակերտն անգամ իր սորվածները կը մոռնայ, նոյնիսկ որպէս շրջանաւարտ, երբ հայկական վարժարանը անոր առօրեային մաս չի կազմեր այլեւս:

Հայ ծնողը, պէտք է գնահատէ իր զաւկին հայրենաշունչ ստեղծագործութիւնները եւ արտայայտութիւնները: Իր սորված հայերէն երգը կամ արտասանութիւնը թող ընտանիքի հիւրերուն ներկայացնէ: Իր հայերէնով գրած ստեղծագործութիւնները թող տան պատերը զարդարեն:

Ստեղծագործել հայերէնով՝ ապա ապրեցնել լեզուն

Այն լեզուն, որմով նոր գրականութիւն կամ ստեղծագործութիւններ չեն արտադրուիր արդէն անկման մէջ է: Նոր գրականութեան կամ ստեղծագործութիւններու նուազումը կը նշանակէ, որ նոր սերունդը կամ ինքնավստահ չի զգար այդ լեզուով արտայայտելու իր կարծիքները, կամ՝ կը հաւատայ աւելի ընդունելութիւն, քաջալերանք, համբաւ, եկամուտ կամ գործածութիւն կ՚ունենայ կամ կը շահի իր պատրաստածէն, երբ ան կը հաղորդակցի տեղական լեզուով: Այլ բառերով, լեզուի հանդէպ հաւատքը հետզհետէ կը կորսուի: Նոյնիսկ սոյն յօդուածս գրած ժամանակ կը մտածեմ, արդեօք այն խաւը որ պէտք է կարդայ այս յօդուածս, պիտի կարենա՞յ կամ պիտի ուզէ՞ հայերէնով կարդալ:

Հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու մատակարարուած նոր գրականութեան նուազումը շատոնց զգալի է: Որպէս հայկական միջնակարգ կամ երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտներ` այս տարրն է որ յատուկ ուշադրութեան կարիքը ունի: Ընդհանրապէս, կը տեսնենք հրատարակութիւններ, որոնց նիւթն ու մակարդակը կը յարմարի աւելի մանուկներու, չափահասներու եւ երէցներու:

Հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն յարմար գրականութիւնը միայն զիրենք պիտի պահէ հետաքրքրուած հայերէնով, եթէ ոչ առանց առօրեայ օգտագործման, որուն առիթը կ՚ընծայէր հայ վարժարանը, լեզուի գործածութիւնը բնականաբար կը նուազի:

Այս տարրին համար ամէնէն յուսադրիչը, հայերէն գրելու ու կարդալու առիթներ ստեղծելը, կը մնայ համացանցը՝ մասնաւորաբար ընկերային ցանցը, ուր, շնորհիւ Unicode-ին եւ Nairi.com-ի մնան բառարաններու, հայ երիտասարդը ինքնավստահ եւ դիւրութեամբ կռնայ աւելի յաճախ արտայայտուիլ հայերէնով:

Ինչպէ՞ս ուրեմն քաջալերել հակառակը, ինչպէս ստեղծել հայերէն գրելու, կարդալու եւ խօսելու մշակոյթը եւ զայն տարածել որպէս ընդունուած եւ ակնկալուած կանոն: Այս հարցումին պատասխանը պէտք է որոնէ ամէն գաղութ իր իւրայատուկ պայմանները սերտելով: Պէտք է սերտել, որոշել եւ կարեւորագոյնը՝ գործադրել:

Հայկական կազմակերպութիւնները, որոնց նախաձեռնութիւններուն եւ յանձնախումբերուն կը յաճախէ հայ ժողովուրդը՝ ամենափոքրէն ամէնէն երէցը, ունին յատուկ առիթը լեզուն վերածելու գործնականի: Ըլլայ մշակութային, մարզական, ընկերային, եկեղեցական, սկաուտական կամ քաղաքական, հարկաւոր է ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր հայը առիթը ունենայ եւ ատեններ ստիպուած ըլլայ սորվելու, գործածելու եւ զարգացնելու լեզուն: Ժողովները վարել հայերէնով, հայերէն երաժշտութիւնը տիրէ հայկական հաւաքներու (ինչու չէ մենաշնորհ ըլլայ), դաստիարակչականները, ցուցմունքները, քաջալերական խօսքերը, քարոզները, բոլորը պահել հայերէնով: Եթէ մասնակցողներուն մէջ կան անձեր, որոնք լեզուին ծանօթ չեն, պէտք է միջոց որդեգրել եւ առիթը ստեղծե,լ որպէսզի անոնք ալ սորվին: Մեր նպատակը հայ լեզուի մակարդակը մեր գաղութներէն ներս պահելն է ու զարգացնելը եւ ոչ թէ զինաթափուիլ ու յանձնուիլ հոսանքին: Օրինակ՝ դպրոցներ պէտք է կառուցենք, ոչ թէ արտօնենք որ փակուին, պէտք է մեծ զոհողութիւններով պահենք մեր մշակութային նախաձեռնութիւնները՝ ինչպէս երգչախումբերը եւ պարախումբերը, ոչ թէ խոչընդոտներու դիմաց մեր վզերը ծռած պարտուինք:

Յանուն մեր լեզուի եւ մշակոյթի գոյատեւման պէտք է պայքարինք: Ինչպէս մենք նախորդ սերունդէն, վաղը՝ գալիք սերունդը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ, ինչպիսի՞ կտակ պիտի յանձնենք:

Երբ օր մը մեր վարժարանի աշակերտներուն հարց տուի թէ ինչո՞ւ կարեւոր է մեր անցեալը յիշել, հայ լեզուն պահել, մեր քրիստոնէական հաւատքին ամուր կառչիլ: Երկրորդ դասարանի աշակերտ մը պատասխանեց, «Պարոն Րաֆֆի, ամէն մէկ հայ ճրագ մըն է եւ երբ չի պահենք մեր պատմութիւնը, լեզուն եւ հաւատքը այդ ճրագները կը մարին եւ կը մնանք մութին մէջ»: Այս աշակերտը իր փոքր հասակին կրցած էր ըմբռնել գաղափար մը որ մեր ժողովուրդի հասուն տարրէն ոմանք կը շարունակեն անտեսել:

Ուրեմն ճրագներ վարենք միասին, որպէսզի չմնանք մութին մէջ: