ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարեկան համերգը ձօնուած էր Արցախին


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հինգշաբթի, 25 մայիս 2023-ի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարեկան աշակերտական համերգը, կատարողութեամբ՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Կռունկ» եւ «Գանձասարի սոխակներ» երգչախումբերուն ու «Արամ Խաչատրեան» նուագախումբին եւ ղեկավարութեամբ՝ Թալին Գըլըպոզեանի, Սօնա Յովսէփեանի եւ Սուրէն Ամիրխանեանի։ Այս տարուան ելոյթը ձօնուած էր Արցախին:

տեսանիւթը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի

Հիասքանչ համերգին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը եւ նշեց, թէ 33 տարիներ առաջ հիմնուած «Գանձասարի սոխակներ» երգչախումբը յաւերժացուցած է Գանձասարը եւ տէրը դարձած մեր հայրենիքին ու Արցախին։ Տնօրէնը շեշտը դրաւ Արցախին նուիրուած համերգի նպատակին վրայ եւ ըսաւ. «Այսօ՛ր, ձեր դիմաց կրկին կանգնած են «Կռունկ» եւ «Գանձասարի սոխակներ» երգչախումբերը՝ աշխարհին յայտնելու, որ մեր վարժարանը կը պատրաստէ պահանջատէր սերունդ մը, որուն շրթները միշտ պիտի բացագանչեն՝ «Արցախը Հայաստան է»։ Այսօրուան երգերը թող հնչեն որպէս աղօթք՝ ի յիշատակ մեր պայքարի ճամբուն զոհուածներուն եւ որպէս ցասում՝ ի պաշտպան մեր շրջափակուած Արցախցի քոյր-եղբայրներուն»։

«Գանձասարի սոխակներ» երգչախումբը բեմ բարձրացաւ, եւ Թալին Գըլըպոզեանի ղեկավարութեամբ՝ իսկական սոխակներու դայլայլէն աւելի քաղցրահունչ հնչեցին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտներուն երգած երգերը։ Անոնք, նախ երգեցին՝ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգները, ներկաներու յոտնկայս մասնակցութեամբ, ապա՝ «Սարդարապատ» չուերգով պահանջատիրութեան եւ պայքարի նշոյլները սկսան ցոլացնել երգչախումբի փոքրիկ անդամները. հանդիսատեսը հիացմունքով ունկնդրեց հարիւրաւոր հայ մանկիկներու անաղարտ եւ բարձրորակ երգեցողութիւնը, որ «Ղարաբաղի բալիկն ենք»-ի, Կոմիտասեան՝ «Կաքաւի երգ»-ի «Ծընկըլը, մընկըլը»-ի «Լորիկ»-ի, «Արցախի սեւաչ մանուկներ ենք մենք»-ի եւ հայրենասիրական շարանի մը ընդմէջէն, կարկաչահոս գետի զուլալ ջուրերուն նման, ոռոգեց ունկնդիրներուն սրտերը եւ հայրենասիրութեամբ փայլատակելով, անգամ մը եւս վստահեցուց հանդիսատեսին, որ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի սաները փայլուն ապագայ խոստացող, հայրենիքի պաշտպան հայորդիներ են։

Պահը հասած էր եօթներորդ, ութերորդ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներէն բաղկացած նուագախումբի ելոյթին։ Պարոն Սուրէն Ամիրխանեանի ղեկավարութեամբ բեմ բարձրացան եօթներորդ կարգի աշակերտները եւ լաւագոյն ձեւով նուագեցին Ode to joy ու Power rock կտորները, որոնցմէ ետք ութերորդ կարգի աշակերտները՝ «Զէյթունցիներ»-ն ու Մոցարտի՝ Serenade and dance-ը հոյակապ համադրութեամբ նուագեցին: Բարձրագոյն կարգերու աշակերտները Խաչատրեանի՝ Dance of rose maidens, Waltz from masquerad եւ Բաբաջանեանի՝ «Մեր սիրելի Երեւան» երգերու ու երաժշտական կտորներու անթերի կատարումներով հպարտացուցին իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները։

Նուագախումբի իւրաքանչիւր անդամ ամենայն ճշդութեամբ կը նուագէր, իսկ նուագախումբը համահունչ, իր բացառիկ ելոյթով կը գրաւէր ներկաներուն հաւանութիւնը։ Այդ բոլորին վկան էին հնչած երկարատեւ ծափողջիւնները, որոնք դասատուներուն ու համերգին յաջողութիւնը ապահովող ողջ անձնակազմին սրտերուն երջանկութեան շիթեր կը սրսկէին։

«Կռունկ» երգչախումբը բեմ բարձրացաւ։ Չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ կարգի աշակերտները տիկին Սօնա Յովսէփեանի ղեկավարութեամբ՝ հոյակապ առոգանութեամբ երգեցին «Տուն իմ հայրենի», «Եկէք երգենք» եւ «Ձօն գրքին» երգերը, որոնցմէ ետք հայրենասիրական երգերու շարանով մը ոգեւորեցին ներկաները եւ մեր պատմութեան փառահեղ օրերու, հայրենասիրութեան եւ հայու հզօր կամքի ու գոյատեւման աւետաբեր սոխակները դառնալով, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի աշակերտուհի Անոյշ Յարութիւնեանի հեզաճկուն մենապարի ընկերակցութեամբ՝ «Ղարաբաղ» երգը երգեցին, ապա անոնց շուրթերէն հնչած «Ղարաբաղցին» երգով փառաբանեցին մեր հայրենակիցները եւ անգամ մը եւս շեշտեցին անոնց կողքին ըլլալու գաղափարը։

Համերգին մասնակից բոլո՜ր աշակերտներուն երգեցողութեամբ եւ անոնց բորբ հնչերանգով հնչեցին վերջին երկու երգերը՝ «Ինչ էլ որ լինի»-ն եւ «Ջան Հայաստան»ը, որոնց ընթացքին, եռագոյնը իրենց ձեռքին, բեմ բարձրացան փոքրիկ աշակերտները եւ ամենայն սրտով՝ միաձայն, երգեցին ներկաները ոգեւորող հայրենասիրական այդ երգերը։

Սրահը կը շռնչար հանդիսատեսին ծափահարութիւններով։ Ներկաներուն երջանկութեան ու գոհունակութեան ժպիտները կը ջերմացնէին սրտերը՝ հսկայ աշխատանք տանող եւ այդ օրուան ձեռնարկը յաջողութեամբ աւարտին հասցնող բոլոր ուսուցիչներուն եւ անհատներուն, որոնք՝ բացի աննախադէպ երգեցողութիւն եւ նուագակցութիւն սորվեցնելէ, կրցած էին նաեւ հոյակապ ձեւով դասաւորել հարիւրաւոր աշակերտներու հեզասահ եռուզեռը՝ ամբողջ ելոյթի տեւողութեամբ։
Ելոյթի աւարտին, տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ այս ծրագրին բացարձակ յաջողութիւնը ապահովող եւ ջանք չխնայող աջակից ձեռքերուն։

Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան Հայ կեդրոնի սրահէն, իրենց սրտերուն մէջ վառ պահելով հայ նոր սերունդի պայծառ ապագայի տեսլականը եւ այդ օրուան գերագնահատելի աշխատանքի արդարացի արդիւնքը։