Ազրպէյճանի կրակոցներէն նահատակուեցաւ չորս զինուոր. Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճանի կրակոցներէն նահատակուեցան չորս զինուորներ

Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, 28 յունիսին, հրետանային միջոցներէն կրակեցին Մարտունիի եւ Մարտակերտի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ` կիրառելով նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր: Նահատակուեցան չորս զինուորներ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ նահատակ զինուորներն են՝ Արմօ Աբգարեանը, Սամուէլ Թորոսեանը, Երուանդ Թադեւոսեանը, Գագիկ Բալայեանը:

Արցախի Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ, 30 Յունիսին, վերջին հրաժեշտը տուին նահատակներ 36-ամեայ Գագիկ Բալայեանին եւ 54-ամեայ Արմօ Աբգարեանին, որոնք համագիւղացիներ էին եւ բազմանդամ ընտանիքներու հայրեր: Գագիկը 4 անչափահաս զաւակներ ունի, իսկ Արմոյի չորս զաւակներէն երկուքը անչափահաս են:

Միւս երկու նահատակներուն` ժամկէտային 20-ամեայ Սամուէլ Թորոսեանի եւ Երուանդ Թադեւոսեանի յուղարկաւորութիւնները տակաւին չեն կատարուած: Երկրորդ օրն է, որ Ազրպէյճան կ’արգիլէ անոնց դիերը Հայաստան տեղափոխել: Պաքու կը պնդէ, որ անոնք Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայողներ են: Ստեփանակերտէն, մինչդեռ, կը հերքեն այս տեղեկութիւնը:

Սամուէլ Թորոսեան Ստեփանակերտի բնակիչ է. անոր հարազատներուն փափաքն է զայն յուղարկաւորել «Եռաբլուր»-ի մէջ, միւս զոհուած զինուորը` Երուանդ Թադեւոսեան, Քաշաթաղի նախկին բնակիչ է. անոր ծնողները պատերազմէն ետք տեղափոխուած են Հայաստան։

Ամբողջ շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական զինուժը, պարբերաբար խախտելով հրադադարը, կրակեց նաեւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացիներու ուղղութեան։ 25 յունիսին հրաձգային տարբեր զինատեսակներով թշնամին կրակեց Մարտունիի Միւրիշէն գիւղի 22-ամեայ բնակիչ Միքայէլ Մեժլումեանի ուղղութեամբ, 29 Յունիսին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հրաձիգներով կրակ բացին Մարտակերտի Մաճկալաշէն համայնքի դաշտերուն վրայ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող սարքին ուղղութեամբ: Նոյն օրը հրաձգային զենքէ կրակեցին Մարտունիի Ճարտար համայնքի դաշտերուն մէջ հունձք կատարող մեքենայի ուղղութեամբ։

Արցախի մէջ մարդասիրական վիճակը ա՛լ աւելի կը ծանրանայ

Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան յայտնեց Արցախի հետզհետէ ծանրացող մարդասիրական կացութեան մասին՝ յիշեցնելով, որ արդէն երկու շաբաթէ ի վեր, Ազրպէյճան չ’արտօներ նաեւ ուտելիքիի փոխադրութիւնը Արցախ:

Ստեփանակերտի եւ շրջաններու խանութները օրէ օր կը դատարկուին:

Այժմ, Արցախի մէջ պետութեան ամբարած սննդամթերքը եւ տեղական արտադրութիւնը կը սպառին:

Ստեփանակերտի խանութները կը դատարկուին

«Խոշոր առումով որոշակի սնունդի տեսակներ, պաշարներ ունինք եւ տեղական արտադրանք ունինք, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ բոլոր անհրաժեշտ սննդատեսակները ունինք», տեղեկացուց Բեգլարեան, եւ աւելցուց, որ տակաւին ալիւրի, մսամթերքի, ձաւարեղէնի, բանջարեղէնի հարց չկայ. անոնք տեղական են, պտուղն ալ: Ձէթի եւ շաքարաւազի հարցը արդէն նկատելի է: Ըստ անոր՝ ինքնաշարժներու վառելանիւթը եւս գրեթէ սպառելու մօտ է: «Մասնաւոր փոխադրամիջոցը գրեթէ ընդհանրապէս չի գործեր, հանրային փոխադրամիջոցները շատ ծանրաբեռնուած են, բնականաբար ատոր հետեւանքով նաեւ տնտեսութիւնը շատ աւելի լուրջ ծանրութեան տակ, քանի որ տնտեսական գործունէութեան համար եւ մարդոց ներքին կարիքներու բաւարարման համար ներքին փոխադրամիջոցը պէտք է քիչ թէ շատ կանոնաւոր կերպով եւ որոշակի ծաւալով գործեր, իսկ հիմա ատիկա խիստ սահմանափակուած է», յայտնեց Բեգլարեան:

Ան յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի թշնամական արարքները, շուրջ 7 ամիսներ շարունակական շրջափակումը եւ 15 Յունիսէն ամբողջական փակումը ալ աւելի կը սրեն իրավիճակը Արցախի մէջ: Իսկ Ստեփանակերտի մէջ, մարդիկ տակաւին իրենց յոյսը չեն կորսնցներ, որ Ռուսիա ու Արեւմուտքը կոչերէն անդին յստակ քայլերու կը դիմեն։

«Կը կարծեմ`շատ կարճ ժամկէտի մէջ` քանի մը օրուան մէջ, միջազգային հանրութիւնը, տուեալ պարագային ե՛ւ Ռուսիան, ե՛ւ արեւմտեան պլոքը, անոնք, որոնք որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնած են, իրենց պատասխանատուութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ կատարեն` կոշտ ճնշում գործադրելով Ազրպէյճանի հանդէպ», դիտել տուաւ ան։

Լաչինի միջանցքի տասնօրեայ լիակատար փակումէն ետք, 25 յունիսին, 15 հիւանդներ` 9 ուղեկցողներու հետ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Արցախի գրասենեակի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ, տեղափոխուեցան Հայաստանի հիւանդանոցներ: Տակաւին բազմաթիւ հիւանդներ կը սպասեն Հայաստանի Հանրապետութիւն իրենց տեղափոխման եւ Արցախ վերադարձին:

Կարմիր խաչի միջոցով հիւնադներ Արցախէն Հայաստան կը տեղափոխուին

Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապի, կը նախատեսուի օրուան ընթացքին Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 16 հիւանդներ (ուղեկցողներու հետ միասին), որոնք բուժում ստանալու համար տեղափոխուած էին Հայաստանի հիւանդանոցներ, ինչպէս նաեւ Արցախ տեղափոխել հրատապ անհրաժեշտութեան դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ: 

Պայրամով կը մերժէ արցախահայերուն անվտանգութեան յատուկ երաշխիքներ տրամադրելու պահանջը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով մերժած է Հայաստանի` խաղաղութեան բանակցութիւններու նոր փուլէն առաջ արցախահայութեան անվտանգութեան յատուկ երաշխիքներ տրամադրելու պահանջը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ նման երաշխիք աւելորդ է, եւ պահանջը կը նշանակէ միջամտութիւն «Ազրպէյճանի գործերուն»:

«Մենք նման նախապայման չենք ընդունիր… շարք մը պատճառներով: Ամենէն սկզբունքայինը հետեւեալն է. ասիկա ներքին, գերիշխան խնդիր է: Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը եւ շարք մը միջազգային հռչակագիրներ, որոնց մաս կը կազմէ Ազրպէյճանը, կ’ապահովեն բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, որպէսզի երաշխաւորուին այդ բնակչութեան իրաւունքները», ըսած է ան:

Պայրամով աւելցուցած է, որ հայերը կրնան օգտագործել իրենց լեզուն եւ կրթութիւն ստանալ, պահպանել իրենց մշակոյթը, եթէ այլ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նման համարկուին ազրպէյճանական հասարակութեան եւ պետական կառոյցներուն մէջ: «Եթէ Երեւան կամք դրսեւորէ եւ ոչ միայն յայտարարութիւններ, այլ նաեւ գործնական քայլեր ընէ, ապա կը կարծեմ, որ կարողականապէս կարելի է համաձայնութեան հասնիլ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ: Սակայն եթէ Հայաստանը պատրաստ չէ ատոր, ապա համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կրնայ յետաձգուիլ», ըսած է ան։

Ստեփանակերտը կ’ողջունէ ԵԽԽՎի բանաձեւը

Արցախը կ’ողջունէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ քանի մը օր առաջ ընդունուած «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը:

Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ անյապաղ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ կիրարկած միջանկեալ միջոցները եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կարեւոր կը նկատէ նաեւ վեհաժողովի եզրակացութիւնը, որ Ազրպէյճանի կողմէ ստեղծուած իրավիճակը կրնայ յանգեցնել անոր, որ հայ բնակչութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ լքել իր տուները, եթէ տագնապը չլուծուի քաղաքական ճանապարհով:

«Ամբողջովին կը կիսենք բանաձեւին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնը` ազգութեամբ հայերու նկատմամբ Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ օգտագործուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութեան առնչութեամբ:

