Թորոնթոյի մէջ ինքնաշարժներով երթ՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի յարձակումները


Կիրակի, 2 Հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 2-ին, Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը ինքնաշարժներով արշաւ մը կազմակերպեց իրազեկելու համար Օնթարիոցիները, որպէսզի անոնք իրենց կարգին մղեն Գանատայի կառավարութիւնը միջամտելու եւ դատապարտելու թշնամիին ոտնձգութիւնները:

Հարիւր ինքնաշարժներ, Հայաստանի, Արցախի եւ Գանատայի դրօշներով ծածկուած, հաւաքուեցան Հայ երիտասարդական կեդրոնի կառատուն, ուրկէ մեկնարկը տրուեցաւ երթին: Ինքնաշարժները շրջեցան Թորոնթոյի Նորթ եորք շրջանին մէջ, անցան  Տան վէլի նորթ թաղամասի դաշնակցային երեսփոխան Հէն Տանկի գրասենեակին մօտէն:

«Մեր ինքնիշխանութիւնն ու լինելութիւնը կը գտնուին լրջագոյն սպառնալիքներու դիմաց։ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները կ’ահազանգեն, որ ազգովին մեր միասնական ուժը վերաիմաստաւորելու հրամայականին տակ կը գտնուինք:  Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը կը սպառնայ մեր պետականութեան անվտանգութեան՝ նո՛ր պատերազմով մը։ Սակայն աշխարհը լուռ է դարձեալ, ինչպէս լուռ մնաց 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ», յայտնեց Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Գանատական Global News հեռուստաընկերութիւնը ներկայ էր արշաւին ու անոնք զրոյց մը ունեցան Հայ կեդրոնի նախագահ Վահան Աճէմեանի հետ (տեսանիւթը՝ ստորեւ): «Համայնքի զօրակցութիւնը բացառիկ էր. կը սպասենք, որ ընտրուած քաղաքական մեր պաշտօնատարները եւ Գանատայի Կառավարութիւնը աւելի վճռական կեցուածք որդեգրեն: Հայաստանը փխրուն ու նոր ժողովրդավար երկիր է, պէտք է զօրակցինք, երբ դրացի վայրագ բռնապետութիւն մը կը ներխուժէ ինքնիշխան երկիր մը: Իբր գանատացիներ, այս մէկը անընդունելի է մեզի համար», յայտնեց Աճէմեան:

Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի յարձակումները դատապարտելու պահանջով նամակներ պիտի յանձնուին հետեւեալ դաշնակցային երեսփոխաններուն՝ Հէն Տանկի, Ճին Եիփի, Մերի Ինկի, Փոլ Չիէնկի, Մայքլ Քոթոյի եւ Էլի Էսասիի:

«Այսպէս, Օնաթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը վերահաստատեց, որ իր ներուժը ի սպաս պիտի դնէ մեր հայրենիքի գոյատեւումին եւ որ պատրաստ է զօրաշարժի որեւէ վայրկեանի», եզրափակեց խորհուրդի հաղորդագրութիւնը: