Արցախն այս շաբաթ


Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ «Լուսոյ խորան» խորագիրը կրող յուշակոթողի բացման եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, 27 Սեպտեմբեր 2022 (լուսանկարը՝ Արցախպրես-ի)

— Սեպտեմբեր 27-ին՝ հայութիւնը յիշատակեց երկու տարի առաջ, նոյն օրը Ազրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ սկիզբ առած լայնածաւալ պատերազմը։  27 Սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 07:10-ին Ազրպէյճանը պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ։

Ազրպէյճանական բանակը Թուրքիոյ ակնյայտ աջակցութեամբ եւ վարձկաններու ներգրաւումով, սկսաւ ռմբակոծել Արցախի բնակավայրերը: Հայաստանի ու Արցախի մէջ յայտարարուեցաւ ռազմական դրութիւն ու զօրահաւաք։ Թշնամին Արցախի դէմ մղած պատերազմի ամբողջ ընթացքին կիրառեց միջազգայնօրէն չթոյլատրուած զէնքեր, ներառեալ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ: Պատերազմը տեւեց 44 օր եւ կանգ առաւ 9 Նոյեմբերին` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեամբ: Պատերազմի հետեւանքները աղէտալի եղան հայ ժողովուրդին համար` Արցախի տարածքային կորուստներ, բազմաթիւ զոհեր, տեղահանութիւններ, գերի առնուած զինծառայողներ եւ քաղաքացիական անձիք:

Հայկական կողմը կորսնցուց Արցախի 7 շրջան, Շուշին ու Հադրութը: Զինադադարի պայմանաւորուածութիւնները պահպանելու հսկողութիւնը ստանձնեց Ռուսիան։ Այդ գիշեր Ռուսական մօտ 2 հազար խաղաղապահ եւ 470 միաւոր զինուորական սարքեր ուղարկուեցան Արցախ: Ռուսական դիտակէտերը տեղակայուեցան Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Արցախը միացնող Բերձորի միջանցքի երկայնքով:

Պատերազմի հետեւանքով Արցախի եւ Հայաստանի զոհուած զինծառայողներու ու քաղաքացիական անձերու զոհերուն ընդհանուր թիւը տակաւին յստակ չեն։ Չկան պաշտօնական տուեալներ։ Տարբեր պաշտօնեաներու յատարարութիւնները կը նշեն մօտ 3800 զոհի մասին, իսկ շրջանառուող այլ տուեալներու համաձայն՝ կը խօսուի աւելի քան 5000 զոհի եւ 10000-էն աւելի վիրաւորի մասին։ 2 տարի անց Ազրպէյճանը չի վերադարձներ բոլոր հայ ռազմագերիները, որոնց թիւը դարձեալ յստակ չէ:

Հակառակ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, իրավիճակը ե՛ւ Արցախի ե՛ւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ չափազանց լարուած է։ Յաճախ տեղի կ՛ունենան յարձակումներ, կ’արձանագրուին զոհեր։ Երկու տարի ետք, այսօր, վտանգուած է ոչ միայն Արցախի գոյութիւնը, այլեւ՝ Հայաստանի։

— Յիշատակելով աղետաբեր պատերազմը՝ 27 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն եկեղեցական դասի, նախկին եւ ներկայ պետական պաշտօնեաներու եւ հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ խաչերթ` ի յիշատակ Արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն:

Խաչերթի մեկնարկէն առաջ եկեղեցւոյ բակը հաւաքուածներուն Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Տ․ Սահակ վրդ․ Շաքարեանը դիմելով, ըսաւ․ «Մենք այսօր պէտք է ըլլանք հաւասարակշռուած ու փորձենք ազգային մեր ներուժը ` խաչի օգնութեամբ, հաւատքի վրայ խարսխուած եւ աստուածատուր ազգային մեր շնորհը ի ցոյց դնել՝ երկիրը կրկին վերազարթնեցնելու եւ պայծառացնելու: Այսօր դէպի մեր հոգին նայելու պահ է եւ թող իւրաքանչիւրիս համար վերածնունդի օր ըլլայ»։

Այնուհետեւ հնչեցին եկեղեցւոյ զանգերը, ներկաները Լռութեան րոպէով յարգեցին Արցախեան պատերազմներուն նահատակուածներու յիշատակը եւ միասնական աղօթեցին, ապա երթով շարժեցան դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Լուսոյ խորան» խորագիրը կրող յուշակոթողի բացման ու օրհնութեան, Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու հոգեհանգստեան կարգերը, որոնցմէ ետք զինուորական պանթէոնին մէջ ծաղիկներ խոնարհուցան նահատակուած հերոսներու շիրիմներուն:

Արցախի Պետական համալսարանի Մարտական պատրաստութեան ակումբի ղեկավար Եուրա Մարգարեան ընդգծեց, որ հակառակ երկու տարի ետք ալ չսպիացող վէրքերուն, արցախցին կը շարունակէ կանգուն մնալ: Արցախի բոլոր համալսարաններուն մէջ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Փառքի անկիւններ բացուած են: Փառքի անկիւնը դարձած է ուսանողներու հաւատարմութեան խոստումի եւ երդումի վայր:

«Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ: Ուրեմն պէտք է պայքարինք, ինքնակազմակերպուինք, միաբանուինք մէկ միասնական գաղափարի շուրջ, ազգովին մարտնչինք ու մեր հերոսներու կիսատ թողած գործը շարունակենք պատիւով», ընդգծեց Մարգարեան:

— Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ դիրքորոշում յայտնէ դեռ 2 տարի առաջ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ, 44-օրեայ պատերազմի երկրորդ տարելիցին առիթով, յայտնեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ «Սա այն պատերազմն էր, որ ուղեկցուած է ռազմական յանցագործութիւններու գրեթէ բոլոր տեսակներու կիրառմամբ, այսինքն այն, ինչ արգիլուած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքով, Ազրպէյճանը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին իրագործեց: Ցաւօք սրտի, պատերազմէն 2 տարի անց ալ մենք Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու յստակ իրաւական եւ քաղաքական գնահատականներու չենք հանդիպիր», նշեց ան։

Ըստ Ստեփանեանի, հակառակ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութեան` Ազրպէյճանը մինչեւ այսօր ամբողջութեամբ չի վերադարձներ հայ գերիները:

«Այստեղ խօսքը նաեւ գերիներու թեման քաղաքական առեւտուրի առարկայ դարձնելու մէջ է, որ եւ անթոյլատրելի, եւ անընդունելի է: Ինծի համար երբեմն նաեւ զարմանալի է, երբ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները կը փորձեն ողջունել, երբ Ազրպէյճանը գերիներու նոր խումբ կը վերադարձնէ հայրենիք»։
«Գերիներու վերադարձը չի կրնար մարդասիրական ժեստ ըլլալ։ Ատիկա միջազգային իրաւունքով սահմանուած պարտաւորութիւն է», շեշտեց ան:

Ըստ անոր՝ մարդիկ կ’ապրին Արցախի մէջ` հասկնալով, որ որեւէ ատեն կրնայ վերսկսիլ ռազմական գործողութիւններ, կրնան կորսնցնել իրենց, իրենց հարազատներու կեանքը: Այնուամենայնիւ, այս դժուարութիւնները հաշուի առնելով` մարդիկ կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց հողին, հայրենիքին։

— Հակառակ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ իր հայրենի հողին վրայ ապրելու վճռական կամքին, Հայաստանի իշխանութիւնները՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, օրէ օր իրենց յայտարարութիւններով Արցախէն հրաժարելու իրենց մտադրութիւնները վեր կը հանեն։  30 Սեպտեմբերին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով տուած հարցազրոյցի ժամանակ Փաշինեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Մոսկուան, Պրիւքսելը եւ ԱՄՆ-ն սեփական ի՞նչ առաջարկներ ունին, ան ըսաւ․

«Կարելի չէ ըսել, որ իւրաքանչիւրը սեփական փաթեթ ունի, բայց իւրաքանչիւրը որոշ պատկերացում ունի: Եթէ պարտաւորութիւն դրուած է իմ վրաս մեր ժողովուրդին հետ խօսելու ճշմարտութեան լեզուով, եւ ես պարտաւոր եմ խօսելու ճշմարտութեան լեզուով, պէտք է արձանագրեմ հետեւեալը (շուտ պէտք է ընէի, նոյնիսկ պատերազմէն առաջ)․ Ոչ Մոսկուան, ոչ Պրիւքսելը, ոչ Ուաշինկթընը պատրաստ են ճանչնալու Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ ոչ մէկը պատրաստ է Ղարաբաղը ճանչնալու որպէս Հայաստանի մաս: Մենք պէտք է այս փաստին հետ առերեսուինք», ըսաւ Փաշինեան:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

—Արցախի Ս․ Յակոբավանքի վերականգնման եւ Քոլատակ գիւղի զարգացման համար կը պահանջուի 1 միլիոն տոլար, որմէ մօտ 25 հազարը արդէն հաւաքուած է եւ այդ գումարով հնարաւոր է սկսիլ վանական համալիրի երեք եկեղեցիներէն առաջինի շինարարութիւնը,  26 Սեպտեմբերին «Ս․ Հակոբավանքի եւ Քոլատակ գիւղի զարգացում» խորագիրով համաժողովին յայտնեց ծրագրի համակարգող Գագիկ Յարութիւնեանը:

«Վերականգնելով Ս. Յակոբաւանքը` մենք կը պաշտպանենք մեր ինքնութիւնը եւ աշխարհին կը ներկայանենք համաշխարհային մշակոյթի կարեւոր մասը կազմող մեր ժառանգութեամբ: Քոլատակը կը դարձնենք նոր զբօսաշրջային ուղղութիւն, որուոն շնորհիւ նոր աշխատատեղեր կը ստեղծուին Արցախի մէջ: Արցախի մէջ մենք մեզի կը նուիրենք հոգեւոր ու մշակութային կեդրոն», նշեց Յարութիւնեան: 

Վերջինս նշեց, որ  թշնամին պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ Յակոբավանքը աղուանական է: Ան շեշտեց` Յակոբավանքը վերականգնելով` կը յաղթենք մշակութային «պատերազմին»: Ծրագիրը նախաձեռնած է Արցախի կառավարութիւնը եւ Արցախի թեմը` Վրթանէս Սրբազանի գլխաւորութեամբ: Ծրագիրին միացած են հիմնադրամներ, կազմակերպութիւններ եւ ուղղակի անհատներ:

Արցախի թեմն ու Արցախի կառավարութիւնը նախաձեռնած են Յակոբավանքի վերականգնման գործընթացը քանի մը տարի առաջ:  Արցախի թեմը 2022 թուականը յայտարարած է Ս. Յակոբավանքի վերածնունդի տարի:

— Հայաստանի Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարը Վահրամ Դումանեան  29 Սեպտեմբերին Մեքսիքոյի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Մշակութային քաղաքականութեան եւ կայուն զարգացման համաշխարհային համաժողով»-ի ծիրէն ներս կոչ ըրաւ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն Լեռնային Ղարաբաղ և հարակից տարածքներ առաքելութիւն ուղարկելու։

Նախարարը նշեց, որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է ներկայիս Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը:

9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են հայկական աւելի քան 2000 պատմամշակութային յուշարձաններ, ինչպէս նաեւ 12 պետական թանգարաններ եւ պատկերասրահներ` 21000 նմուշներով: Այս պատմական վայրերու պահպանման հետ կապուած լուրջ մտահոգութիւններ կան` հաշուի առնելով վերջին քանի մը տասնամեակներուն իր տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման փաստերուն` ինչպէս Նախիջեւանի պարագային:

Ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանը կ’իրականացնէ Արցախի եւ մերձակայ տարածքներուն մէջ հայկական ներկայութեան պատմական ապացոյցները բնաջնջելու քաղաքականութիւն` հայկական յուշարձանները եւ մշակութային վայրերը միտումնաւոր ոչնչացնելու միջոցով:

«Ժառանգութիւնը եւ մշակութային բազմազանութիւնը պէտք է ըլլան խաղաղ գործընթացի կարեւոր մասը: Այսպիսով, կոչ կ’ընեմ միջազգային գործընկերներուն իրենց ձայնն ու ներդրումը ունենալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարամեայ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման գործին», ըսաւ Դումանեան:

— Ստեփանակերտ-Մարտակերտ նոր ճանապարհի շինարարութիւնը կը մօտենայ աւարտին, կը տեղեկացնէ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ իրականացուող ծրագիրը ներկայիս ճանապարհաշինութեան ամենամեծ ծրագիրն է։

Ստեփանակերտ-Մարտակերտ նոր ճանապարհի շինարարութիւնը (լուսանկարը՝ Արցախպրես-ի)

27 քմ․ ճանապարհը կարեւոր նշանակութիւն ունի, հաշուի առնելով նաեւ, որ նոր ճանապարհով Ստեփանակերտէն Մարտակերտ եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկելը աւելի մատչելի պիտի ըլլայ:

Շինարարութիւնը պիտի աւարտի յաջորդ ամիս:

— Հայ օգնութեան ֆոնտը կը շարունակէ Արցախի մէջ առողջապահական համակարգի զարգացման նպաստող ծրագիրները, յայտնեց երկօրեայ այցով Արցախ գտնուող ՀՕՖ-ի հայաստանեան գրասենեակի առողջապահական ծրագիրներու ղեկավար Համբարձում Սիմոնեան։ Ան ըսաւ, որ այցի նպատակը քանի մը ծրագիրներու հերթական հսկողութիւնն է Առողջապահութեան նախարարին եւ առողջապահական համակարգի պատասխանատուներու հետ:

«ՀՕՖ-ը աւելի քան 10 տարի առողջապահական ծրագիրներ կ’իրականացնէ Արցախի մէջ՝ ներառեալ` բժիշկներ, բուժքոյրեր վերապատրաստելու, ինչպէս նաեւ` տեխնիկական վերազինման ուղղութեամբ: Հերթական այցի նպատակը գործողութիւններու ներկայ փուլի գնահատումն է, հաշուի առնելով առկայ մարտահրաւէրները եւ յետագայ ընելիքները: Քննարկեցինք բժիշկներու մասնագիտական շարունակական պատրաստման վերաբերող հարցեր: Հանդիպեցանք «Բժիշկներ Արցախի համար» ծրագիրով ներկայիս Արցախ գտնուող բժիշկներուն հետ: Ունինք վեց բժիշկ, որոցմէ երկուքը կ’աշխատին Մարտակերտի, մէկը` Մարտունիի, երեքը` Ստեփանակերտի մէջ», նշեց ան:

— 26 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ բանաստեղծ Սերգէյ Սաֆարեանի (Նեմրութ) նոր «Երբ տապանում չէ Նոյը» գիրքին շնորհանդէսը։ Պետական համալսարանի գրականութեան եւ լրագրութեան ամբիոնի դասախօս Տաթեւ Սողոմոնեան՝ Սանֆարեանը կը համարէ արդի հայ գրականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ: «Շատ բեղուն եւ անհանգիստ գրիչ ունի Սերգէյը: Այդ մասին կը փաստէ այն, որ վերջին տարիներուն հասցուցած է ընթերցողի սեղանին դնել արդէն երեք գիրք: Անոր գիրքերը թերթելով, հնարաւոր չէ անտարբեր առաջ անցնիլ եւ չընթերցել: Ան առանց ճոռոմ բառերու, կը ստեղծէ դրամատիկ, ժամանակակից, ճշմարիտ պատկերներ: Անոր այսօրուան գիրքին գլխաւոր թեման պատերազմն է, հայ մարդու վիճակը, մտորումները` առանց պաթոսի եւ աւելորդութիւններու», ըսաւ դասախօսը:

Նոյն օրը մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի դասախօս, երիտասարդ գրականագէտ Նանար Սիմոնեանի «Սպասում» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքին մէջ ներկայացուած են երիտասարդ ստեղծագործողին չափածոյ եւ արձակ գործերը: Սիմոնեան նշեց, որ գիրքը անքուն գիշերներու, նւուացող ցաւի, տառապանքի ծնունդն է:

«Մեր կեանքի հեքիաթը 27 Սեպտեմբեր 2020-ին գլխիվայր շուռ եկաւ: Պատերազմի չարաբաստիկ օրերուն չէի կորսնցներ հաւատքս, կ’աղօթէի ու կը յուսադրէի ամէնը: Պատերազմը փոխեց իմ ներաշխարհն ու աշխարհայեացքը, ապրելու, արարելու,պայքարելու իմ բոլոր ընկալումներն ու պատկերացումները: Գիրքին մէջ՝ իւրաքանչիւրի հոգիին խորքը ծուարած ազատ ու անկախ Արցախի միջազգային ճանաչման, գերութեան մէջ գտնուող իմ եղբայրներուն ու հայրերուն վերադարձի սպասումն է, խաղաղ, անվտանգ ու հզօր հայրենիք ունենալու սպասումը», ներկայացուց բանաստեղծուհին: 

Լուսանկարները՝ Արցախպրես-ի