Արցախէն կոչ կ’ուղղուի Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին եւ Նախարարներու կոմիտէին անյապաղ արձագանգելու Բերձորի միջանցքի անօրինական փակման անհերքելի փաստերուն եւ հրատապ գործարկելու կազմակերպութեան մեքանիզմները` Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու հետագայ խախտումները կանխելու համար:

Գանատացի պատգամաւորները կոչ կ’ընեն անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը

Պատգամաւոր Ռեյչըլ Թոմասը եւ ծերակուտական Լէօ Հուսակօսը` որպէս Գանատա-Արցախ պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի համանախագահներ, յայտարարութիւն հրապարակած են` կապուած Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման 200-րդ օրուան հետ:

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի. «12 դեկտեմբերէն ի վեր ազրպէյճանական ուժերը շրջափակած են Լաչինի միջանցքը` Ղարաբաղը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհը: Շրջափակումը յառաջացուցած է լուրջ մարդասիրական հետեւանքներ: 2020-էն ետք Ազրպէյճանի շարունակուող թշնամական արարքներուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչ յայտնուած է ճգնաժամի մէջ: Սնունդի սուր պակասը, վառելիքի, ելեկտրականուեան, ջուրի մատակարարումներու խափանումները, արտաքին աշխարհի հետ կապի խզման հետ, աւելի խորացուցած են ճգնաժամը:

Շատերու, ներառեալ` երեխաներու եւ մեծահասակներու, թերսնման խնդիր յառաջացած է: Բժշկական հաստատութիւններու մէջ դեղորայքի պակաս կայ, վիրահատութիւնները կը յետաձգուին: Դպրոցներն ու հիմնարկները փակման եզրին են, ձեռնարկութիւններու փակումը մարդոց կը զրկէ ապրուստի միջոցէն:

Շարունակուող շրջափակումը կը խոչընդոտէ բանակցութիւններ իրականացնելը: Մենք կոչ կ’ընեն խաղաղ ճանապարհով վերջ տալու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակմանն ու անմիջապէս բանալ Լաչինի միջանցքը»:

Amnesty International-ը կոչ ըրած է Ազրպէյճանին դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է վերջ դնեն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակմանը եւ զարգացող մարդասիրական ճգնաժամին, Twitter-ի մէջ գրած է Amnesty International իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը:

Կազմակերպութիւնը անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակմանը` յիշեցնելով, որ 15 յունիսին Ազրպէյճանը դադրեցուցած է Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհն է, իսկ տարածաշրջանը շրջափակման մէջ է դեկտեմբեր 2022-էն:

Մէկ այլ թուիթերեան գրառման մէջ կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ 26 յունիսին Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին թոյլատրուած է վերսկսիլ ծանր հիւանդներու տեղափոխումը, սակայն հիւանդանոցներու մէջ դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու սուր պակաս կայ:

Կազմակերպութիւնը կը գրէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները յոյսը կը դնեն ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ Կարմիր Խաչի մարդասիրական օգնութեան վրայ: Ազրպէյճանցի զինուորները այժմ կ’արգելափակեն մարդասիրական օգնութեան մեքենաներու ելքն ու մուտքը, իսկ մարդասիրական ճգնաժամը երթալով կը խորանայ:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը ճանչցաւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը

Փանամայի մէջ, 22-25 յունիս-ին տեղի ունեցաu Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան բարձրագոյն ժողովը: Երկու տարին մէկ պարբերականութեամբ գումարուող ժողովին կը մասնակցէին կազմակերպութիւններ շուրջ 70 երկիրներէ` 300 պատուիրակներով:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով Փանամայի մէջ ընդունուեցաւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը դատապարտող բանաձեւ: Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց առանց որեւէ նախապայմանի անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը եւ վերջ դնել Արցախի շրջափակմանը:

Ժողովի աւարտին կայացաւ նոր նախագահութեան ընտրութիւն, որուն հիմամբ ՀՅԴ Երիտասարդականի թեկնածու Սարինէ Աբրահամեան վերընտրուեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահ:

«SOS Արցախ» խորագիրով 24-ժամեայ նստացոյց՝ Հայաստանի մէջ

ՀՅԴ Հայասատանի գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, 27 յունիսին, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան դիմաց տեղի ունեցաւ 24-ժամեայ նստացոյց մը՝ «SOS Արցախ» խորագիրով:

Ցուցարարները իրենց հետ բերած էին Արցախի Հանրապետութեան դրօշները, ինչպէս նաեւ «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը», «Գործելու պահը հիմա է», «Արցախում 120.000 մարդ է ապրում», «Առանց Արցախ չի լինելու նաեւ Հայաստանը», «Արցախը դիմակայում է ֆաշիզմին», «Վե՛րջ տուէք ապօրինի շրջափակմանը» եւ նմանատիպ այլ գրութիւններով պաստառներ:

«Մենք կը պահանջենք վերջ դնել երկակի չափանիշերուն: Արցախը կը գտնուի մարդասիրական ճգնաժամի, ցեղային զտման, ցեղասպանութեան առջեւ», Եւրոպական Միութեան գրասենեակին դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Արցախը կը շարունակէ մնալ շրջափակուած: Մեր նպատակն է բողոքի ձայնը բարձրացնել, պահանջներ ներկայացնել», ըսաւ Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի անդամ Թադեւոս Աւետիսեան ըսաւ․ «Ցաւօք, միջազգային հանրութիւնը իր լուռ կեցուածքով կը նպաստէ, որ Ազրպէյճանի յանցաւոր վարչակարգը իրականացնէ իր սկսած ցեղասպան քաղաքականութիւնը: Այսօր գործելու ճիշդ ժամանակն է, մենք կ’ուշացնենք, եւ ամէն օրը, ամէն ժամը պիտի արժէ մարդկային կեանքեր: Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է նաեւ կեանքի կոչել միջազգային դատարանի վճիռը. 6 ամիսէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռը չի կրնար պարտադրել, կեանքի կոչել», ըսաւ ան:

«Արցախի գծով կը մնամ վճռակամ», կը հաստատէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Մարսէյ եռօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Մարսէյի ազդեցիկ տարբեր շրջանակներու (տնտեսական, ճարտարարուեստի, քաղաքական, համայնքային,մարզական, մշակութային, առեւտրական, գիտական-կրթական, եւայլն) հետ, զոր հրաւիրած էր անձամբ:

Մաքրոն Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ

Սոյն երեկոյին, Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ իր հանդիպումին, պատասխանելով իրեն ուղղուած դիմումին՝ «պարոն նախագահ, Արցախի շրջափակման եւ ազերիական յարձակողապաշտ ընթացքին դէմ ձեզմէ կը սպասենք առաւել ազդու նախաձեռնութիւն, գործնակա՛ն եւ ոչ միայն բարոյական», ըսաւ հետեւեալը. «Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ՝ քան նոյնինքն Փաշինեանը: Հարցը Փաշինեանն է: Ես Արցախի հարցով միակն եմ, որ յստակ կեցուածք ու պատգամ ունիմ»:

«Մի կասկածիք Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի գծով վճռականութեանս: Պիտի շարունակեմ ջանքս, նոյնիսկ եթէ մինչ օրս այս օրակարգով գրեթէ միակն եմ միջազգային ընտանիքէն ներս: Գիտէք նաեւ, որ առաջին անգամ ըլալով Ֆրանսա Հայաստանի իր դեսպանութեան մօտ ուղարկեց զինուորական իր կցորդը, որ պէտք է որոշ բան նշանակէ, չէ՞: Մենք պիտի ընենք մեր կարելին, առաւելագոյնը», եզրակացուց Մաքրոն։

Մեկնարկեց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարիլը քրէականացնող «ՀայաՔվե» նախաձեռնութեան ստորագրահաւաքը

29 յունիսին, Երեւանի մէջ մեկնակը տրուեցաւ «Հայաքվե» նախաձեռնութեան ստորագրահաւաքին։ Յաջորդող օրերուն ստորագրահաւաքը սկսաւ նաեւ մարզերուն մէջ։ «Հայաքվե»-ն օրէնսդրական նախաձեռնութիւն է, որով օրէնքի փոփոխութեան պահանջք կը դնէ՝ խիստ պատիժ նախատեսելով Արցախի ինքնորոշումէն հրաժարելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան նշանակութիւնը նսեմացնելու համար: Կերդրոնական ընտրական յանձնաժողովի սահմանած 60-օրեայ ժամկէտին մէջ` 19 յունիսէն մինչեւ 19 օգոստոս, պէտք է հաւաքուի 50 000 ստորագրութիւն, որպէսզի օրէնսդրական փոփոխութեան պահանջը ներկայացուի Ազգային ժողով:

«ՀայաՔվե» նախաձեռնութիւնը իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ «ՀայաՔվե»-ն սովորական ստորագրահաւաք չէ: Ան պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող օրէնսդրական նախաձեռնութիւն է, որուն նպատակը Արցախի յանձնումը քրէականացնելն է, եւ օրէնքի ուժով զայն արգելափակելը»:

«Հայաքվե»-ին  կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն բարձր ՀՀ քաղաքացիները։